Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

JW.ORG ԿԱՅՔԸ

Յաճախ ուղղուած հարցումներ. JW.ORG

Յաճախ ուղղուած հարցումներ. JW.ORG

Արդի զննարկիչներուն մեծամասնութիւնը, ինչպէս՝ Chrome, Edge, Firefox եւ Safari, կ’աշխատի Android, iOS, Mac եւ Windows–ի հետ։ Նաեւ, համակարգի զննարկիչներուն մեծամասնութիւնը կ’աշխատի Android 5.1 եւ աւելի նոր տարբերակներուն հետ։

jw.org կայքը ապահով ու վստահելի պահելու համար, թերեւս չշարունակենք աշխատցնել կարգ մը հին գործավար համակարգեր (operating systems) եւ զննարկիչներ։ Օրինակ, այլեւս չենք աշխատցներ Internet Explorer։ Ատեն–ատեն, հարկ կ’ըլլայ որ կայքը գործածելու նուազագոյն պահանջները աւելցնենք։ Եթէ կայքը գործածելու համար խնդիրներ ունենաս, փորձէ այժմէականացնել զննարկիչդ եւ սարքիդ գործավար համակարգը, անոնց ամենավերջին տարբերակը գործածելով։ Եթէ արդէն ունիս զննարկիչ մը, որ չ’աշխատիր, փորձէ տեղադրել ու գործածել արդի զննարկիչ մը։

 

JW.ORG–ին ծանօթ եղող բարեկամ մը կրնայ քեզի օգնել։ Հակառակ պարագային մեր ամենամօտ գրասենեակին հետ կապ պահէ։