Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԵՑԻՐ

Եհովան իրապէս քեզմով հետաքրքրուա՞ծ է

Եհովան իրապէս քեզմով հետաքրքրուա՞ծ է

«Անարժէք զգալը հաւանաբար ամէնէն մեծ խոչընդոտն է, որուն հետ կը ջանամ գլուխ ելլել»։ Այսպէս ըսաւ կին մը, որ դժուար գտաւ հաւատալ թէ Եհովան կրնա՛ր պատճառ ունենալ իրմով անձամբ հետաքրքրուելու։ Համանման զգացումներ ունի՞ս։ Եթէ ունիս, թերեւս հարց տաս. ‘Եհովան իրապէս իր երկրպագուներով անձամբ կը հետաքրքրուի՞’։ Պատասխանը այո՛ է։ Փաստն ալ կը գտնենք Յիսուսի խօսքերուն մէջ (կարդա՛ Յովհաննէս 6։44

Յիսուս, որ Եհովայի անձնաւորութիւնն ու կամքը շատ լաւ գիտէ, ի՞նչ ըսաւ (Ղուկաս 10։22)։ Ան բացատրեց. «Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ»։ Ուստի, Քրիստոսի հետեւորդ մը,– ե՛ւ մեր երկնաւոր Հօր՝ Եհովայի՝ երկրպագու մը,– չենք կրնար դառնալ, եթէ Եհովան անձամբ մեզ չքաշէ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։12)։ Եթէ Յիսուսի խօսքը հասկնանք, զայն Աստուծոյ անհատական հետաքրքրութեան մասին զօրաւոր ապացոյց պիտի նկատենք։

Ի՞նչ կը նշանակէ թէ Եհովան մեզ կը քաշէ իրեն։ «Քաշել» թարգմանուած յունարէն բայը նաեւ կը գործածուի ակնարկելու համար ուռկան քաշելուն (Յովհաննէս 21։6, 11)։ Եհովան մեր չուզելով մեզ կը քաշէ՞, ստիպելով որ իրեն ծառայենք։ Ո՛չ։ Ընդհակառակը, ան մեզի ազատ կամք տուած է (Բ. Օրինաց 30։19, 20)։ Ուսումնական մը հետեւեալ կերպով զայն կը բացատրէ. «Մեր սրտին դուռը դուրսէն բռնակ չունի։ Ատիկա ներսէն կը բացուի»։ Եհովան միլիառաւորներու սրտերը կը քննէ, գտնելու համար անհատներ, որոնք զինք իսկապէս կը փնտռեն (Ա. Մնացորդաց 28։9)։ Երբ այդպիսի անհատ գտնէ, յուզիչ կերպով կը հակազդէ։ Ինչպէ՞ս։

Եհովան մեղմօրէն կը քաշէ այն անհատին սիրտը, որ «ճիշդ տրամադրուած» է (Գործք 13։48, ՆԱ)։ Ան երկու կերպով ասիկա կ’ընէ. Աստուածաշունչի բարի լուրի պատգամով, որ անհատապէս կը ստանանք, եւ իր սուրբ հոգիին միջոցաւ։ Երբ Եհովան տեսնէ սիրտ մը, որ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան կ’ընդառաջէ, Իր հոգին կը գործածէ որպէսզի անհատին օգնէ, որ ճշմարտութիւնը ըմբռնէ եւ զայն կիրարկէ իր կեանքին մէջ (Ա. Կորնթացիս 2։11, 12)։ Առանց աստուածային օգնութեան, բնաւ չենք կրնար Յիսուսի հարազատ հետեւորդները եւ Եհովայի նուիրուած երկրպագուները ըլլալ։

«Մեր սրտին դուռը դուրսէն բռնակ չունի։ Ատիկա ներսէն կը բացուի»

Լաւ, Յովհաննէս 6։44–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը Եհովա Աստուծոյ մասին ի՞նչ կը սորվեցնեն։ Եհովան մարդիկ կը քաշէ, քանի որ անոնց սրտին մէջ լաւ բան մը կը տեսնէ եւ անհատապէս անոնցմով կը հետաքրքրուի։ Այս հաւաստիացուցիչ ճշմարտութիւնը հասկնալը վերոնշեալ կինը մխիթարեց։ Ան կ’ըսէ. «Եհովայի ծառան ըլլալը ոեւէ անհատի մեծագոյն առանձնաշնորհումն է։ Եւ եթէ Եհովան զիս ընտրեց որ իր ծառան ըլլամ, ուրեմն ես իր աչքին թանկարժէք եմ»։ Ի՞նչ կարելի է ըսել քու մասիդ։ Գիտնալը թէ Եհովան իր երկրպագուներով անհատապէս հետաքրքրուած է, քեզ կը մղէ՞ որ սրտիդ դուռը բանաս։

Մայիս ամսուան համար թելադրուած Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն

Ղուկաս 22-24Յովհաննէս 1-16