Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՆՈՆՑ ՀԱՒԱՏՔԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԵՆՔ | ՍԱՌԱ

Աստուծոյ կողմէ «իշխանուհի» կոչուեցաւ

Աստուծոյ կողմէ «իշխանուհի» կոչուեցաւ

ՍԱՌԱՆ կռնակը շտկեց եւ հորիզոնին կողմը նայեցաւ։ Ան իմաստութեամբ կ’աշխատցնէր իր ծառաները, որոնք ուրախութեամբ գործին մէջ ինկած էին։ Աշխատասէր Սառան ալ իր կարգին աշխատած էր։ Երեւակայէ թէ ան ինչպէ՛ս ձեռքերը իրարու կը շփէ, որպէսզի ցաւը անցնի։ Թերեւս ան տարուած էր վրանին պատռած մասին վրայ կտոր մը կարելով։ Ատիկա այծի մազէ շինուած իրենց տունն էր, որ մաշած էր արեւէն եւ անձրեւէն, իրեն յիշեցնելով որ երկար տարիներէ ի վեր կ’ապրին այս թափառական կեանքը։ Կէսօրէ ետքը շուտով անցաւ եւ արեւուն լոյսը ոսկեգոյնի կը զարնէր։ Սառան չորս աչքով կը սպասէր որ Աբրահամ * վերադառնար այն նոյն ուղղութենէն, որ առտուն գացած էր։ Մինչ իր ամուսինին կերպարանքը կը գծուէր մօտակայ բլուրին վրայ, ժպիտ մը փայլեցաւ իր անուշիկ դէմքին վրայ։

Տասը տարի անցած էր այն դէպքին վրայ, որ Աբրահամ իր մեծ ընտանիքին հետ կտրած էր Եփրատ գետը եւ ուղղուած էր դէպի Քանան։ Սառան սիրայօժար թիկունք կանգնած էր իր ամուսինին այս ճամբորդութեան ընթացքին, առանց գիտնալու թէ ուր պիտի հասնին, քանի որ գիտէր թէ իր ամուսինը շատ կարեւոր դեր մը պիտի խաղար Եհովայի նպատակին մէջ, որ մէջտեղ բերէ շատ յատուկ սերունդ մը եւ ազգ մը։ Բայց Սառային դերը ի՞նչ պիտի ըլլար։ Ան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին ամուլ էր, եւ հիմա ալ 75 տարեկան էր։ Ան շատ հաւանաբար մտածած ըլլալու էր. ‘Այնքան ատեն որ ես Աբրահամին կինն եմ, Եհովային խոստումը ինչպէ՞ս կրնայ կատարուիլ’։ Բնական էր որ ան մտահոգ ըլլար, կամ նոյնիսկ անհամբեր դառնար։

Մենք ալ ատեններ թերեւս մենք մեզի հարցնենք, որ Աստուծոյ խոստումները ե՛րբ պիտի կատարուին։ Համբերելը դիւրին չէ մեզի համար, մանաւանդ երբ կը սպասենք այն յոյսին կատարման, որ մեզի համար մեծ արժէք ունի։ Այս հոյակապ կնոջ հաւատքէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

«ՏԷՐԸ ԱՐԳԻԼԵՑ ԶԻՍ»

Ընտանիքը տակաւին նոր եկած էր Եգիպտոսէն (Ծննդոց 13։1-4)։ Անոնք բանակած էին այն լեռնային շրջանը, որ Բեթէլին (ըստ քանանացիներուն՝ Լուզ) արեւելեան կողմն էր։ Սառան այս բարձր տեղէն կրնար լաւ տեսնել Աւետեաց երկիրը։ Կը տեսնուէին քանանական գիւղեր, ինչպէս նաեւ ճամբաներ, որոնք ճամբորդները հեռու երկիրներ կը տանէին։ Բայց ամբողջ այդ տեսարանին մէջ չկար շրջան մը, որ Սառային ծննդավայրին կը նմանէր։ Ան մեծցած էր Ուրին մէջ, որ Միջագետքի մէկ քաղաքն էր եւ 1900 քմ. հեռու էր։ Ան այդ հարուստ քաղաքին մէջ ձգած էր իր ազգականներէն շատեր, շուկաներուն ու պազարներուն ապահոված հանգիստ կեանքը եւ իր հանգստաւէտ տունը, որ ունէր հաստատ առաստաղ եւ պատեր, թերեւս նոյնիսկ տուն հասնող ջուր։ Եթէ մեր միտքէն անցնի որ Սառան տխուր–տխուր կը նայէր արեւելքի կողմը, կարօտնալով իր առաջուան հանգստաւէտ կեանքը, ուրեմն զինք լաւ չենք ճանչնար։

Նկատի առ թէ շուրջ 2000 տարի ետք Աստուած Պօղոս առաքեալը մղեց որ ի՛նչ գրէ։ Ան Սառային ու Աբրահամին հաւատքին մասին խօսելով ըսաւ. «Եթէ զանիկա յիշէին՝ ուրկէ որ ելան, ժամանակ ունէին հոն դառնալու» (Եբրայեցիս 11։8, 11, 15Ո՛չ Սառային եւ ոչ ալ Աբրահամին աչքը ետեւ մնաց։ Եթէ անոնք մտածէին իրենց անցեալին մասին, շատ հաւանաբար որոշէին ետ դառնալ։ Բայց այս պարագային, անոնց վրայէն պիտի երթար այն հոյակապ առանձնաշնորհումը, որ Եհովան անոնց առջեւ դրած էր։ Եւ վստահաբար անոնց յիշատակը պիտի ջնջուէր մարդոց յիշողութենէն, եւ պիտի չդառնային հաւատքի այն հոյակապ օրինակը, որմէ միլիոնաւորներ ազդուած են։

Սառան ետեւ նայելու տեղ առջեւ նայեցաւ եւ շարունակեց իր ամուսինին թիկունք կանգնիլ պանդխտութեան մէջ։ Ան օգնեց վրանները քակելու, հօտերուն հետ ճամբորդելու եւ վրանները նորէն լարելու մէջ։ Ան ուրիշ դժուարութիւններու եւ փոփոխութիւններու հետ ալ գլուխ ելաւ։ Եհովան կրկնեց Աբրահամին ըրած իր խոստումը, բայց դարձեալ չնշեց որ Սառային դերը ինչ պիտի ըլլար (Ծննդոց 13։14-17. 15։5-7

Վերջապէս, Սառան որոշեց թէ ժամանակը հասած էր որ Աբրահամին ըսէ իր ծրագրին մասին, որ որոշ ժամանակէ ի վեր իր մտքին մէջ կը դառնար։ Երեւակայէ թէ իր դէմքին վրայ ի՛նչ հակասական զգացումներ երեւցան մինչ կ’ըսէր. «Ահա հիմա Տէրը արգիլեց զիս ծնանելէ»։ Ետքը, իր ամուսինէն խնդրեց որ պզտիկներու տէր ըլլայ իր աղախինին՝ Հագարին միջոցաւ։ Կրնա՞ս երեւակայել որ Սառան որքա՜ն ցաւելով այս բանը խնդրեց իր ամուսինէն։ Այս խնդրանքը թերեւս տարօրինակ թուի մեզի, բայց այդ ժամանակ անսովոր չէր որ տղամարդ մը երկրորդ կին, կամ աղախին, առնէր որպէսզի զաւակներ ունենար *։ Կրնա՞յ ըլլալ որ Սառան կարծեց թէ այս ձեւով պիտի իրականանար Աստուծոյ նպատակը, որ ազգ մը մէջտեղ գար Աբրահամին միջոցաւ։ Ամէն պարագայի, ան պատրաստ էր մեծ զոհողութիւն մը ընելու։ Աբրահամ ի՞նչ ըրաւ։ Ան «Սարային խօսքը մտիկ ըրաւ» (Ծննդոց 16։1-3

Կրնա՞յ ըսուիլ որ Եհովա՛ն էր որ Սառան մղեց այդ առաջարկը ընելու։ Ո՛չ։ Ատիկա մարդկային տեսանկիւնէ դիտուած առաջարկ մըն էր։ Սառան կարծեց որ Աստուած պատասխանատու էր իր նեղութիւններուն համար, ինչպէս նաեւ՝ չէր երեւակայեր որ Աստուած ուրիշ լուծում մը ունի։ Սառային տուած լուծումը ցաւ եւ նեղութիւն պիտի պատճառէր իրեն։ Հակառակ ասոր, այս առաջարկը ցուցուց որ ան որքա՜ն անձնազոհ էր։ Սառային անձնազոհութիւնը տպաւորիչ չէ՞ այս աշխարհին մէջ, ուր մարդիկ ընդհանրապէս իրենց անձնական ցանկութիւնները որեւէ բանէ առաջ կը դնեն։ Եթէ մենք ալ պատրաստ ըլլանք Աստուծոյ նպատակները մեր անձնասէր շահերէն առաջ դնելու, Սառային հաւատքը ընդօրինակած պիտի ըլլանք։

«ԽՆԴԱՑԻՐ»

Շատ չանցած, Հագար յղացաւ։ Ան սկսաւ իր տիրուհին՝ Սառան անարգել, թերեւս համոզուած ըլլալով որ իր յղութիւնը զինք աւելի կարեւոր կը դարձնէր։ Ամուլ Սառային համար ասիկա մեծ յուսախաբութիւն մըն էր։ Աբրահամին ու Աստուծոյ արտօնութեամբ, Սառան նեղեց Հագարը որոշ կերպով մը, որ չենք գիտեր։ Ետքը, Հագար ունեցաւ տղայ մը՝ Իսմայէլը (Ծննդոց 16։4-9, 16)։ Տարիներ անցան եւ եկաւ այն օրը, որ Եհովայէն հիանալի լուր մը ստացան։ Այժմ Սառան 89 տարեկան էր, իսկ իր ամուսինը՝ 99։

Եհովան անգամ մը եւս խոստացաւ իր բարեկամին՝ Աբրահամին, թէ իր սերունդը պիտի շատցնէ։ Աստուած նաեւ անոր անունը փոխեց։ Մինչեւ այդ օրը, ան ճանչցուած էր Աբրամ անունով, բայց Եհովան զինք կոչեց Աբրահամ, որ կը նշանակէ՝ «հայր բազմութեան»։ Եւ այժմ առաջին անգամ ըլլալով Եհովան ցուցուց, թէ Սառային դերը ի՛նչ պիտի ըլլար։ Մինչեւ այդ օրը անոր անունը Սարա էր, որ թերեւս կը նշանակէր՝ «վիճասէր», բայց Աստուած զինք կոչեց Սառա, որ բոլորիս ծանօթ է։ Ի՞նչ կը նշանակէ Սառա։ «Իշխանուհի»։ Եհովան բացատրեց որ ինչո՛ւ այդ անունը զատած էր այս սիրելի կնոջ. «Զանիկա պիտի օրհնեմ, նաեւ անկէ որդի մը պիտի տամ քեզի ու պիտի օրհնեմ զանիկա ու ազգերու մայր պիտի ըլլայ եւ ժողովուրդներու թագաւորներ պիտի ելլեն անկէ» (Ծննդոց 17։5, 15, 16

Ուրեմն Սառային տղուն միջոցաւ էր որ պիտի կատարուէր Եհովային ուխտը, որ սերունդ մը գար եւ բոլոր ազգերը օրհնէր։ Եհովան պզտիկին անունը ընտրեց՝ Իսահակ, որ «խնդութիւն» կամ խնդուք կը նշանակէ։ Երբ Աբրահամ առաջին անգամ լսեց որ Եհովան Սառան պիտի օրհնէ զաւակով մը, «երեսի վրայ ինկաւ ու խնդաց» (Ծննդոց 17։17)։ Ան զարմացաւ եւ շատ ուրախացաւ (Հռովմայեցիս 4։19, 20)։ Իսկ Սառան ի՞նչ ըրաւ։

Շատ չանցած, երեք օտար մարդիկ եկան Աբրահամին վրանը։ Օրուան տաք ատենն էր, բայց այս տարեց զոյգը անմիջապէս հիւրերը ընդունելով զբաղեցաւ։ Աբրահամ Սառային ըսաւ. «Շուտով երեք գրիւ բարակ ալիւր շաղէ ու շօթեր շինէ»։ Այդ ժամանակ, հիւրասէր գտնուիլը երկար–բարակ գործ էր։ Բայց Աբրահամ ձեռքերը ծալելով չնստաւ. ան գնաց որ պզտիկ հորթ մը մորթէ եւ յաւելեալ ուտելիք ու խմելիք պատրաստէ (Ծննդոց 18։1-8)։ Ելաւ որ այդ «մարդիկ»ը Եհովային հրեշտակնե՛րն էին։ Պօղոս առաքեալ շատ հաւանաբար այս դէպքը իր միտքը ունէր, երբ գրեց. «Հիւրասիրութիւնը մի՛ մոռնաք, վասն զի անով ոմանք հրեշտակներ ընդունեցին առանց գիտնալու» (Եբրայեցիս 13։2)։ Կրնա՞ս Աբրահամին ու Սառային հիւրասիրութեան հիանալի օրինակին հետեւիլ։

Սառան կը սիրէր հիւրասէր գտնուիլ

Երբ հրեշտակներէն մէկը Աբրահամին կրկնեց Աստուծոյ խոստումը, որ Սառան տղայ մը պիտի ունենար, Սառան իրենց քով չէր, հապա վրանին մէջէն մտիկ կ’ընէր։ Այն գաղափարը որ ինք այս տարիքին պզտիկ պիտի ունենար, այնքա՛ն տարօրինակ էր իրեն համար, որ չկրցաւ ինքզինք բռնել ու իր մտքին մէջ խնդաց, ըսելով. «Ես պառաւնալէս ետքը զուարճութի՞ւն պիտի ունենամ, արդէն տէրս ալ ծերացած է»։ Հրեշտակը ճշդեց Սառան այս հարցումով. «Տէրոջը առջեւ դժուարին բան կա՞յ արդեօք»։ Սառան վախնալով եւ պաշտպանողական կեցուածքով հակազդեց. «Չխնդացի»։ Այս հակազդեցութիւնը շատ բնական էր։ Հրեշտակը պատասխանեց. «Ո՛չ, խնդացիր» (Ծննդոց 18։9-15

Արդեօք Սառան խնդաց, քանի որ հաւատքի պակա՞ս ունէր։ Անշուշտ ո՛չ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Հաւատքով ինք՝ Սառան՝ որդեծնութեան սերմը առնելու զօրութիւնը ընդունեց եւ ատենը անցած հասակի մէջ զաւակ ծնաւ. վասն զի հաւատարիմ սեպեց զանիկա որ խոստացած էր» (Եբրայեցիս 11։11)։ Սառան կը ճանչնար Եհովան, եւ գիտէր թէ ան կրնա՛յ կատարել իր բոլոր խոստումները։ Մեզմէ ո՞վ պէտք չունի այսպիսի հաւատքի։ Լաւ կ’ըլլայ որ աւելի լաւ ճանչնանք Եհովան։ Այսպիսով, զօրաւոր հաւատք պիտի ունենանք, ճիշդ ինչպէս որ Սառան ունէր։ Եհովան իսկապէս հաւատարիմ է եւ իր բոլոր խոստումները կը կատարէ, ատեններ թերեւս նոյնիսկ գործածելով կերպեր, որոնք մեր բերանը բաց կը ձգեն կամ կը պատճառեն որ չհաւատալով խնդանք։

«ՍԱՌԱՅԻՆ. . . ՄՏԻԿ ԸՐԷ»

Եհովան վարձատրեց Սառան իր հիանալի հաւատքին համար

Վերջապէս, Սառան 90 տարեկանին ապրեցաւ այն վայրկեանը որ շատոնց կը սպասէր։ Ան տղայ մը ծնաւ իր սիրելի ամուսինին, որ այժմ հարիւր տարեկան էր։ Աբրահամ պզտիկին անունը Իսահակ դրաւ, այսինքն՝ «խնդութիւն», ճիշդ ինչպէս որ Աստուած ըսած էր։ Երեւակայէ Սառայի դէմքին վրայի ժպիտը եւ յոգնած ու փայլուն աչքերը, մինչ կ’ըսէ. «Աստուած զիս խնդացուց եւ ամէն լսող ինծի հետ պիտի խնդայ» (Ծննդոց 21։6)։ Աստուծոյ կողմէ այս հրաշալի նուէրը վստահաբար ուրախացուց զինք մինչեւ իր կեանքին վերջը։ Բայց ատիկա իրեն հետ պատասխանատուութիւններ ալ բերաւ Սառային։

Երբ Իսահակ հինգ տարեկան էր, ընտանիքը մեծ խնճոյք մը ըրաւ իր կաթէն կտրուելուն առիթով։ Բայց գէշ բան մը կար։ Սառան նկատեց թէ Հագարին 19 տարեկան տղան՝ Իսմայէլը սովորութիւն դարձուցած էր որ Իսահակը ծաղր ընէ։ Ան պարզապէս խաղով կատակ չէր ըներ։ Յետագային, Պօղոս առաքեալ Իսմայէլին վարքը կոչեց հալածանք։ Սառան ըմբռնեց որ այս ծաղրանքը կրնար լրջօրէն վնասել իր տղուն։ Ան գիտէր թէ Իսահակը պարզապէս իր տղան չէր, հապա՝ անոր կարեւոր դեր մը նշանակուած էր Եհովային նպատակին մէջ։ Ասոր համար, ան քաջութիւն հաւաքեց եւ բացէ ի բաց խօսեցաւ Աբրահամին եւ խնդրեց, որ Հագարը եւ Իսմայէլը ղրկէ (Ծննդոց 21։8-10. Գաղատացիս 4։22, 23, 29

Աբրահամ ի՞նչ ըրաւ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Այս բանը Աբրահամին շատ դժուար երեւցաւ՝ իր որդիին պատճառով»։ Ան Իսմայէլին կապուած էր եւ իր հայրական զգացումները զինք կուրցուցած էին այս հարցին մէջ։ Բայց Եհովան յստակ կը տեսնէր հարցը եւ ասոր համար միջամտեց։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Աստուած ըսաւ Աբրահամին. ‘Տղուդ համար ու աղախինիդ համար՝ այդ բանը թող քեզի դժուար չերեւնայ, Սառային քեզի ըսած խօսքը մտիկ ըրէ, քանզի Իսահակով քու սերունդդ պիտի կոչուի’»։ Եհովան Աբրահամին վստահեցուց որ Հագարն ու Իսմայէլը մէջտեղ պիտի չմնային։ Հաւատարիմ Աբրահամ հնազանդեցաւ (Ծննդոց 21։11-14

Սառան իտէալ կին մըն էր եւ բառին բուն իմաստով Աբրահամին լրացուցիչն էր։ Ան պարզապէս իր ամուսինին չըսաւ ինչ որ ան կ’ուզէր լսել։ Երբ ան տեսաւ թէ խնդիր մը կայ, որ ընտանիքին եւ իրենց ապագային կրնայ ազդել, անկեղծօրէն խօսեցաւ իր ամուսինին հետ։ Ան շիփշիտակ խօսեցաւ, բայց իր յարգանքը չկորսնցուց։ Պետրոս առաքեալ, որ անձամբ ամուսնացած էր, նոյնիսկ Սառային օրինակը բերելով ցուցուց թէ խոր յարգանք ունէր իր ամուսինին հանդէպ (Ա. Կորնթացիս 9։5. Ա. Պետրոս 3։5, 6)։ Իրականութեան մէջ, եթէ Սառան այս հարցին մէջ լուռ մնար, Աբրահամը յարգած չէր ըլլար, քանի որ ատիկա սուղի պիտի նայէր անոր եւ ամբողջ ընտանիքին։ Սառան սիրալիրօրէն ըսաւ ինչ որ պէտք էր ըսուէր։

Բազմաթիւ կիներ կը սիրեն Սառային օրինակը։ Անոնք իրմէ կը սորվին՝ անկեղծօրէն եւ յարգանքով խօսիլ իրենց ամուսինին հետ։ Ատեններ, ոմանք թերեւս կը փափաքին որ Եհովան միջամտէ ճիշդ ինչպէս որ Սառային պարագային միջամտեց։ Սակայն անոնք օրինակ կ’առնեն Սառային ունեցած հիանալի հաւատքէն, սէրէն եւ համբերութենէն։

Եհովան Սառան «իշխանուհի» կոչեց, բայց ան չակնկալեց որ ուրիշները իրեն հետ իշխանուհիի պէս վարուին

Թէեւ այս հոյակապ կինը Եհովային կողմանէ «իշխանուհի» կոչուեցաւ, բայց ան չակնկալեց որ ուրիշները իրեն հետ իշխանուհիի պէս վարուին։ Զարմանալի չէ որ երբ ան մեռաւ 127 տարեկանին, Աբրահամ «Սառային համար սուգ ընելու ու ողբալու եկաւ» (Ծննդոց 23։1, 2) *։ Ան շատ կը կարօտնար իր սիրելի «իշխանուհի»ն։ Անկասկած, Եհովան ալ կը կարօտնայ այս հաւատարիմ կինը եւ կ’ուզէ զինք նորէն կեանքի բերել դրախտային երկրին մէջ։ Յաւիտենական եւ երանելի ապագայ մը կայ Սառային առջեւ, եւ բոլոր անոնց առջեւ՝ որոնք իր հաւատքը կ’ընդօրինակեն (Յովհաննէս 5։28, 29

^ պարբ. 3 Այս զոյգը ճանչցուած էին որպէս Աբրամ եւ Սարա, մինչեւ որ Աստուած անոնց անունները փոխեց։ Բայց պարզ մնալու համար, պիտի գործածենք այն անունները, որով ամէնէն շատ ճանչցուած են՝ Աբրահամ եւ Սառա։

^ պարբ. 10 Եհովան որոշ ժամանակ մը թոյլատրեց որ տղամարդ մը մէկէ աւելի կին կամ հարճ առնէ, բայց յետագային ան Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ վերահաստատեց մէկ կին առնելու չափանիշը ամուսնութեան մէջ, ինչպէս որ Եդեմին մէջ հաստատուած էր (Ծննդոց 2։24. Մատթէոս 19։3-9

^ պարբ. 25 Սառան միակ կինն է Սուրբ Գիրքին մէջ, որուն մասին գրուած է թէ ո՛ր տարեկանին մեռաւ։