Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բնական աղէտները Աստուծոյ կողմէ պատիժնե՞ր են։

Բնական աղէտները Աստուծոյ կողմէ պատիժնե՞ր են։

Ընթերցողները կը հարցնեն

Բնական աղէտները Աստուծոյ կողմէ պատիժնե՞ր են։

Աստուած բնական աղէտներով մարդիկը չի պատժեր։ Ան ասիկա երբեք չէ ըրած, ո՛չ ալ պիտի ընէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «Աստուած սէր է», կ’ըսէ Աստուածաշունչը Ա. Յովհաննէս 4։8–ի մէջ։

Աստուած ամէն բան սէրէ մղուած կ’ընէ։ Սէրը անմեղին վնաս չի հասցներ, քանի որ Աստուածաշունչը կը նշէ թէ «սէրը ընկերին գէշութիւն չ’ըներ»։ (Հռովմայեցիս 13։10) Իսկ Յոբ 34։12–ի մէջ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Արդարեւ Աստուած անօրէնութիւն չ’ըներ»։

Ճիշդ է որ Աստուածաշունչը մեր օրերուն նկատմամբ աղէտներ նախագուշակեց, ինչպէս՝ «մեծ երկրաշարժներ»։ (Ղուկաս 21։11) Բայց Եհովա պատասխանատու չէ անոնց գործած աւերներուն, ինչպէս որ օդերեւութաբանը պատասխանատու չէ իր նախատեսած փոթորիկին պատճառած վնասներուն։ Լաւ, եթէ բնական աղէտներուն պատճառած մարդկային տառապանքին ետին Աստուած չէ, ի՞նչ է պատճառը։

«Ամբողջ աշխարհը Չարին [Բանսարկուին] ենթակայ» է, կը յայտնէ Աստուածաշունչը։ (Ա. Յովհաննէս 5։19, Անթիլիաս) Մարդկութեան սկիզբը իր ըմբոստութենէն մինչեւ օրս, ան մարդասպան եղած է։ (Յովհաննէս 8։44) Սատանան մարդկային կեանքը աժան եւ անարժէք կը նկատէ։ Ան ինքնասպաս փառատենչութեամբ ղեկավարուած է, ուստի զարմանալի չէ որ աշխարհածաւալ դրութիւն մը հաստատած է, որ եսասիրութեամբ կ’ուռճանայ։ Ներկայ համաշխարհային դրութիւնը մարդուն շահագործման աչք կը գոցէ, այն աստիճան որ բազմաթիւ անպաշտպան մարդիկ կ’ապրին վտանգաւոր վայրերու մէջ, ուր շատ հաւանական է որ բնական կամ մարդակերտ աղէտներ հարուածեն։ (Եփեսացիս 2։2. Ա. Յովհաննէս 2։16) Արդ, ընչաքաղց մարդիկ պէտք է մեղադրուին մարդոց գլխուն եկած կարգ մը աղէտներուն համար։ (Ժողովող 8։9) Ինչո՞ւ։

Բազմաթիւ աղէտներ մասամբ մարդակերտ են։ Օրինակ, նկատի առ յառաջ եկած վայերը, երբ ծովամրրիկը հարուածեց Նիւ Օրլիընզ քաղաքը (Ա.Մ.Ն.), կամ երբ Վենէզուէլայի ծովեզերեայ լեռներէն հոսած տիղմը տուները ծածկեց։ Այս եւ այլ դէպքերու մէջ, բնական երեւոյթները, ինչպէս՝ հով եւ անձրեւ, աղէտներու դուռ բացին գլխաւորաբար կենսոլորտի նկատմամբ մարդուն տգիտութեան, ցածորակ շինարարութեան, թերի ծրագրման, անտեսուած ազդարարութիւններու եւ հեղինակութիւններու սխալ գործելակերպին պատճառաւ։

Նկատի առ Աստուածաշունչի ժամանակներուն տեղի ունեցած աղէտ մը։ Յիսուսի օրերուն, աշտարակ մը յանկարծ իյնալով 18 հոգի մեռցուց։ (Ղուկաս 13։4) Այս աղէտին պատճառը թերեւս մարդկային սխալը, «ժամանակ ու դիպուած»ը, կամ երկուքն էին,– բայց վստահաբար Աստուծոյ դատաստանը չէր։—Ժողովող 9։11

Աստուած երբեք աղէտներ բերա՞ծ է։ Այո՛, բայց բնական կամ մարդակերտ աղէտներուն հակառակը, անոնք ընտրողական էին, նպատակ մը ունէին եւ շատ հազուադէպ էին։ Նոյ նահապետի օրերուն աշխարհածաւալ Ջրհեղեղը եւ Ղովտի օրերուն Սոդոմ ու Գոմոր քաղաքներուն կործանումը, երկու օրինակ են։ (Ծննդոց 6։7-9, 13. 18։20-32. 19։24) Այդ աստուածային դատավճիռները անսրբագրելի ամբարիշտները մէջտեղէն վերցուցին, բայց Աստուծոյ աչքին արդար եղողները ողջ պահեցին։

Իրականութիւնը այն է թէ Եհովա Աստուած տառապանքին վերջ դնելու եւ բնական աղէտներու հետեւանքները չէզոքացնելու միջոցը, փափաքը եւ զօրութիւնը ունի։ Աստուծոյ կողմէ նշանակուած Թագաւորին՝ Յիսուս Քրիստոսի նկատմամբ, Սաղմոս 72։12–ը նախագուշակեց. «Աղքատը պիտի փրկէ աղաղակելու ատենը, խեղճն ալ ու զանիկա ալ, որ օգնական չունի»։