Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան


Ինչպէ՞ս կրնաս լաւագոյն կերպով օգտուիլ Սուրբ Գիրքի այս դասընթացքէն

Ինչպէ՞ս կրնաս լաւագոյն կերպով օգտուիլ Սուրբ Գիրքի այս դասընթացքէն

Նա՛խ տես թէ ամէն մէկ դաս ինչպէ՛ս պատրաստուած է, եւ ետքը դիտէ ՎԻՏԷՈՆ։

ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՍԸ

Իւրաքանչիւր դասի համար պատրաստուէ, կարդալով առաջին մասը։ Սեւատիպ հարցումները (Ա) եւ համարները (Բ) գլխաւոր կէտերը կը շեշտեն։ Նկատէ թէ կարգ մը համարներու քով յատկապէս գրուած է՝ «կարդա՛»։

ՄԷՋՏԵՂԻ ՄԱՍԸ

Աւելի՛ պրպտէ բաժինին սկիզբը (Գ) ցոյց կը տրուի, թէ ի՛նչ կէտեր պիտի քննարկուին։ Ենթավերնագիրները (Դ) կը նշեն գլխաւոր կէտերը։ Ուսուցիչիդ հետ համարները կարդա՛, հարցումներուն պատասխանէ եւ վիտէօները դիտէ։

ՎԻՏԷՕՆԵՐԸ նիւթին շուրջ յաւելեալ տեղեկութիւններ կու տան։ Կարգ մը վիտէօներ իսկական դէպքեր կը ներկայացնեն։ Իսկ ուրիշ վիտէօներ ցուցադրութիւններ են, որոնք իսկական դէպքերու կամ անհատներու մասին չեն, հապա ցոյց կու տան պարագաներ, որոնք կրնան պատահիլ։

Ուշադրութեամբ նկատի առ նկարները եւ անոնց խորագիրները (Ե), եւ մտածէ թէ ի՛նչ կրնաս պատասխանել այն խօսքերուն, որոնք Կարգ մը մարդիկ կ’ըսեն (Զ)։

ՎԵՐՋԻՆ ՄԱՍԸ

Ամփոփում եւ Վերաքաղ (Է) բաժինները դասը կ’եզրափակեն։ Գրէ՛ թէ դասը ո՛ր թուականին վերջացաւ։ Նպատակակէտ (Ը) բաժինը քեզի կ’ըսէ ընելիք բան մը։ Իսկ Աւելի՛ն գիտցիր (Թ) բաժինը կը պարփակէ տեղեկութիւններ, որոնք կրնաս կարդալ կամ դիտել։

Աստուածաշունչի համարները ինչպէ՞ս կրնաս բանալ

Աստուածաշունչը կը բաղկանայ 66 պզտիկ գիրքերէ։ Անիկա երկու մասի բաժնուած է. Եբրայերէն–Արամերէն Գրութիւններ («Հին Կտակարան») եւ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններ («Նոր Կտակարան»)։

Գիրքին մէջ որեւէ համար այս շարքաւորումով գրուած է՝ Աստուածաշունչի գիրքը (Ա), գլուխը (Բ), եւ համարը կամ համարները (Գ)։

Օրինակ, Յովհաննէս 17։3 կը նշանակէ՝ Յովհաննէս գիրքին 17–րդ գլուխին 3–րդ համարը։