Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչո՞ւ Յիսուսին անունով աղօթել

Ինչո՞ւ Յիսուսին անունով աղօթել

Ինչո՞ւ Յիսուսին անունով աղօթել

ՅԻՍՈՒՍ շատ անգամ աղօթքի մասին սորվեցուց։ Իր օրերուն, հրեայ կրօնական առաջնորդները «հրապարակներուն անկիւնները» կ’աղօթէին։ Ինչո՞ւ։ «Որպէս զի մարդոց երեւնան»։ Յստակ է որ անոնք կ’ուզէին յարգուիլ՝ իրենց աստուածվախութեան համար։ Շատեր երկար կ’աղօթէին կամ կրկնուած աղօթքներ կ’ընէին Աստուծոյ, կարծելով որ «իրենց շատ խօսելուն համար պիտի լսուին» (Մատթէոս 6։5-8)։ Յիսուս ցոյց տուաւ որ այդ կերպերով աղօթելը անօգուտ է, եւ այսպիսով օգնեց անկեղծ անհատներուն որ ի՛նչ բանէ խուսափին աղօթելու ժամանակ։ Բայց ան միայն չի սորվեցուց ինչպէ՛ս պէտք չէ աղօթել։

Յիսուս սորվեցուց որ մեր աղօթքները պէտք է ցոյց տան, որ մենք կը փափաքինք տեսնել թէ Աստուծոյ անունը կը սրբացուի եւ թէ կ’ուզենք որ իր Թագաւորութիւնը գայ եւ իր կամքը կատարուի։ Յիսուս նաեւ ցոյց տուաւ որ կրնանք Աստուծոյ աղօթել բաներու մասին՝ որոնք մեր անձնական կեանքին կ’ազդեն (Մատթէոս 6։9-13. Ղուկաս 11։2-4)։ Առակներով, Յիսուս ցոյց տուաւ որ եթէ կ’ուզենք որ մեր աղօթքները լսուին, պէտք է շարունակ աղօթենք, հաւատք ունենանք եւ խոնարհ ըլլանք (Ղուկաս 11։5-13. 18։1-14)։ Ասկէ զատ, ան իր օրինակով ալ շատ բան սորվեցուց (Մատթէոս 14։23. Մարկոս 1։35

Վստահաբար այս բոլորը Յիսուսին աշակերտներուն օգնեցին որ իրենց աղօթքները բարելաւեն։ Բայց Յիսուս սպասեց մինչեւ իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը, որ իր աշակերտներուն ամէնէն կարեւոր դասը սորվեցնէ աղօթքի նկատմամբ։

«Մեծ փոփոխութիւն աղօթքի պատմութեան մէջ»

Յիսուս երկրի վրայ իր վերջին գիշերը մեծաւ մասամբ անցուց հաւատարիմ առաքեալները քաջալերելով։ Ատիկա յարմար ժամանակն էր անոնց նոր բան մը սորվեցնելու։ Յիսուս ըսաւ. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինձմով»։ Ետքը, անոնց այս քաջալերական խոստումը տուաւ. «Իմ անունովս ի՛նչ որ խնդրէք, պիտի կատարեմ զանիկա, որպէս զի Հայրը Որդիովը փառաւորուի։ Եթէ իմ անունովս բան մը խնդրէք, զանիկա պիտի կատարեմ»։ Յետոյ իր խօսակցութեան վերաջաւորութեան ան ըսաւ. «Մինչեւ հիմա իմ անունովս բա՛ն մը չխնդրեցիք։ Խնդրեցէք ու պիտի առնէք, որպէս զի ձեր ուրախութիւնը լման ըլլայ» (Յովհաննէս 14։6, 13, 14. 16։24

Յիսուսին այս խօսքերը մեծ կարեւորութիւն ունէին։ Աստուածաշնչական բառարան մը ասոր նկատմամբ կ’ըսէ որ ատիկա «աղօթքի պատմութեան մէջ մեծ փոփոխութիւն էր»։ Յիսուս ըսել չուզեց որ պէտք էր Աստուծոյ տեղ իրեն աղօթել։ Հապա, ան Եհովա Աստուծոյ մօտենալու նոր կերպ ներկայացուց։

Աստուած իր հաւատարիմ ծառաներուն աղօթքները միշտ մտիկ ըրած էր (Ա. Թագաւորաց 1։9-19. Սաղմոս 65։2)։ Բայց երբ Աստուած իսրայէլ ազգին հետ Օրէնքի ուխտը ըրաւ, պէտք էր որ անոնք՝ որոնք կ’ուզէին որ իրենց աղօթքները լսուին, ընդունէին որ իսրայէլ ազգը Աստուծոյ ընտրեալ ազգն է։ Եւ յետագային, Սողոմոնին օրերէն սկսեալ, անոնք պէտք էր ընդունէին որ տաճարը զոհեր մատուցանելու Աստուծոյ ընտրած վայրն է (Բ. Օրինաց 9։29. Բ. Մնացորդաց 6։32, 33)։ Բայց Աստուած պաշտելու այս կերպը ժամանակաւոր էր։ Ինչպէս որ Պօղոս առաքեալ գրեց, իսրայէլ ազգին տրուած Օրէնքը եւ տաճարին մէջ մատուցուած զոհերը «գալիք բարիքներուն շուքն [էին], ոչ թէ անոնց բուն կերպարանքը» (Եբրայեցիս 10։1, 2)։ Շուքը պէտք էր իրողութիւնով փոխարինուէր (Կողոսացիս 2։17)։ Ք.Ե. 33–էն ետք, Աստուծոյ բարեկամը ըլլալու համար, մէկը պէտք չունէր մովսիսական Օրէնքին հնազանդելու։ Փոխարէն, ան պէտք էր հնազանդէր Յիսուս Քրիստոսին, որուն մասին Օրէնքը խօսած էր (Յովհաննէս 15։14-16. Գաղատացիս 3։24, 25

«Ամէն անունէ վեր» անուն մը

Յիսուս Եհովա Աստուծոյ մօտենալու հոյակապ կերպ մը ներկայացուց։ Ան ինքզինք նկարագրեց որպէս զօրաւոր իշխանութիւն ունեցող բարեկամ մը, որ մեր աղօթքներուն առջեւ ճամբան կը բանայ որ ատոնք Աստուծոյ կողմէ լսուին եւ պատասխանուին։ Ինչպէ՞ս։

Քանի՛ որ բոլորս մեղաւոր ծնած ենք, ի՛նչ ալ ընենք կամ ի՛նչ զոհեր ալ որ մատուցանենք, չենք կրնար մենք մեզ ազատել մեղքէն, ոչ ալ իրաւասութիւն ունինք որ փոխյարաբերութիւն ունենանք մեր սուրբ Աստուծոյ՝ Եհովային հետ (Հռովմայեցիս 3։20, 24. Եբրայեցիս 1։3, 4)։ Բայց Յիսուս իր կատարեալ մարդկային կեանքը զոհեց եւ մեղքին գինը վճարեց, որ մարդիկ կարենան Աստուծոյ հետ հաշտուիլ (Հռովմայեցիս 5։12, 18, 19)։ Հիմա, անոնք՝ որոնք կ’ուզեն որ իրենց մեղքերը ջնջուին, առիթ ունին որ Եհովային առջեւ մաքուր կեցուածք ունենան եւ «խօսելու ազատութիւն» վայելեն։ Բայց ասիկա կարելի է միա՛յն՝ եթէ անոնք Յիսուսին ըրած զոհին հաւատան եւ անո՛ր անունով Աստուծոյ աղօթեն (Եփեսացիս 3։11, 12, ՆԱ

Երբ Յիսուսին անունով աղօթենք, ցոյց կու տանք որ կը հաւատանք թէ ան առնուազն երեք դեր կը խաղայ՝ Աստուծոյ նպատակը կատարելու մէջ. 1) ան «Աստուծոյ Գառ»ն է, որուն զոհին շնորհիւ մեր մեղքերը կը ներուին։ 2) Եհովա Աստուած իրեն յարութիւն տալէն ետք, հիմա ան կը ծառայէ որպէս «քահանայապետ» եւ վստահ կ’ըլլայ որ ամէն մարդ կրնայ օգտուիլ իր ըրած զոհէն։ 3) Միայն ինքն է «ճամբան», որուն միջոցաւ կրնանք Եհովային աղօթել (Յովհաննէս 1։29. 14։6. Եբրայեցիս 4։14, 15

Յիսուսին անունով աղօթելը Յիսուսը կը պատուէ։ Այս տեսակ պատիւ յարմար է, քանի որ Եհովային կամքն է որ բոլորը «Յիսուսին անունին ծնրադրեն» եւ «ամէն լեզու դաւանի թէ՝ Յիսուս Քրիստոս Տէր է՝ Հօր Աստուծոյ փառքին համար» (Փիլիպպեցիս 2։10, 11)։ Բայց ամէնէն կարեւորը, Յիսուսին անունով աղօթելը կը փառաբանէ Եհովան, որ իր Որդին զոհեց մեզի համար (Յովհաննէս 3։16

Յիսուսին մեծ դերը հասկնալու համար, Աստուածաշունչը իրեն տարբեր տիտղոսներ եւ անուններ կու տայ՝ զինք նկարագրելու ժամանակ։ Ասոնք մեզի կ’օգնեն ըմբռնելու այն շատ մը օգուտները, որոնք կը վայելենք՝ այն բոլոր բաներուն շնորհիւ, որոնք Յիսուս մեզի համար ըրաւ, կ’ընէ, եւ պիտի ընէ ապագային (տե՛ս « Յիսուսին կարեւոր դերը» շրջանակը)։ Իրապէս, Յիսուսին տրուեցաւ անուն մը՝ «որ ամէն անունէ վեր է» *։ Ասկէ զատ, անոր տրուեցաւ ամէն իշխանութիւն՝ երկնքի ու երկրի մէջ (Փիլիպպեցիս 2։9. Մատթէոս 28։18

Պարզապէս սովորութիւն պէտք չէ ըլլայ

Այո՛, պէտք է Յիսուսին անունով աղօթենք, որպէսզի մեր աղօթքները լսուին (Յովհաննէս 14։13, 14)։ Բայց մենք չենք ուզեր որ «Յիսուսին անունով» արտայայտութիւնը պարզապէս սովորութիւն դառնայ։ Ինչո՞ւ։

Բացատրենք օրինակով մը։ Երբ առեւտրականէ մը նամակ ստանաս, ատոր վերջաւորութեան թերեւս գտնես սովորական «Յարգանքներս» բառը, անոր ստորագրութենէն առաջ։ Այդ բառը քեզի բան մը կը յայտնէ՞ առեւտրականին անկեղծ զգացումներուն մասին, թէ ոչ դուն քեզի կ’ըսես որ ան պարզապէս կը հետեւի պաշտօնական նամակներ գրելու ընդունելի ձեւին։ Իրապէս, Յիսուսին անունին գործածութիւնը մեր աղօթքներուն մէջ, կարեւոր նշանակութիւն պէտք է ունենայ եւ ոչ թէ նմանի պաշտօնական նամակի մը եզրակացութեան։ Ճիշդ է որ մենք պէտք է ‘անդադար աղօթք ընենք’, բայց ատիկա պէտք է ըլլայ «բոլոր սրտով», եւ ոչ թէ մեքենայաբար (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17. Սաղմոս 119։145

Ի՞նչ կրնաս ընել որ երբ աղօթքիդ մէջ ըսես «Յիսուսին անունով», ատիկա մեքենայաբար չ’ելլէ հետդ։ Կրնաս Յիսուսին գեղեցիկ յատկութիւններուն վրայ խոկալ եւ մտածել որ ան արդէն ի՛նչ ըրած է քեզի համար եւ դեռ ինչե՜ր կ’ուզէ ընել։ Աղօթքով Եհովային շնորհակալութիւն յայտնէ եւ զինք փառաբանէ՝ իր Որդիին հոյակապ դեր տալուն համար։ Երբ այսպէս ընես, աւելի՛ վստահութիւն պիտի ունենաս Յիսուսին այս խոստումին հանդէպ. «Իմ անունովս ի՛նչ որ խնդրէք Հօրմէն, պիտի տայ ձեզի» (Յովհաննէս 16։23

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 14 Ըստ Աստուածաշնչական բառարանի մը, «անուն» թարգմանուած յունարէն բառը կրնայ նշանակել «ամէն բան որ անունը իր մէջ կը պարփակէ. այսինքն՝ իշխանութիւն, անձնաւորութիւն, դիրք, վեհութիւն, զօրութիւն եւ գերազանցութիւն» (Vine’s Expository Dictionary of New Testament Words

[Մէջբերում]

Պէտք է «բոլոր սրտով» աղօթենք, եւ ոչ թէ մեքենայաբար

[Շրջանակ]

 ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԵՐԸ

Յիսուսին կարեւոր դերը աւելի լաւ հասկնալու համար, նկատի առ կարգ մը տիտղոսներ, նկարագրութիւններ եւ անուններ, որոնք իրեն կը կիրարկուին։

Ամէնը (Բ. Կորնթացիս 1։19, 20. Յայտնութիւն 3։14

Առաքեալ (Եբրայեցիս 3։1

Աստուծոյ Գառը (Յովհաննէս 1։29

Աստուծոյ Որդին (Յովհաննէս 1։34

Բանը (Յովհաննէս 1։1

Բարի հովիւ (Յովհաննէս 10։11

Դատաւոր (Գործք 10։42

Եկեղեցիին (այսինքն՝ ժողովքին) գլուխը (Եփեսացիս 5։23

Էմմանուէլ (Մատթէոս 1։23

Թագաւոր (Յայտնութիւն 11։15

Խաղաղութեան Իշխան (Եսայի 9։6

Կենաց առաջնորդ (Գործք 3։15

Հաւատարիմ վկայ (Յայտնութիւն 1։5

Հզօր Աստուած (Եսայի 9։6

Միջնորդ (Ա. Տիմոթէոս 2։5

Միքայէլ հրեշտակապետ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։15. Յուդա 9

Յաւիտենականութեան Հայր (Եսայի 9։6

Որդին մարդոյ (Մատթէոս 8։20

Սքանչելի Խորհրդակից (Եսայի 9։6

Վարդապետ (Յովհաննէս 13։13

Վերջին Ադամը (Ա. Կորնթացիս 15։45

Տէր (Յովհաննէս 13։13

Փրկիչ (Ղուկաս 2։11

Քահանայապետ (Եբրայեցիս 4։14, 15

Քրիստոս/Մեսիա (Մատթէոս 16։16. Յովհաննէս 1։41