Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քաղցր արարք մը

Քաղցր արարք մը

1950–ԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ վերջերը, Հնդկաստանի Կուճարաթ նահանգին մէկ գիւղին մէջ, Ճոնին հայրը մկրտուեցաւ որպէս Եհովայի վկայ։ Բայց Ճոնը, իր մայրը եւ հինգ եղբայրներն ու քոյրերը հռոմէական կաթողիկէ էին, եւ անոնք շատ կրօնասէր էին։ Այս պատճառով, անոնք իրենց հօրը հաւատքին հակառակեցան։

Օր մը, Ճոնին հայրը իրմէ խնդրեց որ պահարան մը տանի Վկայ բարեկամի մը։ Այդ առտուն, Ճոն իր մատը խորունկ պատռեց, մինչ կը փորձէր թիթեղէ մեծ տուփ մը բանալ։ Բայց քանի որ ան ուզեց իր հօր հնազանդիլ, լաթով մը իր մատը փաթթեց եւ քալելով գնաց պահարանը յանձնելու։

Երբ Ճոն հասաւ, այդ եղբօր կինը, որ Եհովայի վկայ էր, Ճոնին ձեռքէն առաւ պահարանը։ Ան նկատեց որ անոր մատը վիրաւորուած էր եւ ուզեց իրեն օգնել։ Ան նախնական դարմանումի տուփը բերաւ, վէրքը դեղով մաքրեց եւ մատը վիրակապով փաթթեց։ Ետքը, ան գաւաթ մը տաք թէյ ըրաւ անոր։ Ամբողջ այդ ժամանակամիջոցին, կինը ընկերային կերպով Սուրբ Գիրքէն կը խօսէր Ճոնին։

Մինչ այդ, Վկաներուն հանդէպ Ճոնին կեցուածքը սկսած էր փոխուիլ։ Ան քրոջ հարցուց Եհովայի վկաներուն հաւատալիքներէն երկուքին մասին, որոնք կաթողիկէ եկեղեցիին հաւատալիքներէն տարբեր էին։ Ան հարցուց որ Յիսուս Աստուա՛ծ է կամ ոչ, եւ թէ քրիստոնեաները Մարիամին պէ՛տք է աղօթեն կամ ոչ։ Քանի որ քոյրը սորված էր Ճոնին խօսած կուճարաթի լեզուն, այդ լեզուով Սուրբ Գիրքէն պատասխանեց իրեն, ինչպէս նաեւ անոր տուաւ «Թագաւորութեան այս բարի լուրը» գրքոյկը։

Ետքը, Ճոն գրքոյկը կարդալով անդրադարձաւ որ առաջին անգամ ըլլալով կը լսէր Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնը։ Ան գնաց եւ իր քահանային նոյն երկու հարցումները հարցուց։ Քահանան իր շապիկէն դուրս ելաւ, եւ Սուրբ Գիրք մը իրեն նետելով պոռաց. «Դուն Սատանայ եղած ես։ Ինծի ցուցո՛ւր թէ Սուրբ Գիրքը ուր կ’ըսէ որ Յիսուս Աստուած չէ։ Ինծի ցուցո՛ւր թէ ուր կ’ըսէ որ պէտք չէ Մարիամը պաշտես։ Ցուցո՛ւր»։ Երբ Ճոն քահանային այս վարմունքը տեսաւ, օդէն ինկաւ եւ անոր ըսաւ. «Անգամ մըն ալ ոտք պիտի չկոխեմ կաթողիկէ եկեղեցի մը»։ Ան իրապէս ալ բնա՛ւ ոտք չկոխեց։

Ճոն սկսաւ Վկաներուն հետ սերտել, ճշմարտութիւնը ընդունեց եւ սկսաւ Եհովային ծառայել։ Ժամանակի ընթացքին, իր ընտանիքին մէջ ուրիշներ ալ նոյնը ըրին։ Շուրջ 60 տարի անցած է այդ դէպքին վրայ, եւ Ճոն տակաւին սպի մը ունի իր աջ ձեռքին ցուցամատին վրայ։ Մինչեւ այսօր երբ ան այդ քաղցր վարմունքը յիշէ, իր մարմինը փուշ–փուշ կ’ըլլայ։ Ատիկա զինք մղեց որ իր կեանքը անցընէ Եհովային ծառայելով (Բ. Կոր. 6։4, 6