Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչին պատասխանները

Աստուածաշունչին պատասխանները

Ինչո՞ւ աղօթել որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ։

Կ’ուզե՞ս Աստուծոյ Թագաւորութեան ու անոր իրագործումներուն մասին աւելին գիտնալ

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկնային կառավարութիւն մըն է։ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ որ աղօթեն որ Թագաւորութիւնը գայ, քանի որ անիկա երկրի վրայ արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը պիտի վերահաստատէ։ Ո՛չ մէկ մարդկային կառավարութիւն կրնայ բռնութիւնը, անիրաւութիւնը կամ հիւանդութիւնը ամբողջովին ոչնչացնել, բայց Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կրնայ եւ պիտի ընէ։ Աստուած որոշած է որ իր Որդին՝ Յիսուս, այս Թագաւորութեան Թագաւորը ըլլայ։ Ան նաեւ ընտրած է Յիսուսի հետեւորդներէն խումբ մը, որպէսզի Թագաւորութեան մէջ Յիսուսի իշխանակիցներ ըլլան (կարդա՛ Ղուկաս 11։2. 22։28-30

Շուտով, Թագաւորութիւնը Աստուծոյ իշխանութեան բոլոր հակառակորդներուն դէմ քայլ պիտի առնէ։ Ուստի, Աստուծոյ Թագաւորութեան գալուն համար աղօթելը խնդրանք մըն է, որ Աստուծոյ կառավարութիւնը բոլոր մարդկային կառավարութիւններուն տեղը առնէ (կարդա՛ Դանիէլ 7։13, 14. Յայտնութիւն 11։15, 18

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ինչո՞ւ մարդոց պիտի օգտէ։

Յիսուս օրինակելի Թագաւոր է, քանի որ կարեկից է։ Որպէս Աստուծոյ Որդին, ան նաեւ զօրութիւնը ունի օգնելու բոլոր անոնց, որոնք Աստուծմէ օգնութիւն կ’աղաչեն (կարդա՛ Սաղմոս 72։8, 12-14

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի օգտէ բոլոր անոնց, որոնք աղօթքով անկեղծօրէն կը խնդրեն որ գայ, եւ իրենց կեանքը Աստուծոյ կամքին հետ կը ներդաշնակեն։ Բնա՛ւ պիտի չզղջաս՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին Աստուածաշունչին ըսածները սորվելով (կարդա՛ Ղուկաս 18։16, 17. Յովհաննէս 4։23