Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դաս 5

Մեր քրիստոնէական ժողովներուն մէջ ի՞նչ պիտի վայելես

Մեր քրիստոնէական ժողովներուն մէջ ի՞նչ պիտի վայելես

Արժանթին

Սիերա Լէոնէ

Պելճիքա

Մալէզիա

Շատեր կրօնական ծառայութիւններու ներկայ գտնուելէ դադրած են, քանի որ հոգեւոր առաջնորդութիւն կամ մխիթարութիւն չեն գտներ։ Ուստի, ինչո՞ւ պէտք է ներկայ գտնուիս այն քրիստոնէական ժողովներուն, որոնք Եհովայի վկաները կը կազմակերպեն։ Հոն ի՞նչ պիտի գտնես։

Սիրառատ եւ հոգատար մարդոց մէջ ըլլալու ուրախութիւնը։ Առաջին դարուն, քրիստոնեաները ժողովքներ կազմակերպեցին եւ ժողովներ գումարեցին Աստուած պաշտելու, Սուրբ Գրութիւնները ուսումնասիրելու եւ մէկզմէկ քաջալերելու համար (Եբրայեցիս 10։24, 25)։ Սիրալիր մթնոլորտի մէջ մէկտեղ հաւաքուելով, անոնք զգացին թէ շրջապատուած էին իսկական բարեկամներով,– իրենց հոգեւոր եղբայրները (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։3. Գ. Յովհաննէս 14, 15)։ Մենք անոնց օրինակին կը հետեւինք եւ համանման ուրախութիւն կը վայելենք։

Աստուածաշունչի սկզբունքները ինչպէ՛ս կիրարկել սորվելու օգուտը։ Ինչպէս որ էր պարագան Աստուածաշունչի ժամանակներուն, տղամարդիկ, կիներ եւ երեխաներ մէկտեղ կը հաւաքուին։ Որակեալ ուսուցիչներ Աստուածաշունչը կը գործածեն մեզի օգնելու, որ սորվինք ինչպէ՛ս ատոր սկզբունքները մեր առօրեայ կեանքին մէջ կիրարկել (Բ. Օրինաց 31։12. Նէեմիա 8։8)։ Բոլո՛րը կրնան քննարկութիւններուն եւ երգեցողութեան մասնակցիլ, եւ այսպէս կրնանք մեր քրիստոնէական յոյսը արտայայտել (Եբրայեցիս 10։23

Աստուծոյ հանդէպ հաւատքդ զօրացնելու օրհնութիւնը։ Պօղոս առաքեալ իր օրուան ժողովքներէն մէկուն գրեց. «Կը փափաքիմ ձեզ տեսնել, որ. . . ձեզի հետ ես ալ մխիթարուիմ իմ ու ձեր փոխադարձ հաւատքին միջոցով» (Հռովմայեցիս 1։11, 12)։ Ժողովներու մէջ, կանոնաւորապէս մեր հաւատակիցներուն հետ հաղորդակցիլը կը զօրացնէ մեր հաւատքը եւ քրիստոնէավայել կեանք վարելու մեր վճռականութիւնը։

Ինչո՞ւ չընդունիս մեր յաջորդ ժողովքային հանդիպումին ներկայ գտնուելու հրաւէրը, եւ հոս նշուած բաները անձամբ վայելես։ Դուն ջերմօրէն պիտի ընդունուիս։ Մուտքը ազատ է,– որեւէ հանգանակութիւն չի կատարուիր։

  • Մեր ժողովքային հանդիպումները ո՞ր օրինակին կը հետեւին։

  • Քրիստոնէական ժողովներու ներկայ գտնուիլը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգտէ։