ՅՈԲԱՅ 38։1-41

38  Այն ատեն Եհովա փոթորիկին մէջէն պատասխան տալով Յոբին՝ ըսաւ.   «Ո՞վ է ատիկա, որ անիմաստ խօսքերովԽորհուրդը կը նսեմացնէ։   Հիմա կտրիճի պէս մէջքդ պնդէ՛.Քեզի հարցնեմ եւ քու գիտցածդ ինծի իմացո՛ւր։   Ո՞ւր էիր դուն՝ երբ ես երկրին հիմերը կը դնէի.Ըսէ՛ ինծի՝ եթէ իմաստութիւն ունիս։   Եթէ գիտես՝ ըսէ՛ ո՞վ դրաւ անոր չափերը,Կամ թէ անոր վրայ լարը ո՞վ քաշեց։   Անոր հիմերը ինչի՞ վրայ հաստատուած են,Կամ թէ անոր անկիւնին քարը ո՞վ դրաւ,   Երբ առաւօտեան աստղերը մէկտեղ փառաբանութիւն կ’ընէինՈւ երբ Աստուծոյ բոլոր որդիները ցնծութեամբ կ’աղաղակէին։   Նաեւ ծովը՝ որովայնէն յարձակելով ելած ժամանակը՝Ո՞վ գոցեց զանիկա դռներով,   Երբ ամպը անոր հանդերձ դրիՈւ մէգը՝ խանձարուր 10  Եւ անոր վրայ իմ հրամաններս հաստատելով՝Անոր փականք ու դռներ դրի 11  Ու ըսի անոր. ‘Մինչեւ հոս եկուր ու անդին մի՛ անցնիրԵւ քու ալիքներուդ հպարտութիւնը հոս թող դադարի’։ 12  Կեանքիդ մէջ երբեք առաւօտեան հրաման ըրի՞ր,Արշալոյսին իր ծագելու տեղը ցուցուցի՞ր, 13  Որպէս զի երկրի ծայրերը բռնէՈւ չարագործները անկէ թօթուուին։ 14  Երկիր նոր ձեւ մը կ’առնէ կնքուած կաւի պէսԵւ ամէն բան հանդերձով զարդարուածի* պէս կ’երեւնայ։ 15  Սակայն ամբարիշտներէն կ’արգիլուի իրենց լոյսըՈւ բարձրացած բազուկը կը խորտակուի։ 16  Ծովուն աղբիւրները մտե՞ր եսՈւ անդունդին ծածուկ տեղերը պտըտե՞ր ես։ 17  Մահուան դռները յայտնուեցա՞ն քեզիՈւ մահուան շուքին դռները տեսա՞ր։ 18  Երկրի լայնութեանը խելքդ հասա՞ւ։Եթէ ամէնը գիտես՝ ըսէ՛։ 19  Լոյսին բնակարանը* ո՞ւր էՈւ խաւարին տեղը ո՞ւր է, 20  Որ զանիկա առնես իր սահմանը տանիսՈւ անոր տանը ճամբաները իմանաս։ 21  Դուն այն ատեն ծնած ըլլալո՞ւդ համարՈւ քու օրերուդ համրանքին շատ ըլլալո՞ւն համար գիտես։ 22  Ձիւնին շտեմարանները մտե՞ր եսՈւ կարկուտին գանձերը տեսե՞ր ես, 23  Որոնք ես կը պահեմ նեղութեան ժամանակիՈւ կռիւի եւ պատերազմի օրերուն համար։ 24  Ի՞նչ ճամբով լոյսը կը բաժնուիԵւ ի՞նչպէս արեւելեան հովը երկրի վրայ կը տարածուի։ 25  Հեղեղներուն համար՝ անցքՈւ որոտումներուն փայլակին համար ճամբայ ո՞վ բացաւ, 26  Որպէս զի անձրեւ տայ այն երկրին, ուր մարդ չկայ,Անապատին՝ ուր մէ՛կը չի բնակիր, 27  Որպէս զի անապատներն ու անշէն տեղերը կշտացնէՈւ կանանչ խոտ բուսցնէ։ 28  Անձրեւը հայր ունի՞,Կամ թէ ո՞վ ծնաւ ցօղին կաթիլները։ 29  Սառը որո՞ւն արգանդէն կ’ելլէՈւ ո՞վ ծնաւ երկնքի եղեամը։ 30  Ջուրերը քարի պէս կ’ըլլան, կը պահուինՈւ անդունդին երեսը կը սառի*։ 31  Բազմաստեղին կապերը* կրնա՞ս կապել.Կամ թէ Հայկին կապերը կրնա՞ս քակել։ 32  Մազարօթը* ժամանակին կրնա՞ս հանելՈւ Արջին եւ իր զաւակներուն առաջնորդել։ 33  Երկնքի կանոնները գիտե՞ս,Անոր իշխանութիւնը երկրի վրայ կրնա՞ս դնել։ 34  Ձայնդ ամպերուն կրնա՞ս հասցնել,Որպէս զի ջուրերուն շատութիւնը քեզ ծածկէ։ 35  Կայծակները կրնա՞ս ղրկել, որպէս զի երթանՈւ քեզի ‘Ահա պատրաստ ենք’, ըսեն։ 36  Երիկամունքներուն մէջ ո՞վ իմաստութիւն դրաւ,Կամ մտքին ո՞վ հանճար տուաւ։ 37  Ո՞վ կրնայ իմաստութիւնով ամպերը համրելՈւ երկնքի տիկերը պառկեցնել*, 38  Երբ փոշին թրջուելով զանգուած մը ըլլայՀողին կոշտերը իրարու կը փակչին։ 39  Առիւծին համար կերակուր կրնա՞ս որսալ։Անօթի կորիւնները կրնա՞ս կշտացնել, 40  Երբ անոնք իրենց քարայրներուն մէջ կը կծկտինՈւ դարանի համար որջերուն մէջ կը կենան։ 41  Ո՞վ կը պատրաստէ ագռաւին իր որսը,Երբ անոր ձագերը Աստուծոյ կ’աղաղակենԵւ ուտելիք չունենալնուն համար կը թափառին։

Ստորանիշներ

38։14 Եբր., հագուածի
38։19 Եբր., բնակած ճամբան
38։30 Եբր., կը բռնուի
38։31 Կամ, զուարճութիւնները
38։32 Կամ, Տասներկու կենդանակերպները
38։37 Կամ, թափել տալ