Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Անտեսանելի Աստուածը կրնա՞ս տեսնել

Անտեսանելի Աստուածը կրնա՞ս տեսնել

«ԱՍՏՈՒԱԾ Հոգի է», մարդկային աչքին՝ անտեսանելի (Յովհաննէս 4։24)։ Սակայն, Աստուածաշունչը կը տեղեկագրէ թէ ոմանք, առումով մը, Աստուած տեսած են (Եբրայեցիս 11։27)։ Ասիկա ինչպէ՞ս կարելի է։ Իրապէս կրնա՞ս «անտեսանելի Աստուած»ը տեսնել (Կողոսացիս 1։15, ԱԾ

Մեր վիճակը բաղդատէ անհատի մը վիճակին հետ, որ ի ծնէ կոյր է։ Անոր կոյր ըլլալը ամբողջովին արգելք կը հանդիսանա՞յ իր շուրջը եղող աշխարհը ըմբռնելու։ Ո՛չ։ Կոյր անհատը զանազան կերպերով տեղեկութիւն կը ստանայ, որ զինք կարող կը դարձնէ իր շրջակայ մարդիկը, առարկաները եւ գործունէութիւնները ըմբռնելու։ «Տեսնելը աչքով չէ», ըսաւ կոյր մարդ մը, «անիկա մտքով է»։

Նմանապէս, թէեւ Աստուած տեսնելու համար չես կրնար ֆիզիքական տեսողութիւնդ գործածել, սակայն կրնաս ‘սրտիդ աչքերը’ գործածել (Եփեսացիս 1։18)։ Նկատի առ ասիկա ընելու երեք կերպ։

«ԱՇԽԱՐՀԻ ՍՏԵՂԾՈՒՄԷՆ Ի ՎԵՐ՝ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՄԷՋԷՆ Կ’ԻՄԱՑՈՒԻՆ»

Յաճախ կոյր անհատի մը լսելու եւ շօշափելու զգայարանքները զօրաւոր են, եւ ան զանոնք կը գործածէ իր չտեսած բաները ըմբռնելու։ Նմանապէս, կրնաս ֆիզիքական զգայարանքներդ գործածել աշխարհը քննելու եւ զայն ստեղծող անտեսանելի Աստուածը ըմբռնելու։ «Աշխարհի ստեղծումէն ի վեր՝ ստեղծագործութեան ընդմէջէն կ’իմացուին ու կը տեսնուին Աստուծոյ աներեւոյթ յատկանիշները» (Հռովմայեցիս 1։20, Նոր աշխարհաբար թարգմանութիւն [ՆԹ])։

Օրինակ, մտածէ երկրագունդին մասին։ Անիկա եզական կերպով մեզի համար ստեղծուած է, ոչ թէ պարզապէս ապրելու համար, այլ կեանքը վայելելու համար։ Կը հրճուինք, երբ զեփիւռը կը զգանք, արեւուն ջերմութիւնը կը շօշափենք, հիւթեղ պտուղ մը կը ճաշակենք կամ թռչուններուն հանգչեցնող գեղգեղանքը կը լսենք։ Այս պարգեւները իսկապէս կը յայտնեն մեր Ստեղծիչին հոգատարութիւնը, քնքշութիւնը եւ առատաձեռնութիւնը։

Ֆիզիքական տիեզերքը դիտելով՝ Աստուծոյ մասին ի՞նչ կրնաս սորվիլ։ Արդարեւ երկինքը Աստուծոյ զօրութիւնը կը յայտնէ։ Վերջերս գիտական ապացոյց մը թելադրեց թէ տիեզերքը արագօրէն կ’ընդլայնի։ Մինչ գիշերով երկինքը կը դիտես, խորհրդածէ. ‘Տիեզերքին ընդարձակման եւ արագութեան նպաստող ուժին աղբիւրը ի՞նչ է’։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ որ Ստեղծիչը «անսպառ հզօր ոյժ» ունի (Եսայի 40։26, ՆԱ)։ Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը մեզի ցոյց կու տայ թէ ան «Ամենակարող է»,– «մեծ է զօրութեամբ» (Յոբ 37։23

«ՈՐԴԻՆ. . . ՊԱՏՄԵՑ»

Տկար տեսողութիւն ունեցող երկու զաւակներու մայր մը կ’ըսէ. «Խօսակցութիւնը անոնց սորվելու ամէնէն կարեւոր երեսակներէն մէկն է։ Տեսածիդ ու լսածիդ մասին ամէն բան ըսէ իրենց [եւ] պատրաստ եղիր շարունակ բացատրելու։ Դուն իրենց աչքն ես»։ Նմանապէս, թէեւ «մէկը երբե՛ք Աստուած տեսած չէ», բայց Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս, «որ Հօրը ծոցն է, անիկա պատմեց» անոր մասին (Յովհաննէս 1։18)։ Աստուծոյ առաջին ստեղծագործութիւնը եւ միածին Որդին ըլլալով, Յիսուս եղաւ մեր «աչքերը» երկինքը թափանցելու։ Ան անտեսանելի Աստուծոյ մասին տեղեկութիւններ ստանալու լաւագոյն աղբիւրն է։

Նկատի առ Աստուծոյ մասին կարգ մը բաներ, որոնք Յիսուս բացատրեց.

  • Աստուած անխոնջօրէն կ’աշխատի։ «Հայրս մինչեւ հիմա կը գործէ» (Յովհաննէս 5։17

  • Աստուած մեր կարիքները գիտէ։ «Ձեր Հայրը ձեզի պէտք եղածը գիտէ՝ դեռ դուք իրմէ չխնդրած» (Մատթէոս 6։8

  • Աստուած մեզի համար սիրով հայթայթումներ կ’ընէ։ «Ձեր երկնաւոր [Հայրը]. . . իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը ղրկէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ» (Մատթէոս 5։45

  • Աստուած մեզ անհատապէս կ’արժեւորէ։ «Երկու ճնճղուկը հինգ դահեկան չ’ա՞րժեր. եւ սակայն անոնցմէ մէկն իսկ գետին չ’իյնար առանց ձեր Հօրը գիտութեան։ Գալով ձեզի, ձեր գլխուն իւրաքանչիւր մազն իսկ համրուած է։ Հետեւաբար մի՛ վախնաք, որովհետեւ դուք բոլոր ճնճղուկներէն աւելի արժէք ունիք Աստուծոյ աչքին» (Մատթէոս 10։29-31, ՆԹ

ՄԱՐԴ ՄԸ՝ ՈՐ ԱՆՏԵՍԱՆԵԼԻ ԱՍՏՈՒԱԾԸ ԱՐՏԱՑՈԼԵՑ

Կոյր մարդիկ յաճախ գաղափարները տեսողութիւն ունեցող մարդոցմէն տարբեր կերպով կ’ըմբռնեն։ Օրինակ, կոյր անհատ մը կրնայ շուքը ըմբռնել, ո՛չ որպէս մութ տեղ՝ որ արեւ չի տեսներ, հապա որպէս զով տեղ՝ որ արեւին տաքութենէն պատսպարուած է։ Ճիշդ ինչպէս որ ամբողջովին կոյր անհատ մը ո՛չ շուք կրնայ տեսնել, ոչ ալ լոյս, նմանապէս մենք առանձին չենք կրնար Եհովան ըմբռնել։ Հետեւաբար, Եհովան հայթայթեց մարդ մը, որ կատարելապէս արտացոլեց Իր յատկութիւններն ու անձնաւորութիւնը։

Այդ անձը Յիսուսն էր (Փիլիպպեցիս 2։7)։ Յիսուս ոչ միայն խօսեցաւ իր Հօր մասին, այլ նաեւ մեզի ցոյց տուաւ թէ ո՛վ է Աստուած։ Յիսուսի աշակերտը՝ Փիլիպպոս, հարցուց. «Տէ՛ր, Հայրը մեզի ցուցուր»։ Յիսուս պատասխանեց. «Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ» (Յովհաննէս 14։8, 9)։ Յիսուսի արարքներուն միջոցաւ Հօր նկատմամբ ի՞նչ կրնաս «տեսնել»։

Յիսուս ջերմ, խոնարհ եւ դիւրամերձ էր (Մատթէոս 11։28-30)։ Իր թարմացուցիչ անձնաւորութիւնը մարդիկ իրեն քաշեց։ Ան ուրիշներուն ցաւը զգաց եւ անոնց ուրախութեան մասնակից եղաւ (Ղուկաս 10։17, 21. Յովհաննէս 11։32-35)։ Մինչ կը կարդաս կամ կը լսես Յիսուսի մասին աստուածաշնչական պատմութիւններ, զգայարանքներդ լարէ եւ դէպքերը մտքիդ մէջ կենդանացուր։ Եթէ մարդոց հետ Յիսուսի գործառնութեան կերպին վրայ խոկաս, պիտի կարենաս ա՛լ աւելի յստակ կերպով տեսնել Աստուծոյ սքանչելի անձնաւորութիւնը եւ իրեն մօտենալ։

ԿՏՈՐՆԵՐԸ ՅԱՐՄԱՐՕՐԷՆ ԻՐԱՐՈՒ ԿՑԵԼ

Կոյրին ըմբռնելու կերպին առնչութեամբ հեղինակուհի մը կ’ըսէ. «Ան կտոր–կտոր տեղեկութիւններ կը ստանայ զանազան աղբիւրներէ (շօշափելիք, հոտոտելիք, լսելիք, եւ այլն), եւ ձեւով մը զանոնք իրարու պէտք է կցէ՝ ընդհանուր պատկեր մը ստեղծելով»։ Նոյնանման կերպով, մինչ Աստուծոյ ստեղծագործութիւնները կը դիտես, կը կարդաս ի՛նչ որ Յիսուս իր Հօր մասին ըսաւ եւ կը վերլուծես այն կերպը, որով Յիսուս Աստուծոյ յատկութիւնները արտացոլեց, Եհովայի գեղեցիկ պատկերը պիտի ունենաս։ Ան քեզի համար աւելի իրական պիտի դառնայ։

Յոբ, որ վաղեմի ժամանակներուն ապրեցաւ, այդ փորձառութիւնը ունեցաւ։ Ան սկիզբը ‘առանց հասկնալու’ խօսեցաւ (Յոբ 42։3)։ Բայց Աստուծոյ զարմանալի գործերը ուշադրութեամբ քննելէ ետք, ան մղուեցաւ ըսելու. «Ես քու մասիդ ականջով լսեր էի, բայց հիմա աչքս կը տեսնէ քեզ» (Յոբ 42։5

‘Եթէ Եհովան փնտռես՝ պիտի գտնես’

Նոյնը կրնայ ըսուիլ քու մասիդ։ «Եթէ [Եհովան] փնտռես՝ պիտի գտնես» (Ա. Մնացորդաց 28։9)։ Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան քեզի օգնելու, որ անտեսանելի Աստուածը փնտռես ու գտնես։