Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գ. հարցում՝ Աստուած ինչո՞ւ թոյլ կու տայ որ տառապիմ

Գ. հարցում՝ Աստուած ինչո՞ւ թոյլ կու տայ որ տառապիմ

Գ. հարցում՝ Աստուած ինչո՞ւ թոյլ կու տայ որ տառապիմ

ԻԱՆԻՆ հայրը գինեմոլ էր։ Նիւթապէս ապահով վիճակի մէջ մեծնալով հանդերձ, Իանին աչքը կարօտ մնաց այն զգացական կարեկցութեան, որ իր հօրմէն կ’ակնկալէր։ «Ես բնաւ իրեն հանդէպ շատ խանդաղատանք չունէի, գլխաւորաբար քանի որ գինեմոլ էր եւ մօրս հետ գէշ կերպով կը վարուէր», կ’ըսէ Իանը։ Երբ չափահաս դարձաւ, Իան սկսաւ Աստուծոյ գոյութիւնը հարցականի տակ դնել։ «Ես տրամաբանեցի, որ եթէ Աստուած իրապէս գոյութիւն ունի, ապա ինչո՞ւ թոյլ կու տայ որ տառապինք»։

Ինչո՞ւ այդ հարցումը ուղղել։ Նոյնիսկ եթէ կեանքդ յարաբերաբար խնդիրներէ զուրկ է, արդարութեան զգացումդ թերեւս սաստկանայ, երբ անմեղ մարդոց տառապիլը տեսնես։ Սակայն, տառապանքի հարցը շատ աւելի ակներեւ կը դառնայ քեզի, եթէ Իանին պէս անձամբ դժուարութիւն դիմագրաւես կամ եթէ սիրելի մը հիւանդանայ կամ մահանայ։

Ոմանք ի՞նչ կը պատասխանեն։ Ոմանք կը խորհին որ Աստուած տառապանքը կը թոյլատրէ, որպէսզի մեզ փորձէ կամ մեզի սորվեցնէ որ կարեկից ու խոնարհ ըլլանք։ Ուրիշներ կը կարծեն թէ մարդիկ ներկայիս կը տառապին, քանի որ իրենց անցեալ կեանքին մէջ մեղքեր գործած են։

Այդ պատասխանները ի՞նչ կը հասկցնեն։ Աստուած մարդոց տառապանքին նկատմամբ անտարբեր է եւ այս պարագան կը դժուարացնէ զինք սիրելը։ Աստուած դաժան է։

Աստուածաշունչը ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Աստուածաշունչը յստակօրէն կ’ըսէ, թէ մարդկութեան տառապանքին համար յանցաւորը Աստուած չէ։ «Չըլլայ թէ մէկը, որ փորձութեան մէջ է, ըսէ. ‘Աստուծմէ կը փորձուիմ’. վասն զի Աստուած չար բաներով չի փորձուիր, ո՛չ ալ ինք մէկը կը փորձէ» (Յակոբոս 1։13)։ Իրականութեան մէջ, Աստուած մեղադրելու գաղափարը ներդաշնակ չէ այն կերպին հետ, որով Սուրբ Գիրքը կը նկարագրէ Աստուծոյ անձնաւորութիւնը։ Ինչպէ՞ս։

Աստուծոյ գլխաւոր յատկութիւններէն մէկն է՝ սէրը (Ա. Յովհաննէս 4։8)։ Այդ կէտը շեշտելու համար, Սուրբ Գիրքը կը նկարագրէ թէ Աստուած կաթնկեր զաւակի մը մօր զգացումներուն պէս զգացումներ ունի։ «Միթէ կինը իր կաթնկեր մանուկը կրնա՞յ մոռնալ, այնպէս որ իր որովայնին ծննդեանը վրայ չգթայ», կը հարցնէ Աստուած։ «Թէեւ անոնք մոռնան, բայց ես քեզ պիտի չմոռնամ» (Եսայի 49։15)։ Կրնա՞ս երեւակայել թէ սիրալիր մայր մը դիտումնաւոր կերպով իր զաւակին վնաս կը հասցնէ։ Ընդհակառա՛կը. հոգատար ծնող մը պիտի փորձէ թեթեւցնել իր զաւակին տառապանքը։ Նմանապէս, Աստուած չի պատճառեր որ անմեղ մարդիկ տառապին (Ծննդոց 18։25

Այսուհանդերձ, անմեղները կը տառապին։ Թերեւս հարց տաս. ‘Եթէ Աստուած մեզի հոգ կը տանի եւ ամենակարող է, ապա ինչո՞ւ տառապանքին պատճառները մէջտեղէն չի վերցներ’։

Աստուած լաւ պատճառներ ունի տառապանքին գոյութիւնը հիմակուհիմա թոյլատրելու։ Նկատի առ միայն մէկը։ Յաճախ, մարդի՛կն են որ ուրիշներուն տառապանք կը պատճառեն։ Շատ մը ամբարտաւաններ եւ բռնակալներ, որոնք վիշտ կը պատճառեն, յօժար չեն իրենց ճամբաները փոխելու։ Ուստի տառապանքի գլխաւոր մէկ պատճառը վերցնելու համար, Աստուած պիտի ստիպուի այդպիսիները բնաջնջել։

Բացատրելով թէ Աստուած ինչո՛ւ տակաւին յանցագործները չէ բնաջնջած, Պետրոս առաքեալ կ’ըսէ. «Տէրը չուշացներ իր խոստումը, ինչպէս ոմանք ուշացուցած կը սեպեն, հապա երկայնամիտ կ’ըլլայ. վասն զի չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն» (Բ. Պետրոս 3։9)։ Եհովա Աստուծոյ երկայնամտութիւնը իր սիրալիր եւ ողորմած անձնաւորութեան մէկ արտայայտութիւնն է։

Բայց Եհովան շուտով պիտի գործէ։ Ան անմեղներուն «նեղութիւն տուողներուն նեղութիւն» պիտի հատուցանէ։ Անոնք որոնք անարդար կերպով տառապանք կը պատճառեն, «պիտի պատժուին յաւիտենական աւերումով» (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-9

Աւելին գիտնալու համար, թէ Աստուած ինչո՛ւ տառապանքը կը թոյլատրէ եւ թէ ի՛նչ պիտի ընէ ատոր առնչութեամբ, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին 11–րդ գլուխը։ Գիրքը կրնաս բեռնել www.ps8318.com ցանցակայքէն։

[Շրջանակ՝ էջ 9]

Յիսուս ի՞նչ ըսաւ տառապանքին մասին

Յիսուս Աստուած չմեղադրեց իր շուրջը գտնուող տառապանքին համար, այլ հետեւեալը ըրաւ։

Յիսուս ցոյց տուաւ թէ Աստուած անմեղները չի պատժեր՝ տառապանք պատճառելով։ Յիսուս բժշկեց հիւանդները, կաղերն ու կոյրերը (Մատթէոս 15։30)։ Իր կատարած հրաշքները մեզի երկու կարեւոր իրողութիւններ կը սորվեցնեն։ Առաջին, ան Աստուծոյ ուժը գործածեց տառապանքը թեթեւցնելու եւ ոչ թէ պատճառելու համար։ Երկրորդ, ան մարդիկը անտարբերութեամբ չբժշկեց, հապա տառապեալներուն կարեկցութիւն յայտնեց, անոնց «խղճալով» (Մատթէոս 20։29-34)։ Յիսուս տառապանքի առնչութեամբ կատարելապէս արտացոլեց իր Հօր զգացումները։ Հետեւաբար, իր խօսքերէն ու արարքներէն կը սորվինք որ Աստուած կը տրտմի, երբ կը տեսնէ որ մարդիկ կը տառապին եւ կ’ուզէ զանոնք հանգստացնել (Յովհաննէս 14։7, 9

Յիսուս բացայայտեց մարդկային տառապանքին մեծ մասին իսկական աղբիւրը,– Բանսարկու Սատանան։ Յիսուս ըսաւ. «Անիկա սկիզբէն մարդասպան էր» (Յովհաննէս 8։44)։ Ան նաեւ Սատանային ակնարկեց որպէս «աշխարհին իշխանը», որ «բոլոր աշխարհ մոլորեցուց» (Յովհաննէս 12։31. Յայտնութիւն 12։9

Յիսուս մեզի յոյս տուաւ, որ օրին մէկը ամէն տառապանքը վերջ պիտի գտնէ։ Ան իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ աղօթեն. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես. . . քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» (Մատթէոս 6։9, 10)։ Երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ, երկրագունդին վրայ տառապանքի նշոյլ մը իսկ պիտի չըլլայ, ինչպէս որ է պարագան երկինքը։

Յովհաննէս առաքեալին տուած իր մէկ յայտնութեան մէջ, Յիսուս նկարագրեց թէ կեանքը ինչպիսի՛ն պիտի ըլլայ անոնց համար, որոնք Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ պիտի ապրին։ Այդ ատեն, Աստուած «անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան» (Յայտնութիւն 1։1. 21։3, 4