Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ. «Մի՛ կարծէք թէ ես. . . խաղաղութիւն ձգելու եկայ»

Յիսուս մարդոց սորվեցուց, որ իրարու հետ խաղաղ վիճակի մէջ ըլլան։ Բայց անգամ մը իր առաքեալներուն ըսաւ. «Մի՛ կարծէք թէ ես երկրի վրայ խաղաղութիւն ձգելու եկայ։ Խաղաղութիւն ձգելու չեկայ, հապա՝ սուր։ Վասն զի եկայ տղան իր հօրմէն զատելու ու աղջիկը՝ իր մօրմէն ու հարսը՝ կեսուրէն» (Մատ. 10։34, 35)։ Ան ի՞նչ ըսել ուզեց։

Յիսուս չէր ուզեր ուզեց ընտանիքի անդամները իրարմէ բաժնել, բայց գիտէր թէ իր սորվեցուցածները բաժանումներ պիտի պատճառէին կարգ մը ընտանիքներու մէջ։ Անոր համար, անոնք որոնք կ’ուզէին Քրիստոսի աշակերտները դառնալ եւ մկրտուիլ, պէտք էր ըմբռնէին, որ իրենց այդ որոշումը կրնար հետեւանքներ ունենալ։ Եթէ քրիստոնեայ չեղող կողակիցը կամ ընտանիքի միւս անդամները հակառակէին, իրենց համար կրնար դժուար ըլլալ Քրիստոսի սորվեցուցածներուն հաւատարիմ մնալ։

Աստուածաշունչը քրիստոնեաները կը քաջալերէ, որ ‘ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունենան’ (Հռով. 12։18)։ Բայց կարգ մը ընտանիքներու մէջ, Յիսուսին ուսուցումները կրնան «սուր»ի պէս ըլլալ։ Այդպէս կ’ըլլայ, երբ ընտանիքի անդամ մը Յիսուսին ուսուցումները կ’ընդունի, իսկ միւսները կը մերժեն կամ անոնց կը հակառակին։ Այսպիսի պարագայի, ընտանիքի անդամները իրենք զիրենք ճշմարտութիւնը սորվողին «թշնամիները» կ’ընեն (Մատ. 10։36

Քրիստոսին աշակերտները, որոնք կրօնապէս բաժնուած ընտանիքներու մէջ կ’ապրին, ատեններ պարագաներու մէջ կ’ըլլան, որոնք Եհովային եւ Յիսուսին հանդէպ իրենց ունեցած սէրը փորձի տակ կը դնեն։ Օրինակ, Վկայ չեղող ազգականները թերեւս զիրենք ստիպեն, որ կրօնական տօնի մը մասնակցին։ Փորձութեան ներքեւ, անոնք ո՞վ պիտի հաճեցնեն։ Յիսուս ըսաւ. «Ան որ հայրը կամ մայրը ինձմէ աւելի կը սիրէ, ինծի արժանի չէ» (Մատ. 10։37)։ Անշուշտ, Յիսուս ըսել չէր ուզեր որ իրեն արժանի ըլլալու համար իր աշակերտները պէտք էր իրենց ծնողները նուազ սիրէին։ Փոխարէնը, ան իրենց կը սորվեցնէր ինչպէս որոշել, որ իրենց կեանքին մէջ ամէնէն կարեւոր բաները ի՛նչ են։ Եթէ Վկայ չեղող ընտանիքի անդամները մեզի հակառակին, քանի որ կ’ուզենք Եհովան պաշտել, կը շարունակենք զիրենք սիրել, բայց կը գիտակցինք թէ Աստուծոյ հանդէպ սէրը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը կու գայ։

Անկասկած, ընտանիքի կողմէ հակառակութիւնը կրնայ շա՜տ ցաւ պատճառել մէկու մը։ Բայց Յիսուսի աշակերտները չեն մոռնար իր այս խօսքերը. «Ան որ իր խաչը չ’առներ ու իմ ետեւէս գար, ինծի արժանի չէ» (Մատ. 10։38)։ Ուրիշ խօսքով, քրիստոնեաները կը սեպեն, որ ընտանիքի հակառակութիւնը մաս կը կազմէ այն չարչարանքին, որ Քրիստոսի աշակերտները պատրաստ են կրելու։ Միեւնոյն ատեն, անոնք յոյս ունին որ իրենց բարի վարքը Վկայ չեղող ընտանիքի անդամները պիտի մղէ իրենց միտքը փոխելու եւ Աստուածաշունչի պատգամով հետաքրքրուելու (Ա. Պետ. 3։1, 2