Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Որո՞նք դրին Աստուածաշունչի գլուխներն ու համարները

Որո՞նք դրին Աստուածաշունչի գլուխներն ու համարները

ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ թէ առաջին դարու քրիստոնեաներէն մէկն ես։ Ժողովքդ նամակ մը ստացած է Պօղոս առաքեալէն։ Մինչ նամակին ընթերցումը կը լսես, կը նկատես որ Պօղոս յաճախ կը մէջբերէ «սուրբ գրքեր»էն, այսինքն՝ Եբրայերէն Գրութիւններէն (Բ. Տիմոթէոս 3։15)։ ‘Շատ կ’ուզէի տեսնել, թէ ինք ուրկէ՛ կը մէջբերէ’, կ’ըսես մտքիդ մէջ։ Բայց ասիկա դիւրին պիտի չըլլար։ Ինչո՞ւ։

Ո՛Չ ԳԼՈՒԽՆԵՐ, Ո՛Չ ՀԱՄԱՐՆԵՐ

Նկատի առ, թէ Պօղոսի օրերուն մատչելի «սուրբ գրքեր»ուն ձեռագիրները ի՛նչ տեսք ունէին։ Ատոնցմէ մէկը կրնաս տեսնել նկարին մէջ,– Եսայիի գիրքէն մաս մը, Մեռեալ ծովու մագաղաթներէն։ Ի՞նչ նշմարեցիր։ Միայն գրութիւնն է. բառերուն միջեւ կէտադրութիւն չկայ։ Եւ մեր այժմ գիտցած գլուխներուն ու համարներուն թիւերը գոյութիւն չունին։

Աստուածաշունչը գրի առնողները իրենց պատգամը չբաժնեցին գլուխներու կամ համարներու։ Անոնք պարզապէս Աստուծմէ ստացած ամբողջ պատգամը գրեցին, որպէսզի ընթերցողը նո՛յնպէս ամբողջ պատգամը կարենայ ստանալ, եւ ոչ թէ՝ պատգամէն պզտիկ մասեր։ Արդեօք նոյն բանը չե՞ս ուզեր ստանալ, երբ սիրելի մը կարեւոր նամակ մը ուղարկէ քեզի։ Ամբո՛ղջ նամակը կը կարդաս, եւ ոչ թէ՝ միայն կարգ մը տողեր։

Սակայն, գլուխներ կամ համարներ չունենալը խնդիր մը յարուցեց։ Պօղոս իր մէջբերումներուն ճիշդ տեղը չէր կրնար ըսել, հապա՝ պարզապէս կ’ըսէր՝ «Ինչպէս գրուած է թէ. . . » կամ «Ինչպէս Եսայի նախապէս ըսաւ. . . » (Հռովմայեցիս 3։10. 9։29)։ Եւ այդ մէջբերուած տեղերը գտնելը դժուար ըլլալու էր, բացի՝ եթէ «սուրբ գրքերը» շատ լաւ գիտէիր։

Ասկէ զատ, այդ «սուրբ գրքերը» Աստուծմէ տրուած մէկ պատգամ չէին։ Ք.Ե. առաջին դարու վերջաւորութեան, ատոնք 66 անջատ գրքերու հաւաքածոյ մը կը կազմէին։ Ասոր համար է որ ներկայիս, Աստուածաշունչ կարդացողներէն շատեր ուրախ են, որ կրնան գլուխներու եւ համարներու օգնութեամբ՝ մասնայատուկ տեղեկութիւններ գտնել, ինչպէս՝ Պօղոսի նամակներուն մէջ եղած բազմաթիւ մէջբերումները։

‘Ուրեմն ո՞վ դրաւ Աստուածաշունչի գլուխներուն ու համարներուն թիւերը’, թերեւս հարցնես։

Ո՞Վ ԱՒԵԼՑՈՒՑ ԳԼՈՒԽՆԵՐԸ

Անգլիացի կղերական Սթիվըն Լէնկթըն, որ յետագային Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսը դարձաւ, ի՛նքն է որուն մասին կ’ըսուի թէ Աստուածաշունչը գլուխներու բաժնեց։ Ան այս գործը Ք.Ե. 13–րդ դարու սկիզբը ամբողջացուց, մինչ ուսուցիչ էր Փարիզի համալսարանին մէջ, Ֆրանսա։

Լէնկթընի օրերէն առաջ, ուսումնականներ տարբեր կերպերով փորձած էին Աստուածաշունչը պզտիկ մասերու կամ գլուխներու բաժնել, գլխաւորաբար, ըստ երեւոյթին, աշխատասիրութիւնը դիւրացնելու համար։ Կրնաս երեւակայել, թէ անոնց գործը որքա՜ն կը դիւրիննար, եթէ որոշ հատուած մը գտնելու համար միայն մէկ գլուխ բանային ու պրպտէին, քան թէ լման գիրք մը, ինչպէս՝ Եսայիի գիրքը որ 66 գլուխներ ունի։

Սակայն այս ամէնը խնդիր մը մէջտեղ հանեց։ Ուսումնականները շատ մը տարբեր եւ անհամապատասխան ձեւերով բաժնած էին գիրքերուն գլուխները։ Այդ ձեւերէն մէկը Մարկոսի Աւետարանը գրեթէ 50 գլուխներու բաժնած էր, եւ ոչ թէ հիմակուան պէս՝ 16 գլուխներու։ Լէնկթընի օրերուն, Փարիզի մէջ շատ մը երկիրներէ եկած աշակերտներ կային, որոնք իրենց հայրենիքէն Աստուածաշունչեր բերած էին։ Սակայն, դասախօսներն ու աշակերտները չէին կրնար Աստուածաշունչին մէջ միեւնոյն տեղերը գտնել։ Ինչո՞ւ։ Պարզապէս որովհետեւ իրենց ձեռագիրներու գլուխները տարբեր էին իրարմէ։

Ուստի Լէնկթըն Աստուածաշունչի գլուխները նոր ձեւով բաժնեց։ Գիրք մը կ’ըսէ, թէ իր ձեւը «հետաքրքրական էր. . . ընթերցողներուն եւ դպիրներուն համար. . . եւ արագօրէն Եւրոպայի մէջ տարածուեցաւ» (The Book—A History of the Bible)։ Արդ, հիմակուան Աստուածաշունչերու մեծամասնութիւնը Լէնկթընի ձեւը ընդօրինակած է՝ գլուխները բաժնելուն մէջ։

Ո՞Վ ԱՒԵԼՑՈՒՑ ՀԱՄԱՐՆԵՐԸ

Շուրջ 300 տարի ետք, 16–րդ դարու կիսուն, հռչակաւոր ֆրանսացի տպագրիչ եւ ուսումնական Ռոպէր Էթիէն, սուրբգրային հատուածներ գտնելը աւելի դիւրինցուց։ Անոր նպատակն էր, որ շատեր սկսէին Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Ան գիտակցեցաւ որ շատ գործնական պիտի ըլլար, եթէ Աստուածաշունչերուն մէջ ո՛չ միայն գլուխները, այլ՝ համարներն ալ նոյն թիւերը ունենան։

Աստուածաշնչական գրութիւնը համարներու բաժնելու գաղափարին սկիզբ տուողը Էթիէնը չէր։ Ուրիշներ արդէն այդ մէկը ըրած էին։ Իրմէ դարեր առաջ, զոր օրինակ, հրեայ ընդօրինակիչներ ամբողջ Եբրայերէն Աստուածաշունչը,– կամ այդպէս կոչուած՝ Հին Կտակարանը,– համարներու բաժնած էին, բայց առանց գլուխներ ունենալու։ Սակայն համարներու բաժնելու մէկ ձեւ չկար, ինչպէս որ էր պարագան գլուխներուն։

Ուստի Էթիէնը Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները,– կամ այդպէս կոչուած Նոր Կտակարանը,– նոր ձեւով համարներու բաժնեց եւ զանոնք միացուց Եբրայերէն Աստուածաշունչին համարներուն, որոնք արդէն գոյութիւն ունէին։ 1553–ին, ան առաջին լման Աստուածաշունչը հրատարակեց (ֆրանսերէնով), որ այժմու Աստուածաշունչերու մեծամասնութիւնը անոր նոյն գլուխներն ու համարները ունի։ Կարգ մը քննադատներ ելան ու ըսին թէ համարներու բաժնուիլը կը կտրատէր Աստուածաշունչին գրութիւնը, զայն շարք մը անջատ նախադասութիւններու վերածելով։ Բայց ուրիշ տպագրիչներ արագօրէն որդեգրեցին՝ համարները բաժնելու Էթիէնին ձեւը։

ՆՈՒԷՐ՝ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ՍԵՐՏՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ

Գլուխներու եւ համարներու թիւեր ունենալը շատ պարզ գաղափար մը կրնայ թուիլ։ Բայց ասոր շնորհիւ, Աստուածաշունչի իւրաքանչիւր համար իր յատուկ «հասցէն» կամ «նամակատուփը» կ’ունենայ։ Ճիշդ է որ գլուխներու եւ համարներու բաժանումները Աստուծոյ ներշնչումով չեն եղած,– եւ երբեմն ալ Աստուածաշունչի գրութիւնը տարօրինակ տեղեր կը բաժնեն,– սակայն, ատոնք մեզի կ’օգնեն որ աւելի արագ գտնենք մէջբերումները եւ մեզի համար յատուկ իմաստ ունեցող համարները աչքառու դարձնենք կամ ուրիշներուն ցոյց տանք,– ճիշդ ինչպէս որ փաստաթուղթի կամ գրքի մը կարգ մը արտայայտութիւնները կ’ընդգծենք, որպէսզի յետագային յիշենք։

Այս՝ գլուխներու եւ համարներու բաժնուիլը գործնական է, սակայն միշտ յիշէ որ կարեւոր է լման պատկերը ունենալ՝ Աստուծոյ տուած ամբողջ պատգամը հասկնալ։ Անջատ համարներու փոխարէն լման հատուածներ կարդալը սովորութիւն դարձուր։ Ասիկա ընելը քեզի պիտի օգնէ, որ հետզհետէ աւելի քաջածանօթ ըլլաս «սուրբ գրքեր»ուն, որոնք «կրնան իմաստուն ընել քեզ փրկուելու» (Բ. Տիմոթէոս 3։15