Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ

Կեանքի մէջ նպատակ ունենալ

Կեանքի մէջ նպատակ ունենալ

ՄԱՐԴ ԱՐԱՐԱԾԸ ՇԱՏ ՄԸ ԿԵՐՊԵՐՈՎ ՅԱՏՈՒԿ Է,– ԿԸ ԳՐԷ, ԿԸ ԳԾԷ, ԿԸ ՀՆԱՐԷ ԵՒ ԿԸ ՄՏԱԾԷ ԿԵԱՆՔԻ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ. Տիեզերքը ինչո՞ւ գոյութիւն ունի, մենք ինչպէ՞ս գոյութիւն ունեցանք, կեանքին նպատակը ի՞նչ է, ապագային ի՞նչ պիտի ըլլայ։

Շատեր այս հարցումներուն ետեւէն չեն իյնար, քանի որ կը կարծեն թէ մեր խելքը չի հասնիր ատոնց։ Ուրիշներ կ’ըսեն որ այսպիսի հարցումներ հարցնելը անիմաստ է, քանի որ կեանքը բարեշրջութեամբ մէջտեղ եկած է։ Պատմութեան եւ կենսաբանութեան փրոֆէսոր Ուիլիամ Փրովայն ըսաւ. «Ո՛չ աստուածներ կան, ոչ ալ նպատակներ. . . ո՛չ մէկ հիմ կայ բարոյական կանոններուն, ոչ ալ կեանքը իմաստ մը ունի»։

Բայց կարգ մը մարդիկ այս անյոյս կեցուածքին չեն համաձայնիր։ Ըստ իրենց, տիեզերքը ունի ճշգրիտ եւ լաւ ծրագրուած գիտական օրէնքներ։ Անոնք կը հիանան բնութեան վրայ, որմէ ոմանք գաղափարներ առնելով կը փորձեն որոշ բաներ շինել։ Եւ առօրեայ կեանքին մէջ անոնք նկատած են որ եթէ բան մը բարդ կերպով ծրագրուած է, ուրեմն պէտք է իմաստուն ծրագրող մը ունենայ։

Այս գաղափարները ձգած են որ բարեշրջութեան հաւատացող կարգ մը անձեր մտածեն թէ արդեօք հիմ մը կա՞յ բարեշրջութեան հաւատալու։ Նկատի առ երկու օրինակներ։

ՋՂԱՎԻՐԱԲՈՅԺ ԲԺՇ. ԱԼԵՔՍԷՅ ՄԱՐՆԸՎ։ Ան ըսաւ. «Իմ գացած դպրոցներս անաստուածութիւն եւ բարեշրջութիւն կը սորվեցնէին։ Ո՛վ որ Աստուծոյ կը հաւատար, տգէտի տեղ կը դրուէր»։ Բայց 1990–ին, ան սկսաւ իր կարծիքը փոխել։

Ան կը բացատրէ. «Միշտ եղած եմ անձ մը, որ ամէն բանի մէջ տրամաբանական պատճառներ կը փնտռէ։ Օրինակ, մարդկային ուղեղը հիանալի անդամ մըն է եւ կոչուած է՝ տիեզերքին ամէնէն բարդ կազմուածքը։ Բայց արդեօք ուղեղը ծրագրուա՞ծ է որ անհատը միայն գիտութիւն առնէ ու կարողութիւններ զարգացնէ եւ ետքը մեռնի։ Այս գաղափարը ինծի համար անիմաստ էր եւ տրամաբանական չէր։ Այս պատճառով, սկսայ մտածել. ‘Մենք ինչո՞ւ գոյութիւն ունինք, կեանքին նպատակը ի՞նչ է’։ Այս կէտերուն վրայ լրջօրէն խոկալէ ետք, հասայ այն եզրակացութեան որ Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի՛»։

Ալեքսէյ սկսաւ Սուրբ Գիրքը սերտել, որպէսզի կեանքին նպատակը գտնէ։ Իր կինը բժշկուհի էր եւ ինքն ալ Աստուծոյ չէր հաւատար։ Ետքը, ան Սուրբ Գիրքը սերտեց, որպէսզի փաստէ թէ իր ամուսինը սխալ ճամբու մէջ է։ Բայց հիմա երկուքն ալ կը հաւատան Աստուծոյ եւ գիտեն թէ ի՛նչ է իր նպատակը մարդկութեան վերաբերեալ։

ԳԻՏՆԱԿԱՆ ԴՈԿՏ. ՀՈՒԱՊԻ ՅԻՆ։ Ան բնագիտութիւն ուսանեցաւ եւ երկար տարիներ փնտռտուքներ ըրաւ արեւուն մասին։

Հուապի կ’ըսէ. «Երբ որպէս գիտնականներ կ’ուսումնասիրենք բնական երեւոյթները, միշտ կը տեսնենք որ ամէն ինչի մէջ շատ կարգուկանոն կայ, ինչ որ մանրակրկիտ օրէնքներու արդիւնքն է։ Ես ինծի հարցուցի. ‘Այս օրէնքները ինչպէ՞ս գոյացան։ Եթէ նոյնիսկ ճաշ եփած ատեն մէկը պէտք է ուշադրութեամբ հսկէ կրակը, ո՞վ դրած է այն օրէնքները որ արեւուն տաքութիւնը կը զսպեն’։ Ժամանակի ընթացքին անդրադարձայ, որ ամէնէն տրամաբանական պատասխանը կը գտնուի Սուրբ Գիրքին առաջին նախադասութեան մէջ. ‘Սկիզբէն Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց’» (Ծննդոց 1։1

Գիտութիւնը պատասխանած է շատ մը «ինչպէ՞ս. . . » հարցումներու. օրինակ՝ ուղեղին բջիջները ինչպէ՞ս կ’աշխատին, արեւը ինչպէ՞ս կ’արտադրէ տաքութիւնը եւ լոյսը։ Բայց ինչպէս որ Ալեքսէյը եւ Հուապին գիտցան, Սուրբ Գիրքը կը պատասխանէ աւելի կարեւոր եղող «ինչո՞ւ. . . » հարցումներուն. Տիեզերքը ինչո՞ւ գոյութիւն ունի, ատիկա ինչո՞ւ օրէնքներ ունի, մենք ինչո՞ւ գոյութիւն ունինք։

Սուրբ Գիրքը երկրին մասին կ’ըսէ. «[Աստուած] զանիկա պարապ տեղ չստեղծեց, հապա բնակութեան համար կազմեց» (Եսայի 45։18)։ Ուրեմն, Աստուած նպատակ մը ունի երկրին վերաբերեալ, եւ այդ նպատակը շատ կապ ունի՝ ապագային նկատմամբ մեր յոյսին հետ, ինչպէս որ յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք։