ԵՍԱՅԵԱՅ 55։1-13

55  «Ո՛վ ծարաւցածներ, ջուրերուն եկէ՛քԵւ ստակ չունեցողնե՛ր, եկէ՛ք, ծախու առէ՛ք ու կերէ՛ք.Եկէ՛ք, առանց ստակի եւ ձրիԳինի ու կաթ ծախու առէք։   Ինչո՞ւ ձեր ստակը կը վատնէք ոչ թէ հացի համարԵւ ձեր վաստակը՝ այնպիսի բանի համար, որ չի կշտացներ.Ուշադրութեամբ ինծի մտիկ ըրէ՛ք, որպէս զի բարիքներ ուտէքՈւ ձեր հոգին պարարտութեամբ զուարճանայ։   Ձեր ականջը խոնարհեցուցէք ու ինծի եկէ՛ք.Մտիկ ըրէ՛ք ու ձեր հոգին պիտի ապրի։Ձեզի հետ յաւիտենական ուխտ մը պիտի ընեմ,Դաւիթին մնայուն ողորմութիւնները ձեզի տալով։   Ահա զանիկա ժողովուրդներուն՝ վկայ,Ազգերուն առաջնորդ ու հրամանատար դրի։   Ահա անծանօթ ազգը պիտի կանչեսԵւ քեզ չճանչցող ազգերը քեզի պիտի դիմենՔու Տէր Աստուծոյդ համարՈւ Իսրայէլի Սուրբին համար,Քանզի անիկա քեզ փառաւորեց։   Տէ՛րը փնտռեցէք, քանի որ անիկա կը գտնուի.Զանիկա՛ կանչեցէք, քանի որ անիկա մօտ է։   Թող ամբարիշտը՝ իր ճամբայէնՈւ անօրէն մարդը իր խորհուրդներէն հրաժարիԵւ Տէրոջը դառնայ ու անիկա պիտի ողորմի անորՈւ մեր Աստուծոյն՝ վասն զի անիկա առատապէս կը ներէ։   Քանզի ‘Իմ խորհուրդներս ձեր խորհուրդները չենՈւ իմ ճամբաներս ձեր ճամբաները չեն’, կ’ըսէ Տէրը։   Հապա որչափ երկինք երկրէն բարձր է,Այնչափ իմ ճամբաներս ձեր ճամբաներէն բարձր ենԵւ իմ խորհուրդներս՝ ձեր խորհուրդներէն։ 10  Վասն զի ինչպէս անձրեւն ու ձիւնը երկնքէն կ’իջնեն եւ հոն չեն դառնար,Հապա երկիրը կ’ոռոգեն ու զանիկա պտղաբեր եւ արգասաւոր կ’ընեն,Ցանողին՝ հունտ եւ ուտողին հաց կու տան, 11  Իմ բերնէս ելած խօսքն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։Ինծի պարապ պիտի չդառնայ,Հապա իմ կամքս պիտի կատարէ,Յաջողութեամբ գործադրէ այն բանը, որուն համար զանիկա ղրկեցի։ 12  Քանզի ուրախութեամբ պիտի ելլէքՈւ խաղաղութեամբ պիտի առաջնորդուիք։Լեռներն ու բլուրները ձեր առջեւէն ցնծութեամբ պիտի աղաղակենԵւ դաշտերուն բոլոր ծառերը ծափ պիտի զարնեն։ 13  Թուփին տեղ մայրիՈւ դժնիկին տեղ մրտենի պիտի բուսնի։Ասիկա Տէրոջը անուանը փառքին համարԱնջինջ ու յաւիտենական նշան մը պիտի ըլլայ»։

Ստորանիշներ