Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կրօնքի մասին բարի լուրը ի՞նչ է

Կրօնքի մասին բարի լուրը ի՞նչ է

Աստուծոյ Խօսքէն սորվէ՛

Կրօնքի մասին բարի լուրը ի՞նչ է

Այս յօդուածը կ’ուղղէ հարցումներ, որոնք թերեւս միտքէդ անցած են, եւ ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչիդ մէջ ո՛ւր կրնաս պատասխանները կարդալ։ Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան այս պատասխանները քեզի հետ քննարկելու։

1. Բոլո՞ր կրօնքները լաւ են։

Բազմաթիւ կրօնական խումբեր կը պարփակեն անկեղծ մարդիկ, որոնք կ’ուզեն Աստուած հաճեցնել։ Ան կը տեսնէ այս մարդիկը եւ անոնցմով կը հետաքրքրուի։ Սակայն ցաւօք սրտի, կարգ մը մարդիկ կրօնքը գործածած են գէշ նպատակներու համար։ Անցեալին, կրօնական առաջնորդներ նո՛յնիսկ չարչարած են իրենց հակառակորդները (Բ. Կորնթացիս 4։3, 4. 11։13-15)։ Ներկայիս, ըստ լրատուամիջոցներու, կարգ մը կրօնական առաջնորդներ ահաբեկչութիւնը քաջալերած են, պատերազմներու աջակցած են կամ երեխաներու լլկումի միջամուխ եղած են (կարդա՛ Մատթէոս 24։3-5, 11, 12

Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ երկու տեսակ կրօնք կայ,– ճշմարիտ կրօնք եւ սուտ կրօնք։ Սուտ կրօնքը Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը չի սորվեցներ։ Այսուհանդերձ, Եհովա Աստուած կ’ուզէ որ մարդիկ իր մասին ճշմարտութիւնը գիտնան (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 2։3-5

2. Կրօնքի մասին բարի լուրը ի՞նչ է։

Աստուած չ’ուզեր որ մարդիկ խաբուին կրօնքներով, որոնք կը դաւանին թէ զինք կը սիրեն, բայց սխալ կերպով զինք կը ներկայացնեն։ Իրականութեան մէջ, այս կրօնքներուն յարողները կը սիրեն բարեկամանալ աշխարհին հետ, որ ղեկավարուած է Սատանային՝ Բանսարկուին՝ կողմէ (Յակոբոս 4։4. Ա. Յովհաննէս 5։19)։ Այն կրօնքները, որոնք Աստուծոյ փոխարէն մարդկային կառավարութիւններու հաւատարիմ են, Աստուծոյ Խօսքին մէջ կը նկարագրուին որպէս պոռնիկ։ Աստուածաշունչը այս պոռնիկը կը կոչէ «Մեծ Բաբելոն», ըստ վաղեմի քաղաքին, ուրկէ սուտ կրօնքը սկսաւ Նոյի օրուան Ջրհեղեղէն ետք։ Շուտով, Աստուած յանկարծական վախճան մը պիտի բերէ կրօնքին վրայ, որ մարդկութիւնը կը խաբէ եւ կը նեղէ (կարդա՛ Յայտնութիւն 17։1, 2, 5, 17. 18։8, 23, 24

3. Աստուած ամբողջ երկրագունդի մարդոց ինչպէ՞ս ուրախութիւն պիտի բերէ։

Սուտ կրօնքին վրայ գալիք դատաստանը բարի լուր է։ Ատիկա աշխարհի տարածքին կեղեքումի վերջ պիտի դնէ։ Սուտ կրօնքները այլեւս մարդկութիւնը պիտի չմոլորեցնեն եւ չբաժնեն։ Բոլոր ողջ անհատները միակ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ պիտի միանան (կարդա՛ Եսայի 11։9. Յայտնութիւն 18։20, 21. 21։3, 4

4. Անկեղծ մարդիկը ի՞նչ պէտք է ընեն։

Եհովան չէ մոռցած այն անկեղծ անհատները, որոնք աշխարհի չորս կողմը սուտ կրօնքներու մէջ ցրուած են։ Այժմ ան այսպիսիները կը հաւաքէ, ճշմարտութիւնը սորվեցնելով անոնց (կարդա՛ Միքիա 4։2, 5

Եհովան իր ընտանիքին մէջ կ’ողջունէ այն անհատները, որոնք կ’ուզեն իրեն ծառայել։ Նո՛յնիսկ եթէ մեր բարեկամները եւ ազգականները վրդովին, երբ սկսինք Եհովային ծառայել, շա՜տ բան կը շահինք,– Աստուծոյ հետ բարեկամութիւն, նոր եւ սիրալիր «ընտանիք» եւ յաւիտենական կեանք ունենալու հեռանկարը (կարդա՛ Մարկոս 10։29, 30. Բ. Կորնթացիս 6։17, 18

Յաւելեալ տեղեկութեան համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 15–րդ եւ 16–րդ գլուխները, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 26]

The Complete Encyclopedia of Illustration/J. G. Heck