Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի վկաները արգելքի տակ դրա՞ծ են որոշ ֆիլմեր, գիրքեր կամ երգեր

Եհովայի վկաները արգելքի տակ դրա՞ծ են որոշ ֆիլմեր, գիրքեր կամ երգեր

 Ո՛չ։ Մեր կազմակերպութիւնը չի ստուգեր որոշ ֆիլմեր, գիրքեր կամ երգեր, որոշելու համար թէ իր անդամները որոնցմէ՛ պէտք է խուսափին։ Ինչո՞ւ։ Հետեւեալ պատճառներով.

  Աստուածաշունչը կը քաջալերէ, որ իւրաքանչիւր անհատ իր «զգայարանքները» կամ ըմբռնողականութիւնը մարզէ՝ բարին ու չարը զանազանելու համար (Եբրայեցիս 5։14

  Աստուածաշունչին մէջ կան հիմնական սկզբունքներ, որոնք քրիստոնեայ մը պէտք է նկատի առնէ, երբ ժամանց կ’ընտրէ a։ Մենք կ’ուզենք կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ ‘քննել թէ ի՛նչ է Տէրոջը հաճելին’ (Եփեսացիս 5։10

  Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ, թէ տան գլուխը որոշ չափով հեղինակութիւն ունի. ուստի ան կրնայ իր ընտանիքի անդամները արգիլել որոշ բաներ դիտելէ, կարդալէ կամ լսելէ (Ա. Կորնթացիս 11։3. Եփեսացիս 6։1-4)։ Բայց ընտանիքէն դուրս, ո՛չ ոք իրաւասութիւն ունի ժողովքի անդամներուն պարտադրելու թէ ո՛ր ֆիլմերը, գիրքերը կամ երգերը անընդունելի են (Գաղատացիս 6։5

a Օրինակ, Աստուածաշունչը կը դատապարտէ որեւէ բան, որ կը քաջալերէ ոգեհարցութիւն, սեռային անբարոյութիւն կամ բռնութիւն (Բ. Օրինաց 18։10-13. Եփեսացիս 5։3. Կողոսացիս 3։8