Անցնիլ բովանդակութեան

Անձնասպանութենէ փրկուիլ

Անձնասպանութենէ փրկուիլ

ՏՈՒՆԷ տուն քարոզելու ատեն, երկու Եհովայի վկաներ դուռ մը զարկին։ Շփոթած դէմքով մարդ մը դուռը բացաւ. իրեն ետին, սանդուխին վրայ, պարան մը կախուած էր։

Երբ մարդը Վկաներուն ըսաւ որ ներս մտնեն, անոնք հարցուցին թէ այդ պարանը ինչո՛ւ հոն էր։ Ան ըսաւ որ կը պատրաստուէր ինքզինք կախելու, բայց երբ զանգը հնչեց՝ որոշեց վերջին անգամ ըլլալով դուռը բանալ։ Վկաները իրեն հետ խօսեցան եւ զինք տարին բժիշկի մը քով, որ իրեն օգնութիւն հայթայթեց։

Այդ պատմութիւնը պելճիքական լրագրի մը մէջ գրուեցաւ։ Բայց ասիկա միակ դէպքը չէ, երբ Եհովայի վկաները օգնած են անձի մը որ անձնասպան չըլլայ։ Նկատի առ աշխարհի տարածքին տեղի ունեցող այլ նոյնանման դէպքեր։

Յունաստանէն կին մը գրեց. «Ամուսինս զիս այնքան յուսախաբ ըրաւ, որ մեծ ընկճուածութիւն ունեցայ։ Այնքա՛ն յուսահատեցայ, որ որոշեցի կեանքիս վերջ դնել։ Անձնասպան ըլլալու գաղափարն իսկ զիս հանգստացուց. կ’ուզէի ա՛լ ցաւ չզգալ»։

Այսուհանդերձ, կինը բժշկական օգնութեան դիմեց։ Կարճ ժամանակ ետք, ան Վկաներուն հետ կապ պահեց, սկսաւ Աստուածաշունչը սերտել եւ ժողովներու ներկայ գտնուիլ։ «Եղբայրութեան քով գտայ անձնազոհ սէր, որ տարիներէ ի վեր կը փնտռէի», գրեց ան։ «Ունեցայ իսկական բարեկամներ, որոնց կրնամ վստահիլ։ Այժմ հանդարտ եւ ուրախ կը զգամ, եւ ապագայով մտահոգուած չեմ»։

Անգլիոյ մէջ Վկայ մը կը գրէ. «Ծանօթներէս մէկը ինծի հեռաձայնեց երբ վհատած վիճակի մէջ էր։ Ան ինծի ըսաւ որ այդ գիշեր անձնասպան պիտի ըլլար։ Զարթի՛ր–ի մայիս 2008 թիւին մէկ յօդուածէն կէտեր նշեցի եւ Աստուածաշունչէն մխիթարական համարներ կարդացի։ Ան այլեւս չ’ուզեր իր կեանքին վերջ դնել, հակառակ անոր որ դեռ խնդիրներ ունի»։

Կանայի մէջ Մայքլ անունով Եհովայի վկայ մը իր գործատեղիին մէջ խօսակցութիւն ունեցաւ երիտասարդ կնոջ մը հետ, որ ապրանքներ կը ծախէր։ Օր մը ան նկատեց թէ կինը շա՛տ ընկճուած է, եւ հարցուց թէ ինչո՛ւ։ Կինը ըսաւ որ կ’ուզէր ինքզինք մեռցնել, քանի որ ամուսինը զինք ձգելով ուրիշ կին մը առած էր։ Մայքլ զինք մխիթարեց եւ տուաւ երկու գիրք, որոնք Աստուածաշունչը կը բացատրեն։ Աստուածաշունչին տեղեկութիւնները ստանալով, կինը ետ կեցաւ անձնասպան ըլլալէ։ Ան շարունակեց Աստուածաշունչը սերտել, եւ այժմ Եհովայի վկայ մըն է։

Միացեալ Նահանգներու մէջ լրագիր մը տեղեկագրեց, թէ երիտասարդ Վկայ մը քարոզելու ատեն նշմարած էր կանգ առած ինքնաշարժ մը, որուն շարժիչը (engine) կ’աշխատէր։

«Տեսայ լայն խողովակ մը, որուն մէկ ծայրը ինքնաշարժին արտածիկ խողովակին (exhaust pipe) կապուած էր», ըսաւ երիտասարդը։ «Իսկ միւս ծայրը ինքնաշարժին մէկ պատուհանէն ներս կը մտնէր, եւ պատուհանը ժապաւէնով գոցուած էր։

«Դէպի ինքնաշարժ վազեցի, եւ պատուհանէն ներս նայելով տեսայ կին մը, որ թանձր ծուխով շրջապատուած էր եւ կու լար։ Բարձր ձայնով ըսի. ‘Ի՛նչ կ’ընես’։

«Մինչ դուռը պիտի բանայի, տեսայ որ ետեւը երեք երեխաներ նստած են։ Դուռը բացի եւ կինը ըսաւ. ‘Պիտի երթա՜մ... Պիտի երթա՜մ... Զաւակներս ալ ինծի հետ պիտի տանիմ’։

«Ըսի. ‘Հաճիս մի՛ ըներ, ասիկա լուծում մը չէ’։

«Ան պատասխանեց. ‘Պէտք է երկինք երթամ։ Պէտք է զաւակներս ալ ինծի հետ տանիմ’։

«Մինչ ան կը շարունակէր լալ, ծունկի եկայ, եւ ես ալ սկսայ լալ։ Նորէն ըսի. ‘Հաճիս ասիկա մի՛ ըներ’։ Ապա ինքնաշարժ մտայ եւ զգուշութեամբ զինք դուրս հանեցի։

«Այն ատեն ան պոռաց. ‘Զաւակնե՛րս ազատէ’։

«Անոր զաւակները,– երկու աղջնակներ՝ չորս եւ հինգ տարեկան եւ երկու տարեկան տղեկ մը,– իրենց թեւերը երկարեցին որ զիրենք գրկեմ։ Լուռումունջ նստած էին, չգիտնալով որ քիչ ետք պիտի մեռնէին։

«Անգամ մը որ չորսն ալ ինքնաշարժէն դուրս հանեցի, շարժիչը մարեցի։ Անկէ ետք, մենք հինգս ցած պատի մը վրայ նստանք, եւ կնոջ ըսի. ‘Սիրտդ բաց ինծի’»։

Եհովայի վկաները կեանքը կը նկատեն Ստեղծիչին կողմէ թանկագին պարգեւ մը։ Անոնք աշխարհի տարածքին կը ջանան մխիթարել անոնք, որոնք անձնասպան եղող սիրելի մը կորսնցուցած են, եւ օգնել անոնց՝ որոնք փորձած են անձնասպան ըլլալ։