Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Առասպել 4. Աստուած երրորդութիւն է

Առասպել 4. Աստուած երրորդութիւն է

Առասպել 4. Աստուած երրորդութիւն է

Առասպելին ծագումը ի՞նչ է։ «Կարելի է այն տպաւորութիւնը ունենալ, թէ Երրորդութեան վարդապետութիւնը վերջին վերլուծման համաձայն՝ 4–րդ դարուն վերջաւորութեան հնարուած է։ Առումով մը ասիկա ճիշդ է. . . ‘Մէկ Աստուած երեք Անձերու մէջ’ բանաձեւը ամրօրէն հաստատուած չէր ու վստահաբար քրիստոնէական կեանքին եւ անոր հաւատքի դաւանանքին մէջ լիովին իւրացուած չէր, 4–րդ դարուն վերջաւորութենէն առաջ» (New Catholic Encyclopedia [1967], հատոր 14, էջ 299)։

«Նիկիոյ խորհրդաժողովը ժողով մը գումարեց 20 մայիս 325–ին [մ.թ.]։ Կոստանդին ինքն էր ատենապետը, եւ գործօն կերպով քննարկութիւնները առաջնորդեց ու անձամբ առաջարկեց. . . էական բանաձեւը, զոր բովանդակեց խորհրդաժողովին սահմանած հաւատքի հանգանակը եւ կը յայտնէր Քրիստոսի կապը Աստուծոյ հետ,– ‘Հօր հետ նոյն բնոյթը ունի’։ . . .Կայսրին վախը ունենալով, եպիսկոպոսները՝ բացի երկու հոգիէ, հաւատքի հանգանակը ստորագրեցին, շատեր՝ ակամայ» (Encyclopædia Britannica [1970], հատոր 6, էջ 386)։

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ։ «Ստեփանոս, Սուրբ Հոգիով լեցուած, աչքերը երկինք բարձրացուց եւ տեսաւ զԱստուած իր ամբողջ փառքով, ինչպէս նաեւ Յիսուսը՝ Աստուծոյ աջին կանգնած, եւ ըսաւ. ‘Ահա բացուած է երկինքը, եւ կը տեսնեմ Մարդու Որդին որ Աստուծոյ աջին կանգնած է’» (Գործք 7։55, 56, Անթիլիաս

Այս տեսիլքը ի՞նչ յայտնեց։ Աստուծոյ գործօն ուժով լեցուած, Ստեփանոս տեսաւ Յիսուսը՝ «Աստուծոյ աջին կանգնած»։ Բացայայտօրէն, Յիսուս յարուցանուելէն եւ երկինք համբառնալէն ետք դարձեալ Աստուած չեղաւ, այլ անջատ հոգեղէն արարած մը եղաւ։ Այս միջադէպին մէջ, Աստուծոյ կողքին երրորդ անձ մը չի նշուիր։ Հակառակ Երրորդութեան վարդապետութեան թիկունք կանգնող աստուածաշնչական հատուածներ գտնելու իր ջանքերուն, դոմինիկեան քահանայ Մարի–Էմիլ Պուամար իր մէկ գրքին մէջ գրեց. «Նոր Կտակարանին մէջ ո՛չ մէկ տեղ կը կարդանք այն խօսքը, թէ մէկ Աստուծոյ մէջ երեք անձեր կան» (À l’aube du christianisme—La naissance des dogmes

Կոստանդինի յառաջ մղած վարդապետութեան նպատակն էր՝ չորրորդ դարու Եկեղեցիէն ներս գոյացած տարակարծութիւններուն վերջ դնել։ Սակայն անիկա ուրիշ հարց մը յարուց. Յիսուսի ծնունդ տուած կինը՝ Մարիամ, «Աստուծոյ Մա՞յրն» էր։

Աստուածաշունչի հետեւեալ համարները համեմատէ. Մատթէոս 26։39. Յովհաննէս 14։28. Ա. Կորնթացիս 15։27, 28. Կողոսացիս 1։15, 16

ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆ.

Երրորդութեան վարդապետութիւնը չորրորդ դարուն վերջաւորութեան հնարուած է

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 7]

Museo Bardini, Florence