Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ասիկա մեր պաշտամունքի վայրն է

Ասիկա մեր պաշտամունքի վայրն է

«Քու տանդ նախանձը զիս կերաւ» (ՅՈՎՀ. 2։17

ԵՐԳԵՐ. 127, 118

1, 2. ա) Անցեալին, Եհովայի ծառաները պատշամունքի ի՞նչ վայրեր գործածած են։ բ) Յիսուս Երուսաղէմի տաճարին նկատմամբ ի՞նչ զգաց։ գ) Այս յօդուածին նպատակը ի՞նչ է։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ծառաները վաղեմի օրերէն ի վեր ունեցած են իրենց պաշտամունքի վայրերը։ Աբէլ թերեւս զոհասեղան մը շինեց իր ընծան մատուցանելու համար (Ծն. 4։3, 4)։ Նոյ, Աբրահամ, Իսահակ, Յակոբ եւ Մովսէս, բոլորն ալ ողջակէզի սեղաններ շինեցին (Ծն. 8։20. 12։7. 26։25. 35։1. Ել. 17։15)։ Իսրայէլացիները Եհովայի ուղղութեան ներքեւ խորանը շինեցին (Ել. 25։8)։ Յետագային, անոնք Եհովայի տաճարը կառուցանեցին (Գ. Թագ. 8։27, 29)։ Իսկ բաբելոնական աքսորէն վերադառնալէն ետք, հրեաները կանոնաւորաբար ժողովարաններու մէջ կը ժողվուէին (Մար. 6։2. Յովհ. 18։20. Գործք 15։21)։ Առաջին դարու քրիստոնեաները ժողովքի անդամներուն տունը կը հաւաքուէին (Գործք 12։12. Ա. Կոր. 16։19)։ Իսկ ներկայիս, Եհովայի ժողովուրդը համայն աշխարհի մէջ տասնեակ հազարաւոր Թագաւորութեան սրահներ կը գործածէ, Եհովայի մասին սորվելու եւ զինք պաշտելու համար։

2 Յիսուս այնքան շատ կը սիրէր ու կը գնահատէր Եհովայի տաճարը, որ աշակերտները իրենց միտքը բերին այս մարգարէական խօսքը. «Քու տանդ նախանձը զիս կերաւ» (Սաղ. 69։9. Յովհ. 2։17)։ Չենք կրնար Թագաւորութեան սրահը Երուսաղէմի տաճարին պէս «Տէրոջը տունը» կոչել (Բ. Մն. 5։13. 33։4)։ Բայց եւ այնպէս, պէտք է որ մեր պաշտամունքի վայրերը խորապէս յարգենք։ Այս յօդուածին նպատակն է քննարկել Աստուածաշունչի կարգ մը սկզբունքներ, որոնք ցոյց կու տան, թէ ի՛նչ աչքով պէտք է դիտենք Թագաւորութեան սրահները, եւ զանոնք ինչպէ՛ս պէտք է ֆինանսաւորենք, մաքրենք եւ նորոգենք *։

ՄԱՔՈՒՐ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԸ ԿԸ ՅԱՐԳԵՆՔ

3-5. Թագաւորութեան սրահը ի՞նչ է, եւ մեր ժողովները ի՞նչ աչքով պէտք է դիտենք։

3 Թագաւորութեան սրահը մաքուր պաշտամունքի կեդրոնն է. եւ ժողովները այն կերպերէն մէկն են, որոնցմով Եհովան մեզ հոգեւորապէս կը կերակրէ։ Հոս է որ հարկ եղած քաջալերութիւնն ու ուղղութիւնները կը ստանանք իր կազմակերպութեան միջոցով։ Եհովան եւ իր Որդին մեզ կը հրաւիրեն որ ամէն շաբաթ «Տէրոջը սեղանէն» ուտենք։ Այս հրաւէրը բնաւ թեթեւի պէտք չէ առնենք (Ա. Կոր. 10։21

4 Եհովան պաշտամունքի եւ փոխադարձ քաջալերութեան այս առիթները ա՛յնքան կարեւոր կը նկատէ, որ Պօղոս առաքեալին գրել տուաւ որ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք (կարդա՛ Եբրայեցիս 10։24, 25)։ Միթէ Եհովան յարգած կ’ըլլա՞նք, եթէ անկարեւոր պատճառներով ժողովներէ բացակայինք։ Արդ, կրնանք ժողովներուն վրայով մեր երախտագիտութիւնը ցոյց տալ Եհովային՝ անոնց նախապատրաստուելով եւ ամբողջ սրտով մասնակցելով (Սաղ. 22։22

5 Թէ՛ սրահի կառոյցին եւ թէ հոն կատարուող հոգեւոր գործունէութիւններուն նկատմամբ մեր կեցուածքը յարգալից պէտք է ըլլայ։ Կ’ուզենք մեր վարուելակերպով փառք բերել Աստուծոյ անուան, որ ընդհանրապէս կը նշուի Թագաւորութեան սրահին ցուցատախտակին վրայ (համեմատէ՛ Գ. Թագաւորաց 8։17

6. Ոմանք ի՞նչ ըսած են մեր Թագաւորութեան սրահներուն եւ հոն ներկայ գտնուողներուն մասին (տե՛ս բացման պատկերը)։

6 Վկայ չեղողները յաճախ կը նկատեն, թէ որքա՜ն կը յարգենք մեր պաշտամունքի վայրերը։ Օրինակի համար, Թուրքիոյ մէջ մարդ մը ըսաւ. «Այն մաքրութիւնն ու կարգապահութիւնը, որ Թագաւորութեան սրահին մէջ նկատեցի, տպաւորեց զիս։ Մարդիկ պատշաճ հագած էին, խնդումերես էին եւ զիս ջերմօրէն ողջունեցին։ Ասիկա զիս մեծապէս տպաւորեց»։ Ան սկսաւ կանոնաւորաբար ժողովներու ներկայ գտնուիլ եւ շատ չանցած՝ մկրտուեցաւ։ Ինտոնեզիոյ քաղաքներէն մէկուն մէջ, եղբայրները իրենց դրացիները եւ կառավարական պաշտօնեաներ հրաւիրեցին, որ նորակառոյց Թագաւորութեան սրահը տեսնեն։ Քաղաքապետը այնքան տպաւորուեցաւ սրահին շինարարական որակով, գործնական ըլլալով եւ գեղեցիկ պարտէզով, որ ըսաւ. «Այս սրահին մաքրութիւնը ձեր իսկական հաւատքը կ’արտացոլէ»։

Մեր վարուելակերպը կրնայ Աստուծոյ հանդէպ յարգանքի պակաս ցոյց տալ (տե՛ս պարբերութիւն 7, 8)

7, 8. Ժողովներուն ներկայ եղողները ի՞նչ կարեւոր կէտեր պէտք է ի մտի ունենան։

7 Մեզ ժողովներու հրաւիրողը Եհովան է. եւ մեր հագուելակերպով ու վարուելակերպով իրեն յարգանք ցոյց կու տանք։ Յարգանքը նաեւ կը պարփակէ, որ ծայրայեղութեան չերթանք։ Մեր ժողովներուն մէջ ո՛չ խիստ պաշտօնական պէտք է վարուինք, ոչ ալ չափէ դուրս անպաշտօն՝ կարծես մեր տունը ըլլանք։ Ճիշդ է որ Եհովան կ’ուզէ որ մենք եւ մեր հրաւիրած անհատները սրահին մէջ հանգիստ զգան, բայց ասիկա չի նշանակեր որ ժողովներուն հանդէպ որեւէ կերպով յարգանքի պակաս ցոյց տանք։ Ասոր համար է որ թափթփած կամ շատ անպաշտօն չենք հագուիր, ժողովին ընթացքին չենք նամակցիր, խօսիր, ուտեր կամ խմեր։ Եւ ծնողները պէտք է իրենց զաւակներուն հասկցնեն, որ Թագաւորութեան սրահը վազելու կամ խաղալու վայր մը չէ (Ժող. 3։1

8 Երբ Յիսուս տեսաւ թէ մարդիկ Աստուծոյ տաճարը շուկայի վերածած են, բարկացաւ եւ դուրս վռնտեց զանոնք (Յովհ. 2։13-17)։ Մեր Թագաւորութեան սրահներն ալ մաքուր պաշտամունքի եւ հոգեւոր կրթութեան վայրեր են։ Ուստի ճիշդ պիտի չըլլայ, որ սրահին մէջ առեւտրական հարցերով զբաղինք (համեմատէ՛ Նէեմիա 13։7, 8

ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՍՐԱՀՆԵՐՈՒ ՇԻՆԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԹԻԿՈՒՆՔ ԿԸ ԿԱՆԳՆԻՆՔ

9, 10. ա) Թագաւորութեան սրահները ինչպէ՞ս կը շինուին ու կը ֆինանսաւորուին, իսկ արդիւնքը ի՞նչ եղած է։ բ) Ո՞ր կարգադրութիւնը օգնած է այն ժողովքներուն, որոնք նիւթական միջոցներ չունէին սրահներ կառուցանելու։

9 Համայն աշխարհի մէջ, Աստուծոյ ժողովուրդը ծանր կ’աշխատի Թագաւորութեան սրահներ կառուցանելու համար։ Կամաւորներ անվճար կը նախագծեն, կը շինեն եւ կը նորոգեն զանոնք։ Արդիւնքը ի՞նչ եղած է։ Վերջին 15 տարիներուն, աշխարհի տարածքին աւելի քան 28,000 գեղեցիկ Թագաւորութեան սրահներ շինուած են, այսինքն՝ միջին հաշուով տարուան իւրաքանչիւր օրը 5 սրահ։

10 Եհովայի կազմակերպութիւնը կամաւորներ կը նշանակէ եւ նուիրատուութիւնները կ’օգտագործէ, որպէսզի Թագաւորութեան սրահներ շինէ հո՛ն ուր կարիք կայ։ Այս սիրալիր կարգադրութիւնը հիմնուած է Աստուածաշունչի այն սկզբունքին վրայ, որ ոմանց աւելին լեցնէ ուրիշներու պակասութիւնը, որպէսզի «հաւասարութիւն ըլլայ» (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 8։13-15)։ Առ ի արդիւնք, գեղեցիկ սրահներ շինուած են այն ժողովքներուն համար, որոնք նիւթական միջոցները չունէին զանոնք կառուցանելու։

11. Եղբայրներէն ոմանք ի՞նչ կ’ըսեն իրենց նորակառոյց սրահին մասին, եւ ասոր նկատմամբ ի՞նչ կը զգաս։

11 Քոսթա Ռիքայի ժողովքներէն մէկը, որ այս կարգադրութենէն օգտուեցաւ, հետեւեալը գրեց. «Երբ Թագաւորութեան սրահին առջեւ կանգնինք, կարծես երազի մէջ ըլլանք։ Աչքերնո՛ւս չենք հաւատար։ Մեր գեղեցիկ սրահը իր ծակուծուկներով ամբողջացաւ միայն 8 օրուան մէջ, շնորհիւ Եհովայի օրհնութեան, իր կազմակերպութեան միջոցով եղած կարգադրութեանց եւ մեր սիրելի եղբայրներուն աջակցութեան։ Այս պաշտամունքի վայրը ի՛րապէս թանկագին նուէր մը կամ գոհար մըն է Եհովայի կողմէ։ Շատ ուրախ ենք մենք»։ Ո՜րքան կը հրճուինք, լսելով այսպիսի շնորհակալական արտայայտութիւններ եւ գիտնալով որ աշխարհի տարածքին հազարաւոր շրջաններու մէջ եղբայրները համանման ուրախութիւն կը վայելեն։ Յստակ է որ Եհովան կ’օրհնէ այս գործը, որովհետեւ հազիւ որ նոր Թագաւորութեան սրահ մը շինուի, շատ յաճախ կը սկսի լեցուիլ ազնուասիրտ անհատներով, որոնք կը փափաքին սիրալիր Ստեղծիչին մասին աւելին սորվիլ (Սաղ. 127։1

12. Ինչպէ՞ս կրնաս Թագաւորութեան սրահի շինարարութեան մէջ բաժին բերել։

12 Բազմաթիւ եղբայրներ եւ քոյրեր մեծապէս ուրախացած են, երբ կրցած են Թագաւորութեան սրահի շինարարութեան մէջ բաժին բերել։ Ճիշդ է որ մեզմէ իւրաքանչիւրը չի կրնար ֆիզիքապէս օգնել, բայց բոլո՛րս կրնանք նուիրատուութեամբ թիկունք կանգնիլ։ Աստուծոյ վաղեմի ծառաները նախանձախնդրութենէ մղուած՝ ուզեցին պաշտամունքի վայրերը ֆինանսաւորել. մենք ալ այսօր նոյնը կ’ընենք Եհովան փառաբանելու համար (Ել. 25։2. Բ. Կոր. 9։7

ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՍՐԱՀԸ ՄԱՔՈՒՐ ԿԸ ՊԱՀԵՆՔ

13, 14. Աստուածաշունչի ո՞ր սկզբունքները ցոյց կու տան, որ մեր Թագաւորութեան սրահը մաքուր ու կոկիկ պէտք է պահենք։

13 Մէյ մը որ Թագաւորութեան սրահ մը շինուի, ժողովքը զայն պէտք է մաքուր եւ կոկիկ պահէ, որպէսզի Եհովային՝ կարգուկանոնի Աստուծոյն, յատկութիւններն ու անձնաւորութիւնը արտացոլէ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 14։33, 40)։ Քանի որ կ’ուզենք Եհովային պէս մաքուր եւ սուրբ ըլլալ, ոչ միայն մեր պաշտամունքը, մտածելակերպը եւ գործերը մաքուր կը պահենք, հապա՝ մեր մարմիններն ալ (Յայտ. 19։8

14 Երբ այս սկզբունքներուն համաձայն կը գործենք, չենք ամչնար մարդիկը ժողովի հրաւիրելու, վստահ ըլլալով որ անոնք պիտի տեսնեն թէ ի՛րապէս կը կիրարկենք ինչ որ կը քարոզենք մաքուր նոր աշխարհին մասին, ինչպէս նաեւ կը պաշտենք սուրբ Աստուած մը, որ մօտ ատենէն երկիրը գեղեցիկ դրախտի պիտի վերածէ (Եսա. 6։1-3. Յայտ. 11։18

15, 16. ա) Թագաւորութեան սրահը մաքուր պահելը ինչո՞ւ կրնայ դժուար ըլլալ, բայց անիկա ինչո՞ւ անհրաժեշտ է։ բ) Ժողովքիդ սրահին մաքրութիւնը ինչպէ՞ս կազմակերպուած է եւ իւրաքանչիւրս ի՞նչ առանձնաշնորհում ունինք։

15 Ոմանք ուրիշներէ աւելի՛ կարեւորութիւն կու տան մաքրութեան։ Ինչո՞ւ այս տարբերութիւնը։ Զանազան պատճառներով։ Ամէն մէկը տարբեր ձեւով մեծցած է։ Ոմանք փոշոտ, ցեխոտ կամ աղտոտ շրջաններ կ’ապրին։ Ուրիշներ ալ բաւարար ջուր կամ մաքրութեան դեղեր չունին։ Բայց ո՛ւր որ ալ ապրինք եւ մեր շրջապատը ի՛նչ կեցուածք ալ ունենայ մաքրութեան շուրջ, մեր Թագաւորութեան սրահը պէտք է օրինակելի՛ ըլլայ, քանի որ Եհովայի անունը կը կրէ եւ մաքուր պաշտամունքի վայր է (Բ. Օր. 23։14

16 Թագաւորութեան սրահի մաքրութիւնը պէտք չէ պատահական ըլլայ, հապա՝ կազմակերպուած։ Երէցները ժողովքին համար մաքրութեան յայտագիր մը կը դնեն եւ պէտք եղած մաքրութեան պիտոյքները կ’ապահովեն։ Աւելին, անոնք գործը շիտակ կերպով կը բաժնեն որպէսզի բան մը աչքէ չվրիպի, ի մտի ունենալով որ կարգ մը բաներ իւրաքանչիւր ժողովէ ետք պէտք է մաքրուին, իսկ կարգ մը բաներ ալ՝ ատենը անգամ մը։ Արդ, ժողովքի բոլոր անդամները առանձնաշնորհումը ունին այս գործին մէջ բաժին բերելու։

ՄԵՐ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԱՅՐԸ ԿԸ ՆՈՐՈԳԵՆՔ

17, 18. ա) Եհովայի վաղեմի ծառաները տաճարին ինչպէ՞ս հոգ տարին եւ ասկէ ի՞նչ կը սորվինք։ բ) Թագաւորութեան սրահները ինչո՞ւ լաւ վիճակի մէջ պէտք է պահենք։

17 Մեր պաշտամունքի վայրը նաեւ լաւ վիճակի մէջ կը պահենք, անհրաժեշտ նորոգութիւններ ընելով։ Եհովայի վաղեմի ծառաները այդպէս ըրին։ Օրինակ, Յուդայի Յովաս թագաւորի իշխանութեան ընթացքին, ժողովուրդը տաճարին համար նուիրատուութիւններ ըրաւ։ Իսկ թագաւորը քահանաներուն հրամայեց որ հաւաքուած գումարը գործածեն «Տէրոջը տանը փլած տեղերը» նորոգելու (Դ. Թագ. 12։4, 5)։ Աւելի քան 200 տարի ետք, Յովսիա թագաւոր նոյնպէս տաճարի նուիրատուութիւններով պէտք եղած նորոգութիւնները ըրաւ (կարդա՛ Բ. Մնացորդաց 34։9-11

18 Մասնաճիւղեր կը տեղեկագրեն, թէ որոշ երկիրներու մէջ մարդիկ շատ կարեւորութիւն չեն տար կառոյցներու եւ սարքերու նորոգութեան, թերեւս քանի որ քիչեր են որ նորոգութենէ կը հասկնան կամ քանի որ բաւարար դրամ չունին նորոգելու։ Բայց եթէ Թագաւորութեան սրահին նորոգութիւնը անտեսուի, կառոյցը արագ պիտի հիննայ եւ լաւ վկայութիւն մը պիտի չըլլայ շուրջիններուն։ Միւս կողմէ, երբ ժողովքի անդամները իրենց ամէն կարելին ընեն սրահը լաւ վիճակի մէջ պահելու, ասիկա Եհովային փառք կը բերէ եւ հաւատակիցներուն նուիրատուութիւնները կը խնայէ։

Թագաւորութեան սրահին մաքրութիւնն ու նորոգութիւնը պէտք չէ անտեսուի (տե՛ս պարբերութիւն 16, 18)

19. Պաշտամունքի համար մեր գործածած վայրերուն առնչութեամբ ի՞նչ վճռած ես ընել։

19 Թագաւորութեան սրահը Եհովային նուիրուած կառոյց մըն է։ Ուստի կարելի չէ ըսել թէ անիկա որոշ անհատի մը կամ ժողովքի մը կը պատկանի։ Ինչպէս որ քննարկեցինք, Աստուածաշունչի սկզբունքները մեզի կ’օգնեն որ մեր պաշտամունքի վայրին նկատմամբ ճիշդ կեցուածքը ունենանք։ Մենք Եհովան խորապէս կը յարգենք, ուստի իւրաքանչիւրս պաշտամունքի վայրերուն նկատմամբ յարգանք ցոյց տանք, յաւելեալ շինարարական ծրագիրներու համար նուիրատուութիւն ընելով եւ կամովին մեր ժամանակն ու կորովը տրամադրելով Թագաւորութեան սրահին մաքրութեան եւ նորոգութեան։ Այսպիսով ցոյց տուած կ’ըլլանք, որ Յիսուսին պէս նախանձախնդիր ենք Եհովայի պաշտամունքի վայրին համար (Յովհ. 2։17

^ պարբ. 2 Ճիշդ է որ այս յօդուածը գլխաւորաբար Թագաւորութեան սրահներուն կ’ակնարկէ, սակայն սկզբունքները նմանապէս կը կիրարկուին համաժողովի սրահներուն եւ ա՛յլ վայրերու, որոնք կը գործածուին մաքուր պաշտամունքի համար։