Անցնիլ բովանդակութեան

Գաղտնապահութեան քաղաքականութիւն

Գաղտնապահութեան քաղաքականութիւն

ԿԱՐԵՒՈՐ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆ։ ՄԵՐ ԿԱՅՔԸ ԳՈՐԾԱԾԵԼՈՎ ԵՒ/ԿԱՄ ՄԵԶԻ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ ՏԱԼՈՎ ԴՈՒՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԾ Կ’ԸԼԼԱՍ, ՈՐ ՄՈՒՏՔԱԳՐԱԾ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐԴ ԳՈՐԾԱԾԵՆՔ ԱՅՆ ԿԵՐՊՈՎ ԵՒ ԱՅՆ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ, ՈՐՈՆՔ ՆՇՈՒԱԾ ԵՆ ԳԱՂՏՆԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ԱՅՍ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԵՒ ՈՐՈՆՔ ՀԱՄԱՁԱՅՆ ԵՆ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՕՐԷՆՔՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԿԱՆՈՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ։

 ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐԴ ԿԸ ՅԱՐԳԵՆՔ

Մենք անձնական տուեալներուդ տէր կ’ըլլանք եւ անոնք կը յարգենք։ Եւ այս քաղաքականութեան հիման վրայ է որ անձնական տուեալներդ քեզմէ կ’առնենք եւ ատոնք մեր կայքին մէջ կը գործածենք։ Երբ մեր կայքը այցելես, մենք քու տուած տեղեկութիւններդ մեր քով կը պահենք։ Մենք գիտակից ենք, որ պէտք է այդ տեղեկութիւններուն տէր ըլլանք եւ քեզի տեղեկացնենք, թէ ատոնք ինչպէ՛ս պիտի գործածենք։ Թերեւս դո՛ւն ուզես մեզի անձնական տուեալներ տալ քու մասիդ։ Հոս գործածուած «անձնական տուեալներ» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ՝ անունիդ, ե–նամակի հասցէիդ, տանդ հասցէին, հեռախօսիկիդ թիւին կամ քեզի վերաբերող տուեալներու։ Կայքին տարբեր բաժինները մտնելու համար պէտք չունիս անձնական տուեալներ գրելու։ «Կայք» բառով ըսել կ’ուզենք jw.org, apps.ps8318.com, ba.ps8318.com, stream.ps8318.com եւ wol.ps8318.com կայքերը։

 ՄՈՒՏՔԱԳՐԱԾ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐԴ ՎԵՐԱՀՍԿԵԼՈՒ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Այս կայքը կը պատկանի Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ թերթիկի ընկերութեան («Դիտարան»)։ Անիկա ոչ–շահաբեր ընկերութիւն մըն է, որ թիկունք կը կանգնի Եհովայի վկաներուն գործունէութիւններուն եւ Աստուածաշնչական կրթական աշխատանքին։ Եթէ ուզես կայքին վրայ հաշիւ բանալ, նուիրատուութիւն ընել, այցելութիւն մը խնդրել կամ ընել որեւէ բան որ քեզմէ կը պահանջէ անձնական տուեալներ տալ, դուն «Գաղտնապահութեան քաղաքականութիւն»ին պայմաններուն ենթարկուած կ’ըլլաս, ինչպէս նաեւ համաձայնած կ’ըլլաս որ տուած տուեալներդ պահուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ զետեղուած մեր սպասարկիչներուն (servers) մէջ։ Ասկէ զատ, դուն ընդունած կ’ըլլաս որ տուած տուեալներդ հաւաքուին, գործածուին եւ փոխադրուին «Դիտարանի»ն կողմէ եւ անոր հետ համագործակցող կազմակերպութիւններուն կողմէ, որոնք տարբեր երկիրներու մէջ Եհովայի վկաներուն թիկունք կը կանգնին։ Մեր այս կրօնական կազմակերպութիւնը աշխարհին չորս կողմը կը գործէ տարբեր տեղական հաստատութիւններու միջոցաւ։ Անոնց մէջ պարփակուած են՝ տեղական ժողովքներ, մասնաճիւղեր եւ Եհովայի վկաներու հետ համագործակցող ուրիշ կազմակերպութիւններ։

Մուտքագրած տուեալներուդ վերահսկողութիւնը կախեալ է այն բանէն, թէ կայքին ո՛ր բաժինին մէջ տեղեկութիւն կը մուտքագրես։ Օրինակ, եթէ որոշ երկրի մը մէջ օրինական հաստատութեան մը նուիրատուութիւն կ’ընես, անունդ եւ հասցէդ պիտի տրուին այդ օրինական հաստատութեան։ Ուրիշ օրինակ մը. եթէ այցելութիւն մը կը խնդրես, անունդ եւ հասցէդ պիտի տրուին ապրած երկրիդ մասնաճիւղին եւ Եհովայի վկաներու ժողովքներէն մէկուն։

Եթէ ապրած երկրիդ մէջ տուեալներ պաշտպանելու համար օրէնքներ կան, այդ երկրին օրինական հաստատութեան հասցէն կրնաս գտնել «Տուեալներու պաշտպանութեան հասցէներ» էջին վրայ։

 ՏՈՒԵԱԼՆԵՐԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼ ԵՒ ԳԱՂՏՆԻ ՊԱՀԵԼ

Մեզի համար լուրջ հարց է, որ անձնական տուեալներդ ապահով ըլլան եւ գաղտնի պահուին։ Մենք տուեալներ պահելու այժմէականացուած մեթոտներ կը գործածենք որ տուեալներդ պաշտպանենք՝ անվաւեր մուտքէ, տեղեկութիւնները սխալ կերպով գործածելէ, ուրիշին տալէ, փոխելէ, ջնջելէ կամ պատահաբար կորսնցնելէ։ Անձնական տուեալներդ գործածող անհատներ եւ երրորդ կողմի վաճառորդներ ստիպուած են յարգել տուեալներուդ գաղտնապահութիւնը։ Մենք անձնական տուեալներդ մեր քով կը պահենք այնքան ատեն, որ մեզի պէտք են՝ խնդրանքիդ գոհացում տալու համար կամ օրինական տեղեկագրութեան/վաւերագիրներու վերապահումի պահանջներուն գոհացում տալու համար։

Մենք անձնական տուեալներդ կը պաշտպանենք տեղէ տեղ փոխադրելու ատեն՝ գործածելով քոտ–երով կանոններ, ինչպէս՝ Transport Layer Security (TLS)։ Մենք կը գործածենք համակարգչային սիստեմներ, որոնց մէջ մուտք կը գործեն միայն սահմանափակ թիւով մարդիկ։ Այս համակարգչային սիստեմները կը գործածենք վայրերու մէջ, ուր ֆիզիքական եւ ելեկտրոնային գետնի վրայ քայլեր կ’առնուին, որ մեզի փոխանակած տեղեկութիւններդ ապահով եւ գաղտնի պահուին։ Մենք ապահովութեան բարձր չափանիշներ կը պահենք, որ մարդիկ անօրէն կերպով անձնական տուեալներդ չգործածեն։

 ԵՐԵԽԱՆԵՐ

Եթէ երեխայ ես եւ մեր կայքը կը մտնես, կրնաս անձնական տուեալներդ մուտքագրել միայն ծնողքիդ կամ քեզի հոգ տանողին արտօնութեամբ։ Եթէ ծնող ես կամ երեխային հոգ տանող ես եւ համաձայն ես որ երեխան անձնական տուեալներ մուտքագրէ մեր կայքին մէջ, դուն ընդունած կ’ըլլաս գաղտնապահութեան այս քաղաքականութեան պայմանները։

 ԵՐՐՈՐԴ ԿՈՂՄԵՐ

Կայքին որոշ բաժինները կապեր պիտի ունենան երրորդ կողմերու կայքերուն հետ, որոնք մենք օգտագործած ենք որ մեզի հետ համագործակցելով ծառայութիւններ ընեն (օրինակ՝ առցանց պատճէններ լեցնել)։ Դուն պիտի գիտնաս որ երրորդ կողմի մը կայքը մտած ես, քանի որ էջը տարբեր երեւոյթ պիտի ունենայ եւ զննարկիչիդ (browser) վրայ հասցէն պիտի փոխուի։ Ասկէ զատ, թերեւս երրորդ կողմի մը միջոցով ստանաս ե–նամակներ կամ կարճ հաղորդագրութիւններ՝ առ ի պատասխան այն խնդրանքներուդ, որ կը կատարես այս կայքին միջոցով, որպէսզի առնես տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ տեղեկացումներ, թէ ի՛նչ բաներ նախապէս խնդրած ես գիտնալու համար։ Երբ երրորդ կողմերը կ’ընտրուին, եւ ետքը ժամանակ առ ժամանակ, անոնց գաղտնապահութեան եւ տուեալներու պաշտպանութեան քաղաքականութիւնները կը քննուին, որ հաւաստիացուի թէ անոնք նոյն չափանիշները ունին, որոնք մենք ունինք մեր քաղաքականութեան վերաբերեալ։ Սակայն, այս երրորդ կողմերը կը հայթայթեն էփեր ու ծառայութիւններ, որոնց ծրագրաշարը, օգտագործման պայմանները, գաղտնիութիւնը եւ ընդհանուր վիճակը չենք կրնար հակակշռի տակ առնել։ Այս պատճառով, այդ էփերը ու ծառայութիւնները գործածելդ այս կայքին մէջ, երրորդ կողմին դրած ընթացիկ օգտագործման պայմաններուն ու ընդհանուր վիճակին ենթակայ է։ Մենք տեղեակ չենք ըլլար այժմէականացումէն, ուստի հաճիս երրորդ կողմի պայմանները աչքէ անցուր նախքան անոր ծառայութիւնը գործածելդ։ Եթէ երրորդ կողմի քաղաքականութիւններուն վերաբերեալ հարցումներ ունիս, հաճիս անոնց կայքի քաղաքականութիւնը կարդա՛։

Google Maps–ի ծառայութիւնները գործածելդ այս կայքին մէջ, Google–ի ընթացիկ գաղտնիութեան ենթակայ է։ Google–ը երրորդ կողմի վաճառորդ է, որուն էփերը, ծրագրաշարը եւ օգտագործման պայմանները չենք կրնար հակակշռի տակ առնել։ Այս պատճառով, Google Maps–ի ծառայութիւնները գործածելդ այս կայքին մէջ, ընթացիկ Google Maps/Google Earth Additional Terms of Service–ի ենթակայ է։ Մենք տեղեակ չենք ըլլար այժմէականացումէն, ուստի հաճիս պայմանները աչքէ անցուր նախքան Google Maps–ի ծառայութիւնները գործածելը։ Մի՛ գործածեր Google Maps–ի ծառայութիւնները, եթէ պայմանները չես ընդունիր։

 ԱՅՍ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐՆԱՅ ՓՈԽՈՒԻԼ

Մենք jw.org կայքը միշտ կը բարելաւենք, աւելի գործնական կը դարձնենք եւ նոր երեսակներ կ’աւելցնենք, ինչպէս նաեւ մեր ծառայութիւնները կը բարելաւենք եւ կ’աւելցնենք։ Քանի՛ որ այս բոլոր փոփոխութիւնները միշտ կ’ըլլան եւ քանի՛ որ օրէնքն ու արուեստագիտութիւնը միշտ փոփոխութեան մէջ են, տուեալները յանձն առնելու մեր կերպը ատեն–ատեն փոփոխութեան պիտի ենթարկենք։ Եթէ մեր գաղտնապահութեան քաղաքականութիւնը փոխելու հարկ ըլլայ, փոփոխութիւնները պիտի նշենք այս էջին վրայ, որպէսզի միշտ տեղեակ ըլլաս թէ ի՛նչ տեղեկութիւններ կը հաւաքենք ու ինչպէ՛ս զանոնք կը գործածենք։

 ԳՈՐԾՕՆ ԾՐԱԳՐԱՒՈՐՈՒՄ ԿԱՄ JAVASCRIPT

Ծրագրաւորում կը գործածուի, որ կայքը աւելի լաւ կերպով գործէ. օրինակ՝ ծրագրաւորումի միջոցաւ կայքը քեզի աւելի արագօրէն տեղեկութիւններ կը ներկայացնէ։ Կայքը բնաւ ծրագրաւորում չի գործածեր համակարգիչիդ մէջ ծրագրակազմ տեղադրելու կամ առանց արտօնութեանդ քու մասիդ տեղեկութիւններ հաւաքելու համար։

Գործօն ծրագրաւորման կամ JavaScript–ին հնարաւորութիւն պէտք է տրուի զննարկիչին մէջ գործելու, որպէսզի կայքին կարգ մը մասերը ճշգրտօրէն աշխատին։ Զննարկիչներուն մեծամասնութիւնը կրնայ մասնայատուկ կայքերու համար այս յատկութիւնը թոյլատրել կամ դադրեցնել։ Հաճիս աչքէ անցուր զննարկիչիդ «Օգնութիւն» բաժինը, որպէսզի գիտնաս ինչպէ՛ս այս մէկը ընել որոշ կայքերու պարագային։