Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԶՐՈՅՑ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՆԻՒԹԻ ՄԸ ՇՈՒՐՋ

Աստուածաշունչը ինչո՞ւ քննել

Աստուածաշունչը ինչո՞ւ քննել

Այս նիւթը սովորական զրոյց մըն է, որ Եհովայի վկաները կրնան տանտիրոջ մը հետ ունենալ։ Երեւակայենք որ Գէորգ անունով Վկայ մը կը հանդիպի Ալպեր անունով մարդու մը։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ՊԱՏՄԱԿԱՆՕՐԷՆ ՃՇԳՐԻՏ Է

ԱԼՊԵՐ.– Պէտք է ըսեմ որ շատ կրօնասէր չեմ։ Ուստի չեմ կարծեր որ շատ խօսելիք ունինք։

ԳԷՈՐԳ.– Ուրախ եմ ձեր անկեղծութեան համար։ Նախ ըսեմ որ անունս Գէորգ է. իսկ ձե՞ր անունը։

ԱԼՊԵՐ.– Ալպեր։

ԳԷՈՐԳ.– Շատ լաւ։ Կ’ուզէի հարցնել. դուք կրօնասէ՞ր ընտանիքի մէջ մեծցած էք։

ԱԼՊԵՐ.– Այո, բայց երբ սկսայ քոլէճ երթալ, ձեւով մը կապս կտրուեցաւ կրօնքին հետ։

ԳԷՈՐԳ.– Հը՜մ, կը հասկնամ։ Իսկ ո՞ր ճիւղը ուսանած էք։

ԱԼՊԵՐ.– Ընկերաբանական նիւթեր եւ պատմագիտութիւն։ Շատ կը սիրեմ մարդկային պատմութիւնը, թէ մարդկային ընկերութիւնը ինչպէ՛ս զարգացած է։

ԳԷՈՐԳ.– Այո, պատմագիտութիւնը կրնայ հետաքրքրական ըլլալ։ Թերեւս գիտէք որ Աստուածաշունչը պատմական գիրք մըն է։ Երբեք զայն պարփակա՞ծ էք ձեր պրպտումներուն մէջ։

ԱԼՊԵՐ.– Ո՛չ։ Համաձայն եմ որ լաւ գիրք մըն է, բայց խօսքին բացը, Սուրբ Գիրքը բնաւ պատմագիտական գիրք չեմ սեպած։

ԳԷՈՐԳ.– Կը տեսնեմ որ լայնամիտ մարդ էք։ Եթէ կարելի է, կը փափաքիմ քանի մը վայրկեանով ձեզի ցոյց տալ Աստուածաշունչէն կարգ մը օրինակներ, որոնք պատմականօրէն ճշգրիտ են։

ԱԼՊԵՐ.– Ինչո՞ւ չէ։ Բայց Սուրբ Գիրք չունիմ։

ԳԷՈՐԳ.– Վնաս չունի։ Իմ Սուրբ Գիրքէս ցոյց կու տամ։ Առաջին օրինակը հոս գրուած է. . . Ա. Մնացորդաց 29–րդ գլուխին 26–րդ եւ 27–րդ համարներուն մէջ։ Կարդանք. «Այսպէս Յեսսէին որդին Դաւիթ բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւորութիւն ըրաւ։ Անիկա Իսրայէլի վրայ քառասուն տարի թագաւորեց։ Քեբրոնի մէջ՝ եօթը տարի ու Երուսաղէմի մէջ՝ երեսունըերեք տարի թագաւորեց»։

ԱԼՊԵՐ.– Բայց ասիկա ի՞նչ կապ ունի ճշգրիտ պատմութեան հետ։

ԳԷՈՐԳ.– Ատեն մը, քննադատներ կ’ըսէին թէ Դաւիթ թագաւորը գոյութիւն չէ ունեցած։

ԱԼՊԵՐ.– Իրա՞ւ։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսէին։

ԳԷՈՐԳ.– Աստուածաշունչէն դուրս, Դաւիթի գոյութեան վերաբերեալ շատ քիչ փաստեր կային։ Բայց 1993–ին, խումբ մը հնագէտներ շա՜տ հին քարի բեկոր մը պեղեցին, որուն վրայ փորագրուած էր բառ մը, որ կը թարգմանուի «Դաւիթի տունը»։

ԱԼՊԵՐ.– Հը՜մ, հետաքրքրական է։

ԳԷՈՐԳ.– Ուրիշ մէկն ալ կայ Սուրբ Գիրքին մէջ, որուն գոյութիւնը հարցականի տակ դրուած էր,– Պոնտացի Պիղատոսը, որ Յիսուսի օրերուն կառավարիչ մըն էր։ Ան նշուած է հոս՝ Ղուկասի Աւետարանին 3–րդ գլուխին առաջին համարին մէջ, ուրիշ կառավարիչներու հետ մէկտեղ։

ԱԼՊԵՐ.– Այո, համարը կ’ըսէ. «Պոնտացի Պիղատոսին Հրէաստանի վրայ կուսակալութիւն ըրած ատենը ու Հերովդէսին Գալիլիացիներուն վրայ չորրորդապետութեան ատենը»։

ԳԷՈՐԳ.– Շնորհակալ եմ։ Տարիներ շարունակ, կարգ մը ուսումնականներ Պոնտացի Պիղատոսը որպէս իրական անձ ըլլալուն վրայ կասկածներ ունէին։ Բայց գրեթէ 50 տարի առաջ, Միջին Արեւելքին մէջ քար մը գտնուեցաւ, որուն վրայ յստակ կերպով իր անունը փորագրուած է։

ԱԼՊԵՐ.– Հը՜մ, առաջին անգամ է այս մանրամասնութիւնները կը լսեմ։ Խօսքին բացը, ես միշտ յարգած եմ Աստուածաշունչը իբրեւ գրական աշխատասիրութիւն, բայց բնաւ չեմ զգացած թէ կապ ունի մեր ժամանակներուն հետ։ Կրնա՛յ ըլլալ որ անոր մէջ պատմականօրէն ճշգրիտ տեղեկութիւններ գրուած են, բայց չեմ կարծեր որ որեւէ գործնակա՛ն արժէք ունի։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ՀԻՆ ԲԱ՛ՅՑ ԱՐԴԻԱԿԱՆ ԳԻՐՔ ՄԸՆ Է

ԳԷՈՐԳ.– Շատեր այս գաղափարը ունին։ Բայց ես տարբեր կարծիք ունիմ։ Ըսեմ ինչու։ Որովհետեւ սկիզբէն մինչեւ հիմա մարդոց հիմնական կարիքները չեն փոխուած։ Օրինակի համար, մենք միշտ ալ ուտելիքի, հագուստի եւ պատսպարանի պէտք ունեցած ենք։ Միշտ պէտքը զգացած ենք իրարու հետ խօսելու եւ երջանիկ ընտանիք ունենալու։ Չէ՞ք համաձայնիր որ ասոնք արժէքաւոր են մեզի։

ԱԼՊԵՐ.– Վստահաբար կարեւոր են։

ԳԷՈՐԳ.– Աստուածաշունչը այս բոլոր կէտերուն մէջ մեզի կ’օգնէ։ Կարծես թէ հին, բա՛յց արդիական գիրք մը ըլլայ։

ԱԼՊԵՐ.– Ինչպէ՞ս։

ԳԷՈՐԳ.– Ուրիշ կերպով ըսեմ։ Սուրբ Գիրքին մէջ կան հիմնական սկզբունքներ, որոնք այսօր նո՛յնքան կարեւորութիւն ունին, ո՛րքան երբ գրի առնուեցան դարեր առաջ։

Սուրբ Գիրքին մէջ կան հիմնական սկզբունքներ, որոնք այսօր նո՛յնքան կարեւորութիւն ունին, ո՛րքան երբ գրի առնուեցան դարեր առաջ

ԱԼՊԵՐ.– Օքէյ։ Ո՞ր մարզերուն մէջ։

ԳԷՈՐԳ.– Աստուածաշունչի սկզբունքները կրնան շատ մը մարզերու մէջ մեզ առաջնորդել, ինչպէս՝ դրամի նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենալ, ընտանեկան երջանիկ կեանք վայելել կամ ազնիւ բարեկամ մը ըլլալ։ Սուրբ Գիրքը կարծես քարտէս մը ըլլայ, որ դէպի յաջողութեան կը տանի։ Չէ՞ք համաձայնիր որ այս օրերուն, զոր օրինակ, յաջող ամուսին եւ ընտանիքի գլուխ ըլլալը դժուար է։

ԱԼՊԵՐ.– Այո, կարծեմ որ հոս քեզի հետ պիտի համաձայնիմ։ Ես ու կինս գրեթէ մէկ տարիէ ամուսնացած ենք, եւ տակաւին կարգ մը հարցերու մէջ անհամաձայն կ’ըլլանք։

ԳԷՈՐԳ.– Ա՛յս է ըսածս։ Բայց Աստուածաշունչը պարզ ու գործնական սկզբունքներ կու տայ։ Նկատի առէք Եփեսացիս 5–րդ գլուխը, զոր օրինակ։ Եթէ կ’ուզէք, կրնաք կարդալ 22–րդ, 23–րդ եւ 28–րդ համարները։

ԱԼՊԵՐ.– Շատ լաւ։ Կ’ըսէ. «Կիները իրենց այրերուն հնազանդ ըլլան՝ որպէս թէ Տէրոջը. վասն զի այրը կնոջ գլուխն է, ինչպէս Քրիստոս ալ եկեղեցիին գլուխն է ու ինք մարմնին Փրկիչն է»։ Իսկ 28–ը կ’ըսէ. «Նոյնպէս ալ պէտք է որ այրերը իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս։ Ան որ իր կինը կը սիրէ, իր անձը կը սիրէ»։

ԳԷՈՐԳ.– Լեզուիդ դալար։ Ի՞նչ կը կարծէք. եթէ թէ՛ ամուսինը եւ թէ կինը այս պարզ խրատը փորձեն կիրարկել, իրենց ընտանիքը դէպի լաւ կ’երթա՞յ։

ԱԼՊԵՐ.– Կարծես թէ այո։ Բայց խօսիլը բան մըն է, ընելը բան մըն է։

ԳԷՈՐԳ.– Ճիշդ էք. կատարեալ մէկը չկայ։ Ըսեմ որ Աստուածաշունչի այս նոյն գլուխին մէջ ուրիշ համար մը կայ, որ կը քաջալերէ բանաւոր ըլլալ *։ Որեւէ փոխյարաբերութեան մէջ, հարկ է որ մարդիկ հաւասարակշռուած ըլլան ու համակերպին։ Ես ու կինս անդրադարձանք որ Աստուածաշունչը կրնա՛յ մեզի օգնել որ հաւասարակշռուած ըլլանք։

ԱԼՊԵՐ.– Ըսածդ տրամաբանական է։

ԳԷՈՐԳ.– Եհովայի վկաները կայք մը ունին, որուն մէջ արժէքաւոր տեղեկութիւններ կան ամուսնութեան եւ ընտանեկան կեանքի շուրջ։ Եթէ քանի մը վայրկեան թոյլ տաք, կրնամ կարգ մը նմոյշներ ցոյց տալ ձեզի։

ԱԼՊԵՐ.– Եթէ քանի մը վայրկեան է, ինչո՞ւ չէ։

ԳԷՈՐԳ.– Կայքին հասցէն www.ps8318.com/hy-latn է։ Ահա՛ւասիկ գլխաւոր էջը։

ԱԼՊԵՐ.– Գեղեցիկ նկարներ են։

ԳԷՈՐԳ.– Այս տեսարանները ցոյց կու տան, թէ ինչպէ՛ս համայն աշխարհի մէջ կը քարոզենք։ Հոս կայ «Հրատարակութիւններ» անունով բաժին մը, որուն մէջ կրնանք նոր պարբերաթերթեր եւ ա՛յլ հրատարակութիւններ գտնել զանազան նիւթերու շուրջ։ Օրինակի համար կայ այս գրքոյկը ընտանեկան կեանքի շուրջ։

ԱԼՊԵՐ.– Հետաքրքրական է։

ԳԷՈՐԳ.– Ես արդէն զայն բեռնած եմ։ Հաճիս այս բովանդակութենէն կը զատէ՞ք նիւթ մը որ ձեզ ամենաշատը կը հետաքրքրէ։

ԱԼՊԵՐ.– Այո։ «Խնդիրները ինչպէ՛ս լուծել»։ Կ’ուզե՛մ այդ մէկը ընել։

ԳԷՈՐԳ.– Այս յօդուածը կը նշէ երեք քայլ՝ խնդիրները լուծելու համար։ Առաջին քայլը խնդիրը քննարկելն է։ Նկատի առնենք այս պարբերութիւնը։ Կը փափաքի՞ք կարդալ։

ԱԼՊԵՐ.– Անշուշտ։ Կ’ըսէ. «Նոյնիսկ երբ համաձայն չգտնուիս, քաղցրաբարոյ եղիր, բնաւ չմոռնալով կողակիցիդ հանդէպ սէր ու յարգանք ցուցաբերել»։ Աղուոր խրատ է։

ԳԷՈՐԳ.– Լեզուիդ դալար։ Հոս գրուած է Կողոսացիս 4։6։ Ե՛ս կարդամ. «Ձեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքով, որպէս թէ աղով համովցած ըլլայ ու գիտնաք թէ ի՛նչպէս կը վայլէ ձեզի ամէն մէկուն պատասխան տալ»։ Նկատեցի՞ք թէ համարը ի՛նչ բան կը շեշտէ։

ԱԼՊԵՐ.– Վստահ չեմ։

ԳԷՈՐԳ.– Չէ՞ք համաձայնիր որ եթէ մեր խօսքերը միշտ շնորհքով ու յարգալից ըլլան, խնդիրը քննարկելու ատեն անհամաձայնութիւնները պիտի նուազին։

ԱԼՊԵՐ.– Այո, համաձայն եմ։

ԳԷՈՐԳ.– Եթէ կողակիցները միշտ յիշեն մէկզմէկ սիրել ու յարգել, չէ՞ք կարծեր որ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ խնդիր լուծելը։

ԱԼՊԵՐ.– Այդպէս կը խորհիմ։

ԳԷՈՐԳ.– Ուրեմն, 2000 տարի առաջ գրուած Աստուածաշունչին այս մէ՛կ խրատը կրնայ լաւ արդիւնք տալ, եթէ կիրարկուի։

ԱԼՊԵՐ.– Զարմանալի. ուրեմն Սուրբ Գիրքը գիտցածէս աւելին է եղեր։

ԳԷՈՐԳ.– Ուրախացայ ձեր այս խօսքէն։ Կը փափաքիմ ձեզի կրկին հանդիպիլ հոս եւ ձեր կարծիքը առնել յաջորդ էջին վրայ նշուած միւս երկու կէտերուն շուրջ *։

ԱԼՊԵՐ.– Սիրով։ Ես ու կինս մէկ հատ աչքէ կ’անցընենք։

Արդեօք կա՞յ աստուածաշնչական նիւթ մը, որուն մասին շատ մտածած ես։ Եհովայի վկաներուն հաւատալիքներով կամ կրօնական սովորութիւններով հետաքրքրուա՞ծ ես։ Եթէ այո՛, կրնաս ոեւէ Վկայի հարցումներ ուղղել։ Ան ուրախ պիտի ըլլայ այսպիսի նիւթեր քեզի հետ քննարկելու։

^ պարբ. 59 Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 14–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։