Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Միշտ Եհովայի վստահէ

Միշտ Եհովայի վստահէ

«Ամէն ժամանակ վստահեցէ՛ք անոր, ո՛վ ժողովուրդ» (ՍԱՂ. 62։8, ԱԾ

1-3. Եհովայի հանդէպ Պօղոսի վստահութիւնը ինչպէ՞ս զօրացաւ (տե՛ս բացման պատկերը)։

ՀՌՈՄԻ մէջ քրիստոնեաները վտանգաւոր ժամանակ մը դիմագրաւեցին։ Իրենց հանդէպ դառն թշնամութիւն ցուցաբերուեցաւ, երբ տարաձայնութիւն եղաւ թէ Հռոմի հրդեհը իրենք պատճառեցին (Ք.Ե. 64–ին) եւ թէ մարդիկը կ’ատէին։ Եթէ հոն ըլլայիր, ամէն օր հաւանականութիւն կար որ ձերբակալուէիր ու չարչարուէիր։ Հոգեւոր եղբայրներէդ ու քոյրերէդ ոմանք գազաններու կողմէ կը բզքտուէին կամ ցիցերու վրայ կը գամուէին եւ ողջ–ողջ կ’այրուէին իբրեւ գիշերային լոյսեր։

2 Շատ հաւանաբար որ այս տագնապալից ժամանակին մէջ էր որ Պօղոս առաքեալ երկրորդ անգամ ըլլալով Հռոմի մէջ բանտարկուեցաւ։ Այլ քրիստոնեաներ իրեն պիտի օգնէի՞ն։ Այս ուղղութեամբ Պօղոս թերեւս որոշ մտահոգութիւն ունեցաւ, քանի որ Տիմոթէոսի գրեց. «Առաջին անգամ ատեանին առջեւ պատասխան տալուս՝ իմ կողմս մէ՛կը չկայնեցաւ, հապա ամէնքն ալ զիս թողուցին. այս իրենց թող յանցանք չսեպուի»։ Այսուհանդերձ Պօղոս ընդունեց որ բոլորովին առանց օգնութեան չէր։ Ան աւելցուց. «Բայց Տէրը իմ քովս կայնեցաւ ու զիս զօրացուց»։ Այո, Տէր Յիսուս Պօղոսի հարկ եղած զօրութիւնը հայթայթեց։ Իսկ արդի՞ւնքը։ «Ես առիւծին բերնէն ազատեցայ» (Բ. Տիմ. 4։16, 17) *։

3 Այդ փորձառութիւնը վերյիշելը զօրացուցած ըլլալու էր Պօղոսը, օգնելով վստահութիւն ունենալու որ Եհովան զինք պիտի ամրացնէր, որպէսզի իր ներկայ փորձութիւններուն եւ գալիք որեւէ դժուարութեան տոկար։ Իրականութեան մէջ, ան յաջորդաբար ըսաւ. «Տէրը ամէն չար գործէ պիտի ազատէ զիս» (Բ. Տիմ. 4։18)։ Արդարեւ, Պօղոս փորձառաբար գիտէր որ նոյնիսկ երբ մարդկային օգնութիւնը սահմանափակ է, Եհովայի ու իր Որդիին հայթայթած օգնութիւնը իրական է։

ԵՀՈՎԱՅԻ ՎՍՏԱՀԵԼՈՒ ՊԱՏԵՀՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

4, 5. ա) Որմէ՞ կրնաս միշտ ստանալ հարկ եղած օգնութիւնը։ բ) Եհովայի հետ փոխյարաբերութիւնդ ինչպէ՞ս կրնաս զօրացնել։

4 Երբեմն զգացա՞ծ ես թէ դժուար կացութիւն մը ձեռք առնելու մէջ բոլորովին առանձին եղած ես։ Անիկա թերեւս անգործութիւն, դպրոցին մէջ ճնշումներ, առողջապահական խնդիր կամ այլ նեղացուցիչ պարագայ մըն էր։ Հաւանաբար օգնութիւն խնդրեցիր, բայց քեզ յուսախաբ ըրին, հարկ եղածը չապահովելով։ Արդարեւ, կարգ մը խնդիրներ միայն մարդկային օգնութեամբ չեն լուծուիր։ Այսպիսի պարագաներու ներքեւ, «Տէրո՛ջ վստահէ» սուրբգրային խրատը անիմա՞ստ է (Առ. 3։5, ԱԾ, 6)։ Վստահաբար ոչ։ Աստուածային օգնութիւնը մեծապէս շօշափելի է, ինչպէս որ Աստուածաշունչի բազմաթիւ դրուագներ կը լուսաբանեն։

5 Հետեւաբար, փոխանակ դժգոհելու երբ մարդկային օգնութիւնը սահմանափակ թուի, առաքեալին նման այսպիսի պարագաներ նկատէ պատեհութիւններ՝ Եհովային լիովին ապաւինելու եւ իր սիրալիր հոգատարութիւնը ուղղակի վայելելու։ Ասիկա իրեն հանդէպ վստահութիւնդ պիտի ամրացնէ եւ իրեն հետ փոխյարաբերութիւնդ ա՛լ աւելի իրական պիտի դարձնէ։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՎՍՏԱՀԻԼԸ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է

6. Ինչո՞ւ դիւրին չէ Եհովային վստահիլ, երբ ճնշումի տակ ենք։

6 Աղօթքով կրնա՞ս Եհովային ներկայացնել նեղացուցիչ խնդիր մը եւ ապա անդորրութիւն վայելել, գիտնալով որ ձեռքէդ եկածը ըրիր ու ան մնացածին հոգ պիտի տանի։ Այո՛ (կարդա՛ Սաղմոս 62։8. Ա. Պետրոս 5։7)։ Ասիկա ընելը Եհովայի հետ փոխյարաբերութիւն զարգացնելու կարեւոր մէկ երեսակն է։ Բայց եւ այնպէս, դիւրին չէ վստահիլ թէ Եհովան քեզի պէտք եղածը պիտի հայթայթէ։ Ինչո՞ւ։ Պատճառներէն մէկը այն է, թէ Եհովան միշտ անմիջապէս չի պատասխաներ (Սաղ. 13։1, 2. 74։10. 89։46. 90։13. Ամբ. 1։2

7. Եհովան ինչո՞ւ միշտ անմիջապէս չի պատասխաներ մեր աղօթքներուն։

7 Եհովան ինչո՞ւ մեր իւրաքանչիւր խնդրանքը անմիջապէս չի շնորհեր։ Մտաբերէ թէ ան ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ հայր (Սաղ. 103։13)։ Զաւակ մը արդարացիօրէն չի կրնար ակնկալել որ ծնողը իր ամէն ուզածը ընէ կամ անմիջապէս կատարէ։ Զաւակին կարգ մը խնդրանքները կրնան պարզապէս անցողական փափաքներ ըլլալ։ Ուրիշ խնդրանքներ յարմար ժամանակին պէտք է սպասեն։ Ոմանք ալ թերեւս չեն ծառայեր զաւակին կամ ուրիշներու լաւագոյն շահերուն։ Ասկէ զատ, եթէ ծնողը անմիջապէս տայ ամէն անգամ որ զաւակը բան մը խնդրէ, ան զաւակին ծառան կը դառնայ։ Նմանապէս, մեր լաւագոյն շահերը ի մտի ունենալով, Եհովան կրնայ թոյլ տալ որ ժամանակ անցնի, նախքան մեր աղօթքներուն պատասխանը բացայայտ դառնալը։ Ասիկա իր բացարձակ իրաւունքն է որպէս մեր իմաստուն Արարիչը, սիրառատ Տէրը եւ երկնաւոր Հայրը։ Մեր բոլոր խնդրանքները անմիջապէս շնորհելը պիտի խեղաթիւրէր մեր եւ իր միջեւ եղած պատշաճ յարաբերութիւնը (համեմատէ՛ Եսայի 29։16. 45։9

8. Մեր անձնական սահմանափակումներուն առնչութեամբ, Եհովան ի՞նչ կը խոստանայ։

8 Այլ ազդակ մըն է, թէ Եհովան մեր սահմանափակումներուն քաջատեղեակ է (Սաղ. 103։14)։ Հետեւաբար ան չ’ակնկալեր որ միայն մեր ուժով տոկանք, ուստի իր հայրական օգնութիւնը մեզի կը մատուցանէ։ Անշուշտ, երբեմն թերեւս զգանք թէ չենք կրնար աւելին տանիլ։ Բայց Եհովան մեզի կը վստահեցնէ որ բնաւ թոյլ պիտի չտայ որ իր ծառաները իրենց տոկալու կարողութենէն աւելի տառապին։ Արդարեւ ան «ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ» (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 10։13)։ Ուստի վաւերական պատճառ ունինք վստահ ըլլալու, որ Եհովան ճշգրտօրէն գիտէ թէ որքան կրնանք տոկալ։

9. Ի՞նչ պէտք է ընենք, երբ աղօթքով օգնութիւն խնդրենք եւ անմիջապէս չպատասխանուի։

9 Երբ աղօթքով օգնութիւն խնդրենք եւ անմիջապէս չպատասխանուի, թող որ սպասենք. Եհովան գիտէ ճիշդ ե՛րբ մեզի ի նպաստ գործի լծուի։ Չմոռնանք որ ինքն ալ կը համբերէ, քանի որ միշտ կ’ուզէ մեր օգնութեան փութալ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տէրը պիտի սպասէ, որպէս զի ձեզի գթութիւն ընէ ու պիտի բարձրանայ, որպէս զի ձեզի ողորմի. քանզի Տէրը արդար Աստուած մըն է։ Երանի՜ այն ամենուն, որ անոր կը սպասեն» (Եսա. 30։18

«ԱՌԻՒԾԻՆ ԲԵՐԱՆԸ»

10-12. ա) Ի՞նչ բան կրնայ հիւանդ տնեցիի մը հոգ տանիլը դժուարացնել։ բ) Դժուար ժամանակներու ընթացքին Եհովայի վստահիլը ինչպէ՞ս պիտի ազդէ իրեն հետ անհատին ունեցած յարաբերութեան. լուսաբանէ։

10 Երբ խիստ նեղութեան մէջ ես, թերեւս զգաս ինչպէս որ Պօղոս զգաց, թէ «առիւծին բերան»ին մէջ կամ առնուազն շատ մօտ ես։ Այսպիսի ժամանակներու ընթացքին, Եհովայի վստահիլը ծայրաստիճան կարեւոր է։ Օրինակ՝ թերեւս երկարատեւ հիւանդութենէ բռնուած տնեցիի մը հոգ կը տանիս։ Աղօթքով իմաստութիւն եւ զօրութիւն խնդրած ես *։ Այս ուղղութեամբ ամէն կարելիդ ընելէ ետք, որոշ չափով խաղաղութիւն կը զգաս, գիտնալով որ Եհովայի աչքերը քու վրադ են եւ հարկ եղածը պիտի հայթայթէ, որպէսզի հաւատարմօրէն տոկաս (Սաղ. 32։8

11 Բայց թերեւս չթուի թէ Եհովան քեզի կ’օգնէ։ Մէկ կողմէ բժիշկները կը մերժեն ուզածդ ընել, միւս կողմէ ազգականներդ քեզ մխիթարելու տեղ՝ կացութիւնը կը վատթարացնեն։ Այսուհանդերձ միշտ Եհովայի ապաւինէ որ քեզ զօրացնէ, ու շարունակէ իրեն մօտենալ (կարդա՛ Ա. Թագաւորաց 30։3, 6)։ Յետագային, երբ անդրադառնաս թէ Եհովան ինչպէս քեզի օգնած է, իրեն հետ փոխյարաբերութիւնդ աւելի զօրաւոր պիտի ըլլայ։

12 Լինտան * ասոր գիտակցեցաւ, քանի մը տարի հոգ տանելէ ետք իր հիւանդ ծնողներուն, որոնց մէկ ոտքը գերեզմանն էր։ «Այդ վիճակին մէջ, ամուսինս, եղբայրս ու ես, յաճախ չէինք գիտեր ի՛նչ ընել։ Երբեմն անօգնական կը զգայինք։ Սակայն այժմ յետադարձ ակնարկ մը նետելով, աւելի յստակօրէն կը տեսնենք թէ ինչպէս Եհովան իսկապէս մեզի հետ էր։ Ան մեզ զօրացուց եւ մեզի ճիշդ պէտք եղածը հայթայթեց, նոյնիսկ երբ թուեցաւ որ որեւէ ընտրանք չունէինք»։

13. Եհովայի վստահիլը ինչպէ՞ս օգնեց քրոջ մը, որ շարք մը նեղացուցիչ իրադարձութիւններու հետ գլուխ ելլէ։

13 Եհովայի հանդէպ կատարեալ վստահութիւն ունենալը նաեւ մեզի կ’օգնէ, երբ ողբերգութեան դէմ յանդիման գանք։ Մինչ ոչ–Վկայ ամուսինը ամուսնալուծման փաստաթուղթերը կը պատրաստէր, բժշկական քննութիւնները յայտնեցին թէ Ռանտայի եղբայրը գայլախտ ունէր,– կեանքին սպառնացող հիւանդութիւն մը։ Քանի մը ամիս ետք, իր եղբօր կինը մահացաւ։ Երբ Ռանտան այդ ջախջախիչ փորձառութիւններէն սկսաւ ապաքինիլ, կանոնաւոր ռահվիրայութեան ձեռնարկեց։ Բայց քիչ ետք իր մայրը կորսնցուց։ Ան կը բացատրէ թէ ի՛նչ բան իրեն օգնեց դիմանալու. «Ամէն օր Եհովայի հետ հաղորդակցեցայ, նոյնիսկ չնչին որոշումներու առնչութեամբ։ Ասիկա ընելը զինք իրական դարձուց ինծի համար եւ սորվեցուց որ Իրե՛ն ապաւինիմ փոխանակ իմ անձիս կամ նոյնիսկ ուրիշ մարդոց։ Եւ Եհովայի տուած օգնութիւնը իրական էր,– բոլոր կարիքներուս հոգ տարուեցաւ։ Առ ի արդիւնք, Եհովայի հետ ձեռք–ձեռքի աշխատելու փորձառութիւնը ունեցայ»։

Նոյնիսկ ընտանիքէն ներս կրնայ փորձութիւն մը ծագիլ, որ Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութիւնը քննութեան կ’ենթարկէ (տե՛ս պարբերութիւն 14-16)

14. Վտարուող ազգական ունեցող հաւատարիմ քրիստոնեան ի՞նչ վստահութիւն կրնայ ունենալ։

14 Նկատի առ այլ պարագայ մը։ Ենթադրենք որ սիրելի մէկ ազգականդ վտարուեցաւ։ Աստուածաշունչէն սորված ես ինչպէ՛ս վարուիլ վտարուողներուն հետ (Ա. Կոր. 5։11. Բ. Յովհ. 10)։ Այսուհանդերձ, վտարումի որոշումին թիկունք կանգնիլը թերեւս թուի շատ դժուար, նոյնիսկ անկարելի *։ Վստահութիւն պիտի ունենա՞ս թէ երկնաւոր Հայրդ քեզի զօրութիւն պիտի տայ, որպէսզի հաւատարմօրէն իրեն հնազանդիս։ Այս կացութիւնը պիտի նկատե՞ս Եհովայի ա՛լ աւելի մօտենալու պատեհութիւն մը։

15. Եդեմի մէջ Ադամ ինչո՞ւ Եհովայի պատուէրին չհնազանդեցաւ։

15 Այս առնչութեամբ, պահ մը խորհէ առաջին մարդուն՝ Ադամի մասին։ Ան իրապէս հաւատա՞ց որ կրնար Եհովայի չհնազանդիլ եւ ողջ մնալ։ Ո՛չ, քանի որ Սուրբ Գիրքը մեզի կ’ըսէ որ Ադամ «չխաբուեցաւ» (Ա. Տիմ. 2։14)։ Լաւ, ան ինչո՞ւ չհնազանդեցաւ։ Ան Եւայի հրամցուցած պտուղէն կերաւ, քանի որ իր կինը աւելի սիրեց քան՝ Եհովան։ Ան իր կնոջ մտիկ ըրաւ փոխանակ՝ իր Աստուծոյն (Ծն. 3։6, 17

16. Որո՞ւ հանդէպ ամէնէն զօրաւոր սէրը պէտք է ունենանք եւ ինչո՞ւ։

16 Արդեօք ասիկա կը թելադրէ՞ որ մեր ազգականներուն հանդէպ զօրաւոր սէր պէտք չէ ունենանք։ Անշուշտ ոչ։ Բայց Եհովայի հանդէպ պէտք է մեր ամէնէն զօրաւոր սէրը ունենանք (կարդա՛ Մատթէոս 22։37, 38)։ Ասիկա իսկապէս կը ծառայէ մեր ազգականներուն լաւագոյն շահերուն, ըլլա՛ն Եհովայի երկրպագուներ կամ ոչ։ Ուստի շարունակէ Եհովայի հանդէպ սէրդ ու վստահութիւնդ զօրացնել։ Եւ եթէ վտարուած ազգականի մը նկատմամբ մտահոգ ես, աղօթքով սիրտդ բաց (Հռով. 12։12. Փլպ. 4։6, 7) *։ Այս սրտաբեկ կացութիւնը գործածէ Եհովայի հետ փոխյարաբերութիւնդ աւելի իրական դարձնելու։ Այսպէս պիտի կարենաս իրեն վստահիլ, գիտնալով որ իրեն հնազանդիլը կարելի եղած լաւագոյն արդիւնքը պիտի տայ։

ՄԻՆՉ ԿԸ ՍՊԱՍԵՆՔ

Եհովայի հանդէպ վստահութիւնդ ցոյց տուր, իր գործին մէջ զբաղած մնալով (տե՛ս պարբերութիւն 17)

17. Եթէ քարոզչութեամբ զբաղած մնանք, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան ի՞նչ պիտի ընէ։

17 Պօղոս ի՞նչ նպատակով ‘առիւծին բերնէն ազատուեցաւ’։ Ան կը նշէ. «Որպէս զի քարոզութիւնը իմ միջոցովս լման ըլլայ ու բոլոր հեթանոսները լսեն» (Բ. Տիմ. 4։17)։ Պօղոսի նման, մինչ քարոզչութեամբ կը զբաղինք, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան հոգ պիտի տանի որ բոլոր անհրաժեշտ բաները մեզի ‘տրուին’ (Մատ. 6։33)։ Որպէս Թագաւորութեան քարոզիչներ մեզի ‘աւետարանը վստահուած է’, իսկ Եհովան մեզ կը նկատէ իր «գործակից»ները (Ա. Թես. 2։4. Ա. Կոր. 3։9)։ Իր գործին մէջ կարելի եղածին չափ գործունեայ ըլլալով, աւելի դիւրին պիտի ըլլայ իրեն սպասել որ մեր աղօթքներուն պատասխանէ։

18. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի հանդէպ վստահութիւն կերտել եւ իրեն հետ մեր փոխյարաբերութիւնը ամրացնել։

18 Արդ, ներկայ ժամանակը գործածե՛նք Աստուծոյ հետ մեր փոխյարաբերութիւնը ամրացնելու։ Եթէ պարագայ մը մեզ մտահոգ դարձնէ, զայն գործածե՛նք Եհովային աւելի մօտենալու։ Այո, Աստուածաշունչը սերտելով, յարատեւ աղօթելով եւ հոգեւոր գործունէութիւններով զբաղած մնալով, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան մեզի պիտի օգնէ, որ մեր բոլոր ներկայ եւ ապագայ փորձութիւններուն դիմանանք։

^ պարբ. 2 «Առիւծին բերանը», որմէ Պօղոս ազատեցաւ, կրնայ բառացի կամ այլաբանական ըլլալ։

^ պարբ. 10 Յօդուածներ հրատարակուած են յօգուտ հիւանդ քրիստոնեաներուն եւ անոնց հոգ տանողներուն։ Տե՛ս Զարթի՛ր–ի հետեւեալ թիւերը. 8 փետրուար 1994, 8 փետրուար 1997, 22 մայիս 2000 եւ 22 յունուար 2001։

^ պարբ. 12 Անունները փոխուած են։

^ պարբ. 14 Տե՛ս այս թիւին մէջ՝ «Վտարումը ինչո՛ւ սիրալիր կարգադրութիւն է» յօդուածը։

^ պարբ. 16 Յօդուածներ հրատարակուած են ընտանիքի հաւատարիմ անդամներուն օգնելու, որ գիտնան ինչպէս գլուխ ելլել, երբ սիրելի ազգական մը Եհովան կը լքէ։ Տե՛ս անգլերէն լեզուով Դիտարան–ի 1 սեպտեմբեր 2006 թիւը, էջ 17-21, եւ 15 յունուար 2007 թիւը, էջ 17-20։