Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի վկաները ինչո՞ւ քաղաքական գետնի վրայ չէզոք են

Եհովայի վկաները ինչո՞ւ քաղաքական գետնի վրայ չէզոք են

 Եհովայի վկաներս քաղաքական գետնի վրայ չէզոք կը մնանք կրօնական պատճառներով, որոնք հիմնուած են Աստուածաշունչին վրայ։ Մենք քաղաքական մարդոց վրայ ճնշում չենք բանեցներ, կուսակցութիւններու կամ թեկնածուներու չենք քուէարկեր, կառավարական պաշտօններ ձեռք ձգելու հետամուտ չենք ըլլար, ոչ ալ կը մասնակցինք որեւէ շարժումի՝ կառավարութիւններ տապալելու համար։ Մենք կը հաւատանք թէ Աստուածաշունչը տրամաբանական պատճառներ կու տայ այս չէզոք դիրքը բռնելու։

  •   Մենք կը հետեւինք Յիսուսի օրինակին, որ մերժեց քաղաքական դիրք ունենալ (Յովհաննէս 6։15)։ Ան իր աշակերտներուն սորվեցուց որ ‘աշխարհէն չըլլան’ եւ յստակացուց թէ անոնք քաղաքական հարցերու մէջ պէտք չէր միջամուխ ըլլային (Յովհաննէս 17։14, 16. 18։36. Մարկոս 12։13-17

  •   Մենք հաւատարիմ կը մնանք Աստուծոյ Թագաւորութեան, որուն մասին Յիսուս ըսաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի» (Մատթէոս 24։14)։ Քանի որ Աստուծոյ Թագաւորութեան ներկայացուցիչներն ենք եւ յանձնարարութիւն ստացած ենք անոր գալուն մասին ծանուցանելու, մենք բոլոր երկիրներու քաղաքական հարցերուն մէջ չէզոք կը մնանք,– ներառեալ մեր ապրած երկրին (Բ. Կորնթացիս 5։20. Եփեսացիս 6։20

  •   Չէզոք մնալով, կրնանք Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ազատօրէն խօսիլ մարդոց, ինչ որ ալ ըլլան անոնց քաղաքական համոզումները։ Խօսքով ու գործով կը ջանանք մարդոց ցոյց տալ, թէ մենք կը վստահինք Աստուծոյ Թագաւորութեան՝ որպէս աշխարհի խնդիրներու միակ լուծումը (Սաղմոս 56։11

  •   Քանի որ քաղաքական հարցերու մէջ կողմնակցութիւն չենք ըներ, մեր միջազգային եղբայրութիւնը միացած կը մնայ (Կողոսացիս 3։14. Ա. Պետրոս 2։17)։ Ասոր հակառակը, այն կրօնքներուն անդամները, որոնք քաղաքական տարբեր կուսակցութիւններու կը պատկանին, միշտ բախումներ կ’ունենան,– ինչ որ իրենց միութիւնը կը խախտէ (Ա. Կորնթացիս 1։10

 Մենք կառավարութիւնները կը յարգենք։ Թէեւ քաղաքական գետնի վրայ չէզոք կը մնանք, սակայն կը յարգենք մեր երկրին կառավարական հեղինակութիւնները։ Ասիկա ներդաշնակ է Աստուածաշունչի հետեւեալ պատուէրին հետ. «Ամէն մարդ իր վրայ եղած իշխանութիւններուն թող հնազանդի» (Հռովմայեցիս 13։1)։ Մենք օրէնքը կը յարգենք, տուրքերը կը վճարենք եւ կառավարութեան հետ կը համագործակցինք, երբ անիկա քաղաքացիներուն բարօրութեան ի նպաստ ջանքեր թափէ։ Փոխանակ կառավարութիւնը տապալելու շարժումներու մասնակցելու, մենք կը հետեւինք Աստուածաշունչի խրատին, որ կ’ըսէ թէ աղօթք ընենք «թագաւորներուն եւ իշխաններուն համար», մանաւանդ երբ կ’առնեն այնպիսի որոշումներ, որոնք կրնան ազդել մեր պաշտամունքի ազատութեան (Ա. Տիմոթէոս 2։1, 2

 Մենք նաեւ կը յարգենք քաղաքական հարցերու մէջ անձնական որոշումներ կայացնելու մարդոց իրաւունքը։ Օրինակ, մենք քուէարկութիւնները չենք խանգարեր, ոչ ալ անհատները կ’արգիլենք քուէարկութեան մասնակցելէ։

 Չէզոք մնալու գաղափարը վերջե՞րս յղացանք։ Ո՛չ։ Առաքեալները եւ առաջին դարու այլ քրիստոնեաներ համանման կեցուածք մը ունեցան կառավարական հեղինակութիւններուն հանդէպ։ Գիրք մը կը նշէ. «Թէեւ նախկին քրիստոնեաները համոզուած էին որ պէտք էր կառավարական հեղինակութիւնները յարգել, բայց համամիտ չէին քաղաքական հարցերու միջամուխ ըլլալու» (Beyond Good Intentions)։ Ուրիշ գիրք մը կ’ըսէ, թէ նախկին քրիստոնեաները «չընդունեցին քաղաքական դիրքեր ստանձնել» (On the Road to Civilization

 Մեր քաղաքական չէզոքութիւնը ազգային ապահովութեան կը սպառնա՞յ։ Ո՛չ։ Մենք խաղաղասէր քաղաքացիներ ենք եւ կառավարական հեղինակութիւնները հարկ չունին մեզմէ վախնալու։ Նկատի առ Ուքրանիոյ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային 2001–ի մէկ տեղեկագրութիւնը, որ Եհովայի վկաներուն քաղաքական չէզոքութեան մասին մեկնաբանելով՝ նշեց. «Ներկայիս թերեւս ոմանք չհաճին Եհովայի վկաներուն բռնած դիրքին։ Անիկա հիմնական պատճառն էր թէ անոնք ինչո՛ւ հալածուեցան ամբողջատիրական նացի եւ համայնավար վարչաձեւերուն կողմէ»։ Բայց նոյնիսկ սովետական բռնութեան ներքեւ, Վկաները «օրինապահ քաղաքացիներ մնացին։ Անոնք անկեղծօրէն եւ անձնուրացօրէն աշխատեցան ագարակներու եւ գործարաններու մէջ եւ համայնավարութեան վտանգ չսպառնացին»։ Նմանապէս այսօր, Եհովայի վկաներուն հաւատալիքները եւ սովորութիւնները «որեւէ քաղաքի ապահովութեան վտանգ չեն սպառնար», եզրափակեց տեղեկագրութիւնը։