Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ. ՎՍՏԱՀԵԼԻ ԿՐՕՆՔ ԿԱ՞Յ

Կրօնքը հարցականի տակ

Կրօնքը հարցականի տակ

Ենթադրէ որ կեանքի սպառնացող հիւանդութենէ կը տառապիս եւ գործողութեան հարկ ունիս։ Կ’ուզես վիրաբոյժին հանդէպ բացարձակ վստահութիւն ունենալ, քանի որ կեանքդ իրմէ կախեալ է։ Իմաստութիւն պիտի չը՞լլար գիտնալ թէ ան որքանով փորձառու է։

Համանման կերպով, իմաստութիւն է կրօնքը ուշի–ուշով քննել։ Եթէ կը պատկանիս կրօնական կազմակերպութեան մը, իրականութեան մէջ հոգեւոր կեանքդ անկէ՛ կախեալ է։ Եւ ատիկա կը պարփակէ փրկուելու հեռանկարդ։

Յիսուս ըսաւ. «Ամէն ծառ իր պտուղէն կը ճանչցուի» (Ղուկաս 6։44)։ Այսպիսով, ան կրօնքը առարկայական կերպով նկատելու չափանիշ մը տուաւ։ Օրինակ, որոշ կրօնքի մը կամ յարանուանութեան մը մասին կրնաս հարց տալ. ան ինչպիսի՞ պտուղ կ’արտադրէ։ Իր առաջնորդները դրամին չափազանց կարեւորութիւն կու տա՞ն։ Իր անդամները պատերազմի ու բարոյականութեան վերաբերող Աստուածաշունչի սկզբունքներուն կը հետեւի՞ն։ Ի վերջոյ, վստահելի կրօնք մը կա՞յ։ Հաճիս նկատի առ յաջորդ յօդուածները։

«Ամէն ծառ իր պտուղէն կը ճանչցուի» (Ղուկաս 6։44