Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քու ապագադ քո՛ւ ձեռքդ է

Քու ապագադ քո՛ւ ձեռքդ է

ԱՊԱԳԱԴ ԻՐԱՊԷՍ ՁԵ՞ՌՔԴ Է։ Կարգ մը մարդիկ կը հաւատան որ ճակատագիրը կը կառավարէ իրենց կեանքը։ Երբ որոշ նպատակներու չհասնին, պարզապէս կը սեպեն որ ձախողիլը անխուսափելի էր, ըսելով. «Ճակատիս ասանկ գրուած է»։

Ուրիշներ յուսախաբ կ’ըլլան, երբ կը տեսնեն որ այս աշխարհին անարդարութիւնն ու զրկանքը ճար մը չունի։ Թերեւս անոնք փորձած են իրենց կեանքը բարելաւել, բայց պատերազմները, ոճիրը, բնական աղէտները եւ հիւանդութիւնները քանդած են իրենց ծրագիրները։ Իրենք իրենց կ’ըսեն. «Օգուտ մը չունի. ամէնը պարապի է»։

Ճիշդ է որ կեանքիդ պայմանները կրնան շատ ազդել ծրագիրներուդ (Ժողովող 9։11)։ Բայց Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ որ վերջնական ապագադ քո՛ւ ձեռքդ է։ Նկատի առ թէ ի՛նչ կ’ըսէ։

Առաջ որ իսրայէլ ազգը մտնէ Աւետեաց երկիրը, իրենց առաջնորդը՝ Մովսէս ըսաւ. «Կեանքն ու մահը, օրհնութիւնն ու անէծքը ձեր առջեւ դրի։ Ուրեմն կեանքը ընտրէ որպէս զի ապրիք՝ դուն եւ քու սերունդդ. քու Տէր Աստուածդ սիրելով՝ անոր խօսքին հնազանդութիւն ըրէ՛ ու անոր յարէ՛» (Բ. Օրինաց 30։15, 19, 20

«Կեանքն ու մահը, օրհնութիւնն ու անէծքը ձեր առջեւ դրի։ Ուրեմն կեանքը ընտրէ» (Բ. Օրինաց 30։19)

Աստուած իսրայէլացիները ազատեց Եգիպտոսէն եւ անոնց տուաւ այն յոյսը, որ Աւետեաց երկրին մէջ ուրախ եւ ազատ կեանք մը ապրին։ Բայց ինքնաբերաբար պիտի չվայելէին այդ օրհնութիւնները. անոնք պէտք էր ‘կեանքը ընտրէին’։ Ինչպէ՞ս։ ‘Աստուած սիրելով, անոր խօսքին հնազանդելով եւ անոր յարելով’։

Ներկայիս, նման ընտրութիւն մը կայ առջեւդ, եւ ընելիք ընտրութիւնդ պիտի որոշէ թէ ապագադ ի՛նչ պիտի ըլլայ։ Եթէ ընտրես Աստուած սիրել, իր խօսքին հնազանդիլ եւ իրեն յարիլ, ընտրած կ’ըլլաս կեանքը,– երկրային դրախտի մէջ յաւիտենական կեանքը։ Աւելի բացատրենք այս երեք քայլերը։

ԸՆՏՐԷ ԱՍՏՈՒԱԾ ՍԻՐԵԼ

Սէրը Աստուծոյ գլխաւոր յատկութիւնն է։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Աստուած սէր է» (Ա. Յովհաննէս 4։8)։ Այս պատճառով, երբ Յիսուսին հարցուեցաւ որ ի՛նչն է մեծագոյն պատուիրանքը, ան ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ» (Մատթէոս 22։37)։ Պէտք է սէրէ մղուած պաշտենք Աստուած, եւ ոչ թէ՝ իրմէ վախնալով կամ կուրօրէն հնազանդելով։ Բայց ինչո՞ւ պէտք է ընտրենք զինք սիրել։

Եհովան մարդկութիւնը կը սիրէ ինչպէս որ սիրալիր ծնողք մը իր զաւակները կը սիրէ։ Սիրալիր ծնողները անկատար են, բայց կ’ուղղեն, կը քաջալերեն, կ’օգնեն եւ կը կրթեն իրենց զաւակները, քանի որ կ’ուզեն որ անոնք ուրախ ըլլան եւ յաջողին։ Միւս կողմէ, ծնողները իրենց զաւակներէն ի՞նչ կ’ակնկալեն։ Կ’ուզեն որ իրենց զաւակները սիրեն զիրենք եւ հնազանդին այն բաներուն, որ իրենց օգտին համար ըսած են։ Տրամաբանական չէ՞ որ մեր երկնաւոր կատարեալ Հայրը մեզմէ կ’ակնկալէ, որ սիրալիրօրէն գնահատենք ամէն ինչ որ մեզի համար ըրած է։

ԻՐ ԽՕՍՔԻՆ ՀՆԱԶԱՆԴԷ

Աստուծոյ հնազանդելու համար պէտք է գիտնանք թէ ան ի՛նչ կ’ըսէ։ Եւ քանի որ բառացիօրէն չենք կրնար Աստուծոյ ձայնը լսել, իրեն մտիկ կ’ընենք կարդալով իր Խօսքը՝ Սուրբ Գիրքը, եւ գործադրելով մեր կարդացածը (Ա. Յովհաննէս 5։3

Ցուցնելու համար թէ Աստուծոյ հնազանդիլը կարեւոր է, Յիսուս անգամ մը ըսաւ. «Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ» (Մատթէոս 4։4)։ Որքան որ բառացի ուտելիքը կարեւոր է մեզի համար, Աստուծոյ մասին գիտութիւնը տակաւին ա՛լ աւելի կարեւոր է։ Ինչո՞ւ։ Իմաստուն Սողոմոն թագաւոր բացատրեց. «Իմաստութեան հովանաւորութիւնը արծաթին հովանաւորութեան պէս է։ Բայց գիտութեան օգուտն այս է, որ իմաստութիւնը զինք ստացողները կ’ապրեցնէ» (Ժողովող 7։12)։ Աստուծոյ տուած իմաստութիւնն ու գիտութիւնը կրնան այսօր մեզ պաշտպանել եւ օգնել որ առնենք այն իմաստուն որոշումը, որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ։

ԻՐԵՆ ՅԱՐԷ

Յիշէ նախորդ յօդուածին մէջ մեր նկատի առած Յիսուսին օրինակը, ուր ըսաւ. «Նեղ է այն դուռը ու նեղուացք է այն ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն» (Մատթէոս 7։13, 14)։ Եթէ այս ճամբուն մէջ կը քալենք, լաւ կ’ըլլայ որ մեզի հետ վարպետ առաջնորդ մը ունենանք եւ անոր մօտիկ մնանք, որպէսզի հասնինք յաւիտենական կեանքին։ Ուրեմն, լաւ պատճառ ունինք որ Աստուծոյ մօտիկ մնանք (Սաղմոս 16։8)։ Բայց ասիկա ինչպէ՞ս կ’ընենք։

Ամէն օր, կան բաներ որ պէտք է ընենք, եւ կան շատ աւելի բաներ որ կ’ուզենք ընել։ Այս բաները կրնան այնքան խճողել մեզ, որ ժամանակ չենք ունենար մտածելու, թէ Աստուած ի՛նչ կ’ուզէ որ ընենք։ Այս պատճառով, Սուրբ Գիրքը մեզ կը խրատէ. «Նայեցէք որ զգուշութեամբ քալէք, ո՛չ թէ անմիտներու պէս, հապա իմաստուններու պէս։ Ժամանակը ծախու առէք, վասն զի օրերս չար են» (Եփեսացիս 5։15, 16)։ Մենք Աստուծոյ մօտիկ կը մնանք, երբ իրեն հետ մեր փոխյարաբերութիւնը առաջին տեղը կը դնենք (Մատթէոս 6։33

ԸՆՏՐԵԼԸ ՔԵԶԻ Կ’ԻՅՆԱՅ

Ճիշդ է որ բան մը չես կրնար ընել որ անցեալդ փոխես, բայց կրնաս կարգ մը բաներ ընելով լաւ ապագայ մը ապահովել քեզի եւ հարազատներուդ։ Սուրբ Գիրքը կը յայտնէ որ մեր երկնաւոր Հայրը՝ Եհովա Աստուած, մեզ շա՜տ կը սիրէ եւ կը գիտցնէ թէ ի՛նչ կ’ուզէ որ ընենք։ Նկատի առ Միքիա մարգարէին խօսքը.

«Քեզի յայտնեց, ո՛վ մարդ, թէ ի՛նչ է աղէկը ու Տէրը քեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ, բայց միայն իրաւունք ընել, ողորմութիւն սիրել ու խոնարհութիւնով քու Աստուծոյդ հետ քալել» (Միքիա 6։8

Պիտի ընդունի՞ս Եհովային հրաւէրը, որ իրեն հետ քալես եւ ստանաս այն յաւիտենական օրհնութիւնները, որ իրեն հետ քալողներուն պիտի տայ։ Ընտրելը քեզի կ’իյնայ։