Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԱՍ ՉՈՐՍ

Յանցաւորութեան զգացում. «Իմ մեղքէս զիս սրբէ»

Յանցաւորութեան զգացում. «Իմ մեղքէս զիս սրբէ»

«Նոր գործս ընտանիքիս կենսամակարդակը բարելաւեց, բայց նաեւ զիս առաջնորդեց Եհովան տհաճեցնող բաներու։ Սկսայ տօներու եւ քաղաքական բնոյթ ունեցող առիթներու մասնակցիլ եւ նոյնիսկ եկեղեցի երթալ։ Անգործունեայ Եհովայի վկայ մը դարձայ եւ այդպէս մնացի 40 տարի։ Որքա՛ն ժամանակը կ’անցնէր, այնքա՛ն կը համոզուէի թէ անկարելի է որ Եհովան ինծի ներէ։ Զգացի թէ ես ինծի չեմ կրնար ներել, քանի որ սխալ ճամբայ բռնելէ առաջ գիտէի ճշմարտութիւնը» (Մարթա)։

ՅԱՆՑԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ զգացումը կրնայ ճնշիչ բեռ ըլլալ։ Դաւիթ թագաւոր գրեց. «Անօրէնութիւններս գլխէս վեր բարձրացան, ծանր բեռի պէս իմ վրաս ծանրացան» (Սաղմոս 38։4)։ Քրիստոնեաներէն ոմանք չափազանց տրտմութեան մէջ ընկղմած են, քանի որ համոզուած են թէ Եհովան բնա՛ւ իրենց պիտի չներէ (Բ. Կորնթացիս 2։7)։ Այդպէս մտածելը ճի՞շդ է։ Նոյնիսկ եթէ լուրջ մեղքեր գործած ես, ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Եհովայէն ա՛յն աստիճան հեռացած ես, որ ան բնա՛ւ քեզի պիտի չներէ։ Անշուշտ ոչ։

«Եկէք հարցերը պարզենք»

Եհովան չի լքեր զղջացող մեղաւորները։ Ընդհակառակը, ան իր ձեռքը կ’երկարէ՝ անոնց օգնելու նպատակով։ Անառակ որդիին առակին մէջ, Յիսուս Եհովան համեմատեց սիրալիր հօր մը հետ, որուն տղան ընտանիքը կը լքէ եւ կը սկսի անառակ կեանք վարել։ Սակայն ժամանակ մը ետք, ան կ’որոշէ տուն վերադառնալ։ Կը կարդանք. «Մինչդեռ [որդին] շատ հեռու էր, հայրը տեսաւ զանիկա ու գութը շարժեցաւ եւ վազելով՝ անոր պարանոցին վրայ ինկաւ ու համբուրեց զանիկա» (Ղուկաս 15։11-20)։ Թերեւս կ’ուզես Եհովային մօտենալ, բայց կը զգաս թէ տակաւին իրմէ «շատ հեռու» ես։ Յիսուսի առակին մէջ նշուած հօր նման, Եհովան կը կարեկցի քեզի։ Ան կը տենչայ որ իրեն վերադառնաս։

Բայց կը զգա՞ս թէ մեղքերդ շա՛տ լուրջ են կամ ա՛յնքան շատ՝ որ Եհովան անկարելի է որ ներէ քեզի։ Հաճիս նկատի առ թէ Եսայի 1։18–ին մէջ Եհովան ի՛նչ հրաւէր կու տայ։ Հոն կը կարդանք. «Հիմա եկէք վիճաբանինք [«հարցերը պարզենք», ՆԱ], կ’ըսէ Տէրը. եթէ ձեր մեղքերը կրկնակի կարմիրի պէս են, ձիւնի պէս պիտի ճերմկնան եւ եթէ որդան կարմիրի նման են, ասրի պէս ճերմակ պիտի ըլլան»։ Արդարեւ, Եհովան նոյնիսկ կը ներէ ա՛յն մեղքերը, որոնք սպիտակ հագուստի վրայ թափուած կարմիր ներկի պէս անջնջելի են։

Եհովան չ’ուզեր որ խղճահարութենէ տառապիս։ Լաւ ինչպէ՞ս կրնաս վայելել այն հանգստութիւնը, որ յառաջ կու գայ Եհովայի ներումը ստանալէն եւ մաքուր խղճմտանք ձեռք ձգելէն։ Նկատի առ թէ Դաւիթ թագաւոր ի՛նչ երկու քայլեր առաւ։ Նախ, ան ըսաւ. «Տէրոջը պիտի խոստովանիմ յանցանքներս» (Սաղմոս 32։5)։ Յիշէ, թէ Եհովան արդէն քեզի հրաւիրած է աղօթքով իրեն մօտենալու եւ իրեն հետ ‘հարցերը պարզելու’։ Ընդունէ՛ այդ հրաւէրը։ Մեղքերդ Եհովային խոստովանէ եւ զգացումներդ իրեն յայտնէ։ Փորձառաբար Դաւիթ կրցաւ վստահութեամբ աղօթել. «Իմ մեղքէս զիս սրբէ։ . . .Կոտրած ու խոնարհ սիրտը, ո՛վ Աստուած, դուն չես անարգեր» (Սաղմոս 51։2, 17

Երկրորդ, Դաւիթ ընդունեց Աստուծոյ ներկայացուցիչին՝ Նաթան մարգարէին օգնութիւնը (Բ. Թագաւորաց 12։13)։ Ներկայիս, Եհովան ժողովքներուն տուած է երէցներ, որոնք մարզուած են օգնելու զղջացող մեղաւորներուն, որ դարձեալ իր բարեկամները դառնան։ Երբ երէցներուն խօսիս խնդիրներուդ մասին, անոնք Աստուծոյ Խօսքով եւ սրտաբուխ աղօթքներով սիրտդ պիտի ամոքեն, ժխտական զգացումներդ թեթեւցնեն կամ վանեն եւ օգնեն որ հոգեւորապէս ապաքինիս (Յակոբոս 5։14-16

Եհովան կ’ուզէ որ մաքուր խղճմտանք ունենաս եւ ներքին խաղաղութիւն վայելես

«Երանի՜ անոր, որուն յանցանքներուն թողութիւն եղաւ»

Թերեւս քեզի համար շատ դժուար ըլլայ մեղքերդ Եհովա Աստուծոյ խոստովանիլը եւ երէցներուն մօտենալը։ Այնպէս կը թուի թէ Դաւիթն ալ այդպէս կը զգար։ Իր մեղքերուն առնչութեամբ ան ժամանակ մը ‘լուռ կեցաւ’ (Սաղմոս 32։3, ԱԾ)։ Ետքը սակայն, ան հասկցաւ որ աւելի լաւ է իր մեղքերը խոստովանիլ եւ իր ընթացքը սրբագրել։

Դաւիթի ձեռք ձգած ամենամեծ օգուտը իր ուրախութիւնը վերագտնելն էր։ Ան գրեց. «Երանի՜ անոր, որուն յանցանքներուն թողութիւն եղաւ ու անոր մեղքերը ծածկուեցան» (Սաղմոս 32։1)։ Ան նաեւ աղօթեց. «Ո՛վ Տէր, իմ շրթունքներս բա՛ց ու բերանս պիտի պատմէ քու գովութիւնդ» (Սաղմոս 51։15)։ Դաւիթ զինք տանջող զգացումներէն հանգստանալով եւ Եհովայի ներումին երախտապարտ գտնուելով՝ մղուեցաւ Եհովայի մասին ուրիշներուն խօսելու։

Եհովան կ’ուզէ որ մաքուր խղճմտանք ունենաս եւ ներքին խաղաղութիւն վայելես։ Ան նաեւ կ’ուզէ որ ուրիշներուն խօսիս իր եւ իր նպատակներուն մասին, ոչ թէ յանցապարտութեան զգացումով, այլ՝ անկեղծութեամբ եւ մեծ ուրախութեամբ (Սաղմոս 65։1-4)։ Յիշէ Եհովայի այս հրաւէրը. «Դարձի՛ եկէք, որպէս զի մեղքերնիդ ջնջուի. որպէս զի սփոփանքի ժամանակները գան Տէրոջը երեսէն» (Գործք 3։19, 20

Մարթայի հետ ճիշդ այդպէս եղաւ։ Ան կը պատմէ. «Տղաս ամէն ամիս ինծի Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը կ’ուղարկէր։ Կամաց–կամաց Եհովայի հետ դարձեալ մտերմացայ։ Վերադառնալու ամենադժուար բաժինը Եհովայէն ներողութիւն խնդրելն էր այն բոլոր մեղքերուն համար, որոնք անցեալին գործած էի։ Բայց վերջապէս կրցայ աղօթքով Եհովային մօտենալ եւ իրմէ խնդրել որ ինծի ներէ։ Շատ դժուար է հաւատալ, որ 40 տարի անցաւ մինչեւ Եհովային վերադառնամ։ Ես կենդանի ապացոյց եմ, թէ նոյնիսկ տարինե՜ր ետք անհատ մը կրնայ հնարաւորութիւն ունենալ դարձեալ Աստուծոյ ծառայելու եւ անոր սէրը զգալու»։