Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒԴ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ

Պետրոսն ու Անանիան սուտ խօսեցան. Ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ

Պետրոսն ու Անանիան սուտ խօսեցան. Ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ

Ինչպէս գիտես, սուտ խօսիլ կը նշանակէ՝ գիտնալով ըսել բան մը որ ճիշդ չէ։ Բնաւ սուտ խօսա՞ծ ես։ * Նոյնիսկ Աստուած սիրող չափահասներէն ոմանք սուտ խօսած են։ Թերեւս գիտես Աստուածաշունչէն մէկը, որ սուտ խօսեցաւ։ Անոր անունը Պետրոս է՝ Յիսուսի 12 առաքեալներէն մէկը։ Տեսնենք թէ Պետրոս ինչո՞ւ կարգ մը սուտեր խօսեցաւ։

Յիսուսին կը բռնեն եւ քահանայապետին տունը կը տանին։ Կէս գիշերը անցած է։ Պետրոս այնպէս մը կը մտնէ քահանայապետին տան բակը, որ մէկը զինք չի նկատեր։ Կրակի լոյսին առջեւ, քահանայապետին աղջիկ ծառան, որ Պետրոսին ներս մտցուց, կը գիտնայ իր ո՛վ ըլլալը։ «Դուն ալ. . . Յիսուսին հետ էիր», կ’ըսէ ան։ Իսկ Պետրոս վախէն ո՛չ կ’ըսէ։

Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ յետոյ «ուրիշ աղախին մը զանիկա տեսաւ»։ Ան ըսաւ. «Ասիկա ալ Յիսուս[ին]. . . հետ էր»։ Նորէն Պետրոս կ’ուրանայ։ Քիչ մը ետք, ուրիշներ Պետրոսին կը մօտենան ու կ’ըսեն. «Արդարեւ դուն ալ անոնցմէ ես»։

Պետրոս վախի մէջ է։ Ուստի երրորդ անգամ ըլլալով ան կը ստէ, ըսելով. «Ես այն մարդը չեմ ճանչնար»։ Աքլոր մը կը կանչէ։ Յիսուս Պետրոսին կը նայի, Պետրոս ալ կը յիշէ թէ քանի մը ժամ առաջ, Յիսուս իրեն ըսած էր. «Դեռ հաւը չխօսած՝ երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս»։ Պետրոս մէկ անգամէն կու լայ։ Ան շա՜տ կը զղջայ։

Այդպիսի բան մը կրնա՞յ քեզի հետ պատահիլ։Թերեւս դպրոցը ըլլաս, եւ լսես թէ աշակերտները Եհովայի վկաներուն մասին կը խօսին։ Մէկը կ’ըսէ. «Անոնք դրօշակին բարեւ չեն տար»։ Ուրիշ մը կ’աւելցնէ. «Անոնք իրենց երկրին համար չեն կռուիր»։ Ուրիշ մըն ալ կ’ըսէ. «Անոնք քրիստոնեաներ չեն, որովհետեւ Յիսուսին Ծնունդը չեն տօներ»։ Յետոյ, աշակերտներէն մէկը քեզի դառնալով կը հարցնէ. «Դուն Եհովայի վկայ չե՞ս»։ Ի՞նչ պիտի ըսես։

Այդպիսի բան մը ըլլալէն առաջ, դուն պէտք է մտածած ըլլաս թէ ինչպէս կրնաս լա՛ւ պատասխան մը տալ։ Պետրոս պատրաստուած չէր։ Երբ զինք ճնշեցին, ան ստեց։ Բայց եւ այնպէս, ան շա՜տ զղջաց իր ըրածին վրայ եւ Աստուած ներեց իրեն։

Անանիա անունով Յիսուսի ուրիշ նախկին աշակերտ մըն ալ սուտ խօսեցաւ։ Բայց Աստուած ոչ իրեն ներեց, ոչ ալ իր կնոջ՝ Սափիրային։ Կինը համաձայն էր որ իր ամուսինը սուտ խօսի։ Տեսնենք թէ Աստուած ինչո՛ւ Անանիային ու Սափիրային չներեց։

Յիսուս իր առաքեալներէն բաժնուելով Աստուծոյ քով՝ երկինք կը վերադառնայ։ Ատկէ տասը օր ետք, Երուսաղէմի մէջ շուրջ 3000 հոգի կը մկրտուի։ Շատեր հեռու երկիրներէ եկած են Պէնտէկոստէն տօնելու։ Յիսուսի աշակերտներ դառնալէ ետք, անոնք կ’ուզեն քիչ մըն ալ Երուսաղէմ կենալ, որպէսզի իրենց նոր հաւատքին մասին աւելին սորվին։ Ուստի Յիսուսի աշակերտներէն ոմանք իրենց դրամը կը գործածեն՝ անոնց հոգ տանելու համար։

Անանիան եւ իր կինը հողամաս մը կը ծախեն, որպէսզի դրամ ունենան նոր մկրտուած անհատներուն օգնելու։ Երբ Անանիան առաքեալներուն կու տայ դրամը, կ’ըսէ թէ իր տուածը հողամասին լման գինն է։ Բայց այդպէս չէ։ Ան դրամէն մաս մը իրեն կը պահէ։ Աստուած այս բանը Պետրոսին կը գիտցնէ։ Պետրոս ալ Անանիային կ’ըսէ. «Ո՛չ թէ մարդոց սուտ խօսեցար, հապա Աստուծոյ»։ Ասոր վրայ, Անանիան գետին կ’իյնայ ու կը մեռնի։ Գրեթէ երեք ժամ վերջ, կինը ներս կը մտնէ։ Չգիտնալով թէ իր ամուսինին ի՛նչ եղած է, Սափիրան ալ սուտ կը խօսի եւ գետին իյնալով կը մեռնի։

Ասիկա ի՜նչ կարեւոր դաս մըն է. ճշմարտութիւնը ըսելը կարեւո՛ր է։ Այո, այս դասը բոլորիս համար է։ Բայց եւ այնպէս, բոլորս ալ սխալներ պիտի ընենք, մա՛նաւանդ երբ պզտիկ ենք։ Ուրախ չե՞ս, որ Եհովան կը սիրէ քեզ եւ պիտի ներէ քեզի, ինչպէս որ Պետրոսին ներեց։Բայց յիշէ՛. պէտք է որ ճշմարտութիւնը խօսինք։ Եւ եթէ պատահի որ սուտ խօսելու մեծ սխալը գործենք, պէտք է որ Աստուծմէ խնդրենք, այո, նոյնիսկ աղաչենք, որ մեզի ներէ։ Պետրոս այսպէս ըրած ըլլալու էր եւ Աստուած իրեն ներեց։ Եթէ ջանք թափենք որ անգամ մըն ալ սուտ չխօսինք, Աստուած մեզի՛ ալ պիտի ներէ։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻԴ ՄԷՋ ԿԱՐԴԱ՛

^ պարբ. 3 Եթէ երեխայի մը հետ կը կարդաս, գիծը քեզ կը յիշեցնէ թէ պիտի կենաս եւ երեխան քաջալերես որ ինքզինք արտայայտէ։