Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 03

Սուրբ Գիրքին կրնա՞ս վստահիլ

Սուրբ Գիրքին կրնա՞ս վստահիլ

Սուրբ Գիրքը շատ բաներ կը խոստանայ եւ շատ խրատներ կու տայ։ Թերեւս հետաքրքրուած ես գիտնալով թէ ի՛նչ կը սորվեցնէ, բայց կրնայ ըլլալ քեզի համար դժուար է Սուրբ Գիրքին վստահիլ։ Պէ՞տք է վստահիս այս հին գիրքին տուած խոստումներուն եւ խրատներուն։ Իրապէս կրնա՞ս հաւատալ անոր ըսածներուն, թէ կրնանք կեանքը վայելել հիմա եւ ապագային։ Միլիոնաւոր մարդիկ ասոր կը հաւատան։ Տեսնենք եթէ դուն ալ կրնաս հաւատալ։

1. Սուրբ Գիրքին դէպքերը իրակա՞ն են

Ըստ Սուրբ Գիրքին, իր ըսածները «ճշմարիտ խօսքեր» են (Ժողովող 12։10)։ Անոր մէջ իրական դէպքեր եւ իրական մարդիկ յիշուած են (կարդա՛ Ղուկաս 1։3 եւ 3։1, 2)։ Շատ մը պատմաբաններ եւ հնագէտներ հաստատած են, որ Սուրբ Գիրքին յիշած կարեւոր թուականները, մարդիկը, վայրերը եւ դէպքերը ճիշդ են։

2. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել, որ Սուրբ Գիրքը օգտակար է, թէեւ հին գիրք է

Սուրբ Գիրքը շատ անգամ կ’ըսէ բաներ, որոնք այդ ժամանակուան մարդիկը չէին գիտեր։ Օրինակ, կը խօսի գիտական նիւթերու շուրջ, որոնց մասին մարդիկ տարբեր–տարբեր կարծիքներ ունէին։ Բայց մեր օրերու գիտութիւնը կը փաստէ, թէ ի՛նչ որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, ճիշդ է։ Անոր խօսքերը «յաւիտեանս յաւիտենից հաստատուած են» (Սաղմոս 111։8

3. Ինչո՞ւ կրնանք վստահիլ ապագային մասին Սուրբ Գիրքին ըսածներուն

Սուրբ Գիրքին մէջ կան մարգարէութիւններ, որոնք «դեռ չեղածը» առաջուընէ կը պատմեն (Եսայի 46։10)։ Սուրբ Գիրքը շատ մը պատմական դէպքերու մասին մարգարէացաւ անոնց ըլլալէն շա՜տ առաջ։ Անիկա նաեւ մանրամասնօրէն մարգարէացաւ աշխարհի ներկայ վիճակներուն մասին։ Այս դասին մէջ, նկատի պիտի առնենք Սուրբ Գիրքին մարգարէութիւններէն ոմանք։ Պիտի զարմանաս, որ անոնք ա՛յսքան ճիշդ են։

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Տես թէ ինչպէ՛ս մեր օրերու գիտութիւնը կը համաձայնի Սուրբ Գիրքին հետ, եւ նկատի առ Սուրբ Գիրքէն քանի մը հետաքրքրական մարգարէութիւններ։

4. Գիտութիւնը կը համաձայնի Սուրբ Գիրքին հետ

Հին օրերուն, մարդոց մեծ մասը կը հաւատար, որ երկիրը բանի մը վրայ կեցած է։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։

Տե՛ս թէ Յոբ գիրքին մէջ ի՛նչ գրուած էր մօտ 3500 տարի առաջ։ Կարդացէ՛ք Յոբ 26։7 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ինչո՞ւ զարմանալի է այն խօսքը, թէ երկիրը «ոչինչին վրայ» կախուած է։

Արեւը ծովերուն ջուրը կը շոգիացնէ։ Ետքը, երկրի վրայ անձրեւ կը տեղայ եւ ջուրը ետ կը հոսի դէպի ծովերը։ Մինչեւ 1800–ական թուականները, մարդիկ լաւ չէին հասկնար ջուրի շրջանին գաղափարը։ Բայց նկատէ թէ Սուրբ Գիրքը հազարաւոր տարիներ առաջ ի՛նչ ըսաւ։ Կարդացէ՛ք Յոբ 36։27, 28 եւ Ժողովող 1։7 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Ջուրի շրջանին այս պարզ նկարագրութիւնը ինչպէ՞ս կը նկատես։

  • Կարդացած համարներդ Սուրբ Գիրքին հանդէպ վստահութիւնդ կ’աւելցնե՞ն։

5. Սուրբ Գիրքը մարգարէացաւ կարեւոր դէպքերու մասին

Կարդացէ՛ք Եսայի 44։27–45։2 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Սուրբ Գիրքը ի՞նչ մանրամասնութիւններ մարգարէացաւ Բաբելոնը իյնալէն 200 տարի առաջ։

Պատմութիւնը կը փաստէ, որ Պարսկաստանի Կիւրոս թագաւորը եւ իր բանակը Բաբելոն քաղաքը գրաւեցին Ք.Ա. 539–ին a։ Քաղաքը պաշտպանուած էր գետով մը։ Բանակը գետին ուղղութիւնը փոխեց։ Եւ քանի որ քաղաքին դռները բաց ձգուած էին, զինուորները քաղաքը մտան եւ զայն գրաւեցին առանց կռուելու։ Այսօր, աւելի քան 2500 տարի ետք, Բաբելոնը աւերակ է։ Նկատէ թէ Սուրբ Գիրքը ի՛նչ մարգարէացած էր։

Կարդացէ՛ք Եսայի 13։19, 20 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Այս մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։

Բաբելոնի աւերակները ներկայ Իրաքին մէջ

6. Սուրբ Գիրքը մարգարէացաւ ներկայ վիճակներուն մասին

Սուրբ Գիրքը մեր օրերուն մասին կ’ըսէ, թէ «վերջին օրեր»ն են (Բ. Տիմոթէոս 3։1)։ Նկատէ թէ Սուրբ Գիրքը ի՛նչ մարգարէացաւ վերջին օրերուն մասին։

Կարդացէ՛ք Մատթէոս 24։6, 7 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ըստ Սուրբ Գիրքին, աշխարհի վիճակները ինչպէ՞ս պիտի ըլլային վերջին օրերուն։

Կարդացէ՛ք Բ. Տիմոթէոս 3։1-5 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Սուրբ Գիրքը ինչպէ՞ս նկարագրեց մարդոց բնաւորութիւնները վերջին օրերուն։

  • Այս բնաւորութիւններէն որո՞նք նկատած ես։

ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Սուրբ Գիրքը հեքիաթներու գիրք է»։

  • Ամէնէն շատ ի՞նչը քեզ կը համոզէ, որ կրնա՛ս Սուրբ Գիրքին վստահիլ։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Պատմութիւնը, գիտութիւնը եւ մարգարէութիւնները՝ բոլորը ցոյց կու տան, թէ կրնա՛ս Սուրբ Գիրքին վստահիլ։

Վերաքաղ

  • Սուրբ Գիրքին դէպքերը իրակա՞ն են։

  • Գիտութիւնը ո՞ր կարգ մը նիւթերուն շուրջ Սուրբ Գիրքին հետ կը համաձայնի։

  • Կը հաւատա՞ս որ Սուրբ Գիրքը կրնայ ապագային մասին մարգարէանալ։ Ինչո՞ւ այդպէս կը պատասխանես։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Աստուածաշունչը բան մը ըսա՞ծ է, որ գիտականօրէն սխալ է։

«Գիտութիւնը Աստուածաշունչին հետ ներդաշնա՞կ է» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

Ի՞նչ բաներ ցոյց կու տան, թէ «վերջին օրերուն» մէջն ենք։

«6 Աստուածաշնչական մարգարէութիւններ այժմ կը կատարուին» (Դիտարան 1 յունիս 2011)

Նկատէ թէ Յունական կայսրութեան մասին Աստուածաշունչին մարգարէութիւնները ինչպէ՛ս կատարուեցան։

«Մարգարէական խօսք»ով զօրանալ (5։22)

Տե՛ս թէ տղամարդ մը ինչպէ՛ս Աստուածաշունչին մասին իր կարծիքը փոխեց, երբ անոր մարգարէութիւնները նկատի առաւ։

«Ինծի համար՝ Աստուած գոյութիւն չունէր» (Դիտարան 2017–ի թիւ 5)

a Ք.Ա. կը նշանակէ «Քրիստոսէ առաջ» եւ Ք.Ե. կը նշանակէ «Քրիստոսէ ետք»։