Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուած ո՞վ է

Աստուած ո՞վ է

Աստուծոյ Խօսքէն սորվէ՛

Աստուած ո՞վ է

Այս յօդուածը կ’ուղղէ հարցումներ, որոնք թերեւս միտքէդ անցած են, եւ ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչիդ մէջ ո՛ւր կրնաս պատասխանները կարդալ։ Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան այս պատասխանները քեզի հետ քննարկելու։

1. Աստուած ո՞վ է։

Ճշմարիտ Աստուածը ամէն բանի Ստեղծիչն է։ Աստուածաշունչը զինք կը կոչէ «յաւիտենականութեան Թագաւոր», որ կը նշանակէ թէ ան սկիզբ չունէր ու բնա՛ւ վերջ պիտի չունենայ (Յայտնութիւն 15։3, ՆԱ)։ Որովհետեւ Աստուած կեանքի աղբիւրն է, միայն զինք պէտք է պաշտենք (կարդա՛ Յայտնութիւն 4։10բ

2. Աստուծոյ բնոյթը ի՞նչ է։

Երբեք մէկը Աստուած չէ տեսած, քանի որ ան Հոգի է։ Ասիկա կը նշանակէ թէ ան աւելի բարձր կեանքի ձեւ է, քան՝ երկրի վրայ ապրող ֆիզիքական արարածները (Յովհաննէս 1։18. 4։24)։ Աստուծոյ անձնաւորութիւնը կը յայտնուի իր ստեղծած բաներով։ Օրինակի համար, երբ պտուղներու եւ ծաղիկներու պատրաստութեան ու բազմազանութեան վրայ կը խոկանք, Աստուծոյ սէրն ու իմաստութիւնը կը զատորոշենք։ Իսկ տիեզերքի անհունութիւնը մեզի կը պատմէ Աստուծոյ զօրութեան մասին (կարդա՛ Հռովմայեցիս 1։20

Աստուծոյ անձնաւորութեան մասին ա՛լ աւելի կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն։ Օրինակի համար, Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ Աստուած ի՛նչ բաներ կը սիրէ եւ ի՛նչ բաներ չի սիրեր, մարդոց հետ ինչպէ՛ս կը վարուի եւ տարբեր պարագաներու մէջ ինչպէ՛ս կը հակազդէ (կարդա՛ Սաղմոս 103։7-10

3. Աստուած անուն մը ունի՞։

Յիսուս ըսաւ. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ» (Մատթէոս 6։9)։ Թէեւ Աստուած բազմաթիւ տիտղոսներ ունի, բայց միայն մէկ անուն ունի։ Իւրաքանչիւր լեզու զայն տարբեր կերպով կ’արտասանէ։ Հայերէնով՝ «Եհովա» կ’ըսենք (կարդա՛ Սաղմոս 83։18

Աստուծոյ անունը շատ մը Աստուածաշունչերու մէջէն հանուած է ու փոխարինուած է Տէր կամ Աստուած տիտղոսներով։ Բայց երբ Աստուածաշունչը գրուեցաւ, շուրջ 7000 անգամ Աստուծոյ անունը կը բովանդակէր։ Յիսուս Աստուծոյ անունը ճանչցուց՝ զայն գործածելով, երբ մարդոց կը բացատրէր Աստուծոյ Խօսքը։ Ան մարդոց օգնեց, որ Աստուած ճանչնան (կարդա՛ Յովհաննէս 17։26

4. Եհովա մեզմով հետաքրքրուա՞ծ է։

Եհովա ցոյց կու տայ թէ մեզմով հետաքրքրուած է՝ մեր աղօթքները անձամբ լսելով (Սաղմոս 65։2)։ Տառապանքին շատութիւնը կը նշանակէ՞ թէ Աստուած մեզի հոգ չի տանիր։ Ոմանք կը դաւանին, թէ Աստուած մեզ կը տառապեցնէ առ ի փորձութիւն, բայց ասիկա շիտակ չէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Քա՜ւ լիցի որ Աստուծոյ քով չարութիւն [ըլլայ]» (Յոբ 34։10. կարդա՛ Յակոբոս 1։13

Աստուած մարդուն շնորհած է ազատ կամքի արժանապատուութիւնը։ Չե՞նք գնահատեր մեր ազատութիւնը, որ ընտրենք Աստուծոյ ծառայել կամ ոչ (Յեսու 24։15)։ Տառապանքը կը շատնայ՝ քանի որ շատեր կ’ընտրեն գէշ բաներ ընել ուրիշներուն։ Այս անիրաւութիւնը տեսնելը Եհովան կը տրտմեցնէ (կարդա՛ Ծննդոց 6։5, 6

Մօտ ատենէն, Եհովան Յիսուսը պիտի գործածէ, որ ջնջէ տառապանքը եւ զայն պատճառողները։ Մինչ այդ՝ Եհովա տառապանքը ժամանակաւորապէս թոյլատրելու լաւ պատճառ ունի։ Այս յօդուածաշարքին մէկ դասը պիտի բացատրէ, թէ Աստուած ինչո՛ւ կը թոյլատրէ տառապանքը (կարդա՛ Եսայի 11։4

5. Աստուած մեզմէ ի՞նչ կ’ուզէ որ ընենք։

Եհովա մեզ ստեղծեց զինք ճանչնալու եւ սիրելու կարողութեամբ։ Ան կ’ուզէ որ իր մասին ճշմարտութիւնը սորվինք (Ա. Տիմոթէոս 2։4)։ Եթէ Աստուածաշունչը ուսումնասիրենք, կրնանք Աստուած որպէս Բարեկամ ճանչնալ (կարդա՛ Առակաց 2։4, 5

Որովհետեւ Եհովա մեզի կեանք տուած է, ոեւէ անհատէ աւելի՝ պէտք է զինք սիրենք։ Կրնանք Աստուծոյ ցոյց տալ թէ զինք կը սիրենք, աղօթքով իրեն հետ խօսելով եւ իր խնդրած բաները կատարելով (Առակաց 15։8)։ Եհովա մեզմէ կը խնդրէ, որ ուրիշներու հետ սիրով վարուինք (կարդա՛ Մարկոս 12։29, 30. Ա. Յովհաննէս 5։3

Յաւելեալ տեղեկութեան համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ գիրքին առաջին գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

[Նկար՝ էջ 13]

Տառապանքը ժամանակաւորապէս թոյլատրելու լաւ պատճառ մը կրնա՞յ ըլլալ