Անցնիլ բովանդակութեան

Ո՞վ է Եհովան

Ո՞վ է Եհովան

Աստուածաշունչին պատասխանը

 Եհովան Աստուածաշունչին մէջ նշուած ճշմարիտ Աստուածն է՝ ամէն բանի Ստեղծիչը (Յայտնութիւն 4։10բ)։ Աբրահամ եւ Մովսէս մարգարէները Եհովա Աստուած կը պաշտէին. Յիսո՛ւսն ալ Եհովա Աստուած կը պաշտէր (Ելից 3։15, 16. 15։1-3. Յովհաննէս 20։17)։ Եհովան ոչ միայն մէկ ժողովուրդի մը Աստուածն է, հապա «բոլոր երկրի» Աստուածը (Սաղմոս 83։18

 Ինչպէս որ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, Աստուծոյ յատուկ անունը Եհովա է (Բ. Օրինաց 4։39. Եսայի 42։8)։ Այդ անունը եկած է եբրայերէն բայէ մը, որ կը նշանակէ «ըլլալ»։ Շատ մը ուսումնականներ կ’ըսեն որ Եհովա անուան իմաստն է՝ «Ան կը պատճառէ ըլլալ»։ Եւ ասիկա շա՛տ կը յարմարի Եհովա Աստուծոյ դերին հետ՝ որպէս Ստեղծիչ եւ իր նպատակները իրագործող (Եսայի 55։10, 11)։ Աստուածաշունչը նաեւ մեզի կ’օգնէ, որ Եհովա Աստուծոյ անձնաւորութիւնը ճանչնանք եւ անոր յատկութիւններուն մասին սորվինք. մանաւանդ իր գլխաւոր յատկութիւնը՝ սէրը (Ելից 34։5-7. Ղուկաս 6։35. Ա. Յովհաննէս 4։8

 Եհովա անունը հայերէն թարգմանութիւնն է Աստուծոյ եբրայերէն անուան, որ կազմուած է չորս տառերէ יהוה (ԵՀՎՀ), որոնք ծանօթ են որպէս՝ քառագիր։ Մենք չենք գիտեր որ անցեալին եբրայախօս հրեաները ճիշդ ինչպէ՛ս կ’արտասանէին Աստուծոյ անունը, բայց հայերէն լեզուով Աստուածաշունչի հին թարգմանութիւններ կը գործածեն «Եհովա» անունը a։

Ինչո՞ւ յայտնի չէ որ Աստուծոյ անունը ճիշդ ինչպէ՛ս կ’արտասանուէր հին եբրայերէնին մէջ

 Հին եբրայերէնը կը գրուէր առանց ձայնաւորներու, հապա միայն բաղաձայններով։ Եբրայախօս ընթերցողը գիտէր թէ ամէն մէկ բառի մէջ ո՛ր ձայնաւորները պէտք էր արտասանէր։ Բայց Եբրայերէն Գրութիւնները («Հին Կտակարան»ը) ամբողջանալէ ետք, կարգ մը հրեաներ սկսան հաւատալ այն գաղափարին, որ սխալ է Աստուծոյ անձնական անունը գործածել։ Երբ բարձրաձայն կը կարդային համար մը, անոնք կը փոխարինէին Աստուծոյ անունը «Տէր» կամ «Աստուած» բառերով։ Դարեր ետք, այս սխալ գաղափարը այնքա՛ն տարածուեցաւ, որ Աստուծոյ անուան արտասանութեան հին ձեւը մոռցուեցաւ b։

 Կարգ մը մարդիկ կը կարծեն որ Աստուծոյ անունը «Եահվէ» կ’արտասանուէր, իսկ ուրիշներ տարբեր հաւանականութիւններ կու տան։ Մեռեալ ծովու մագաղաթներէն մէկուն մէջ,– որ կը բովանդակէ Ղեւտացւոց գիրքէն մաս մը յունարէնով,– Աստուծոյ անունը տառադարձուած է որպէս Եաօ։ Այս ձեւէն զատ, նախկին յոյն գրագէտներ նաեւ առաջարկեցին գործածել այս ձեւերը. Եաէ, Եա·պէ եւ Եա·ու·է։ Բայց փաստ մը չկայ որ այս ձեւերէն մէկը գործածուած է հին եբրայերէնին մէջ c։

Աստուածաշունչին մէջ Աստուծոյ անուան գործածութեան նկատմամբ սխալ կարծիքներ

 Սխալ կարծիք։ Եթէ Աստուածաշունչի թարգմանութիւն մը գործածած է «Եհովա» անունը, ուրեմն ինք ատիկա աւելցուցած է։

 Իրողութիւն։ Աստուծոյ անունը, որ ներկայացուած է չորս տառերով, մօտ 7000 անգամ կ’երեւի Աստուածաշունչին մէջ։ Կարգ մը թարգմանութիւններ դիտմամբ կը ջնջեն Աստուծոյ անունը եւ ատոր տեղ կը դնեն «Տէր» տիտղոսը։

 Սխալ կարծիք։ Ամենակարող Աստուած պէտք չունի անձնական անունի մը։

 Իրողութիւն։ Աստուած ինք Աստուածաշունչի գրողները ուղղեց որ իր անունը հազարաւոր անգամներ գործածեն, եւ զինք պաշտողներուն ուղղութիւն կու տայ, որ իր անունը գործածեն (Եսայի 42։8. Յովէլ 2։32. Մաղաքիա 3։16. Հռովմայեցիս 10։13)։ Աստուած դատապարտեց այն մարգարէները, որոնք կը փորձէին իր անունը մոռցնել տալ իր ժողովուրդին (Երեմիա 23։27

 Սխալ կարծիք։ Պէտք է հրեաներուն սովորութեան հետեւիլ եւ Աստուծոյ անունը ջնջել Աստուածաշունչէն։

 Իրողութիւն։ Ճիշդ է որ կարգ մը հրեայ դպիրներ մերժեցին Աստուծոյ անունը արտասանել, բայց անոնք ատիկա չջնջեցին Աստուածաշունչը ընդօրինակած ատեն։ Ինչ որ ալ ըլլայ պարագան, Աստուած չ’ուզեր որ մենք հետեւինք մարդկային սովորութիւններու, որոնք իր պատուիրաններուն կը հակասեն (Մատթէոս 15։1-3

 Սխալ կարծիք։ Աստուծոյ անունը պէտք չէ գործածուի Աստուածաշունչին մէջ, քանի որ չենք գիտեր որ ատիկա ինչպէս կ’արտասանուէր եբրայերէնով։

 Իրողութիւն։ Այս կարծիքը որդեգրողները կ’ըսեն որ Աստուած կ’ակնկալէ որ տարբեր լեզուներ խօսող մարդիկ իր անունը նոյն ձեւով արտասանեն։ Բայց Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, որ Աստուծոյ անցեալի ծառաները, որոնք տարբեր լեզուներ կը խօսէին, մարդոց յատուկ անունները տարբեր կերպերով կ’արտասանէին։

 Օրինակի համար, նկատի առ իսրայէլացի դատաւոր Յեսուին անուան պարագան։ Առաջին դարու եբրայախօս քրիստոնեաները իր անունը կ’արտասանէին Եհո·շուա, իսկ յունախօս քրիստոնեաները իր անունը կ’արտասանէին Ի·ի·սուս։ Աստուածաշունչին մէջ կը տեսնենք որ եբրայերէն Յեսու անուան յունարէն թարգմանութիւնը գործածուած է։ Ասիկա ցոյց կու տայ, որ քրիստոնեաները կը գործածէին յատուկ անուններու այն ձեւը, որ ընդունուած էր իրենց լեզուին մէջ (Գործք 7։45. Եբրայեցիս 4։8

 Նոյն գաղափարը կարելի է կիրարկել Աստուծոյ անունը թարգմանելու ժամանակ։ Աստուծոյ անուան ճշգրիտ արտասանութիւնը գիտնալէն շատ աւելի կարեւոր է՝ որ այդ անունը երեւի Աստուածաշունչի բոլոր այն համարներուն մէջ, ուր պէտք է երեւի։

a Աստուածաշունչի արեւելահայերէն Արարատ թարգմանութիւնը (1896–ի հրատարակութիւն) աւելի քան 2300 անգամ կը գործածէ Աստուծոյ անունը։ Նաեւ, Աստուածաշունչի Արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը (1853–ի հրատարակութիւն) Աստուծոյ անունը կը նշէ աւելի քան 400 անգամ։ Բառարան Սուրբ Գրոց–ը (1881–ի հրատարակութիւն) ամբողջ յօդուած մը տրամադրած է Աստուծոյ «Եհովա» անուան քննարկութեան համար։ 19–րդ եւ 20–րդ դարերուն ապրած շատ մը հայ բանաստեղծներ եւ գրագէտներ Աստուծոյ անունը գործածեցին իրենց գործերուն մէջ, ցոյց տալով որ անիկա իր հիմակուան ձեւով շատոնց ընդունուած էր։

b Համայնագիտարան մը կ’ըսէ. «Բաբելոնէն վերադառնալէ ժամանակ մը ետք, հրեաները սկսան յատուկ խոր յարգանք ցոյց տալ ‘Եահվէ’ անուան նկատմամբ եւ սովորութիւն դարձաւ ատիկա փոխարինել ԱՏՈՆԱՅ (Տէր) կամ ԷԼՕՀԻՄ (Աստուած) բառերով» (The New Catholic Encyclopedia, Երկրորդ հրատարակութիւն, Հատոր 14, էջ 883-884)։

c Աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, տես Աստուծոյ Խօսքը սերտելու ուղեցոյց գրքոյկին մաս 1–ը՝ «Աստուծոյ անունը Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ»։