Անցնիլ բովանդակութեան

Ամբողջ աշխարհի մէջ քանի՞ Եհովայի վկայ կայ

Ամբողջ աշխարհի մէջ քանի՞ Եհովայի վկայ կայ

2023–ի տեղեկագրութիւն

Ամբողջ աշխարհի մէջ Եհովայի վկաներուն թիւը

8,816,562

Ժողովքներ

118,177

Երկիրներ՝ ուր Եհովայի վկաները կը քարոզեն

239

2023 ընդհանուր տուեալներ

2023 տեղեկագրութիւնները՝ երկիրներու եւ երկրամասերու

Որո՞նք Եհովայի վկաներ կը սեպուին

 Եհովայի վկաներ կը սեպուին միայն անոնք՝ որոնք ամէն ամիս Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը կանոնաւորաբար կը քարոզեն (Մատթէոս 24։14)։ Այսինքն, անոնք՝ որոնք մկրտուած են որպէս Եհովայի վկաներ, եւ անոնք՝ որոնք դեռ չեն մկրտուած, բայց որակեալ են քարոզչութեան մասնակցելու։

Եհովայի վկայ սեպուելու համար, պէ՞տք է որ մէկը նուիրատուութիւն ընէ

 Ո՛չ։ Նուիրատուութիւն ընելը բնա՛ւ կապ չունի անձի մը Վկայ սեպուելուն կամ մեր կազմակերպութեան մէջ որեւէ նշանակում կամ առանձնաշնորհում ձեռք ձգելուն հետ (Գործք 8։18-20)։ Իրականութեան մէջ նուիրատուներուն անունները չեն յայտարարուիր։ Ամէն մէկ Վկայ իր ժամանակէն, ուժէն եւ նիւթականէն կը յատկացնէ մեր համաշխարհային գործունէութեան համար՝ իր փափաքին եւ պարագաներուն համաձայն (Բ. Կորնթացիս 9։7

Ինչպէ՞ս կը գիտնաք կանոնաւորաբար քարոզչութեան մասնակցողներուն թիւը

 Ամէն ամիս Վկաները իրենց քարոզչութիւնը կը տեղեկագրեն իրենց ժողովքին։ Ասիկա կամաւորաբար կ’ընեն։

 Ժողովքին տեղեկագիրները կը հաւաքուին եւ անոնց ընդհանուր թիւը կը ղրկուի տեղական մասնաճիւղին։ Մասնաճիւղը ամէն մէկ երկրի կամ տարածքի ընդհանուր թիւերը կը ղրկէ մեր գլխաւոր կեդրոնատեղիին։

 Ամէն մէկ ծառայութեան տարուան a վերջաւորութեան, կը գիտցուի ամէն մէկ երկրի մէջ ապրող Վկաներուն գագաթ թիւը։ Թիւերը իրարու հետ կը գումարուին, գիտնալու համար ամբողջ աշխարհի Վկաներուն ընդհանուր թիւը։ Ամէն մէկ երկրի մանրամասն տեղեկագրութիւնները կը հրատարակուին մեր կայքին վրայ, «Համայն աշխարհի մէջ» բաժինին մէջ։ Այս տեղեկագրութիւններով կը քաջալերուինք, ինչպէս որ առաջին դարու քրիստոնեաները նման տեղեկագրութիւններով քաջալերուեցան (Գործք 2։41. 4։4. 15։3

Վկաներ կը սեպէ՞ք անոնք՝ որոնք ձեր կազմակերպութեան կ’ընկերակցին բայց չեն քարոզեր

 Ճիշդ է որ անոնք Վկաներ չենք սեպեր, բայց ջերմօրէն կ’ընդունինք այդպիսիները մեր ժողովներուն մէջ։ Անոնց մեծամասնութիւնը ներկայ կը գտնուի Քրիստոսի մահուան տարեկան Յիշատակատօնին. ուրեմն անոնց թիւը կարելի է մօտաւորապէս գիտնալ, երբ Վկաներուն թիւը կը հանենք Յիշատակատօնի ներկաներուն թիւէն։ 2023–ին, Յիշատակատօնին ներկայ գտնուեցան 20,461,767 անհատներ։

 Շատեր՝ որոնք մեր ժողովներուն ներկայ չեն գտնուիր, կ’օգտուին Աստուածաշունչի ձրի տնային ուսումնասիրութեան կարգադրութենէն։ 2023–ին, ամէն ամիս միջին հաշուով 7,281,212 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարեցինք։ Կարգ մը ուսումնասիրութիւններու ընթացքին, քանի մը անձեր միաժամանակ կը սերտէին։

Վկաներուն թիւին նկատմամբ կառավարական գրասենեակներուն տուած թիւը ինչո՞ւ ձերինէն աւելի բարձր է

 Մարդահամարով զբաղող կառավարական գրասենեակները ընդհանրապէս թիւերը կ’որոշեն՝ մարդոց հարցնելով թէ ո՛ր կրօնական խումբին կը պատկանին։ Օրինակ, Միացեալ Նահանգներու գրասենեակը կ’ըսէ, թէ իրենց փորձագիտանքներուն մէջ «նկատի առնուեցաւ թէ մասնակցողները իրենք զիրենք որոշ կրօնքի մը հետեւորդ կը սեպե՛ն կամ ոչ»։ Գրասենեակը կ’աւելցնէ ըսելով, թէ արդիւնքները «հիմնուած են անձնական կարծիքի վրայ, եւ ոչ թէ՝ իրողութիւններու»։ Ասոր հակառակը, մենք Եհովայի վկայ կը սեպենք միայն անոնք՝ որոնք ուրիշներու կը քարոզեն եւ իրենց գործունէութիւնը կը տեղեկագրեն, եւ ոչ թէ անոնք՝ որոնք պարզապէս իրենք զիրենք Վկաներ կը սեպեն։

a Ծառայութեան տարին կը սկսի սեպտեմբեր 1–ին եւ վերջ կը գտնէ յաջորդ տարուան օգոստոս 31–ին։ Օրինակ, 2015–ի ծառայութեան տարին սկսաւ 1 սեպտեմբեր 2014–ին եւ վերջ գտաւ 31 օգոստոս 2015–ին։