Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչո՞ւ քննարկել Աստուածաշունչը

Ինչո՞ւ քննարկել Աստուածաշունչը

Աստուածաշունչին քաջածանօ՞թ ես։ Անիկա մինչեւ օրս, պատմութեան մէջ ամէնէն շատ տարածուած իւրայատուկ գիրքն է։ Բոլոր ազգերէն մարդիկ նկատած են, որ անոր պատգամը մխիթարութեան ու յոյսի աղբիւր է, եւ անոր խրատները գործնական են մեր առօրեայ կեանքին մէջ։ Սակայն ներկայիս շատեր Աստուածաշունչին մասին քիչ գաղափար ունին։ Ըլլաս կրօնասէր կամ ոչ, կրնաս հետաքրքրուած ըլլալ Աստուածաշունչով։ Այս գրքոյկը պատրաստուած է Աստուածաշունչին մասին ամփոփ տեղեկութիւն տալու քեզի։

ԱՌԱՋ որ սկսիս Աստուածաշունչը կարդալ, լաւ կ’ըլլայ որ որոշ բաներ գիտնաս անոր մասին։ Աստուածաշունչը, որ նաեւ «Սուրբ Գիրք» կը կոչուի, 66 գիրքերու հաւաքածոյ մըն է. կը սկսի Ծննդոց գիրքով եւ կը վերջանայ Յայտնութիւնով։

Ո՞վ է Աստուածաշունչին հեղինակը։ Ասիկա հետաքրքրական հարցում մըն է։ Իրականութիւնն այն է, որ Աստուածաշունչին բոլոր գիրքերը գրի առնուեցան մօտ 40 տղամարդոց կողմէ՝ գրեթէ 1600 տարիներու ընթացքին։ Յատկանշական է, թէ այդ մարդիկը չդաւանեցան որ իրենք են անոր հեղինակը։ Անոնցմէ մէկը, գրեց. «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է» (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։ Ուրիշ մը, ըսաւ. «Տէրոջը [«Եհովայի», ՆԱ] Հոգին ինձմով խօսեցաւ ու անոր խօսքը իմ լեզուիս վրայ էր» (Բ. Թագաւորաց 23։2)։ Այսպիսով, գրի առնողները դաւանեցան թէ Աստուածաշունչին հեղինակը Եհովա * Աստուա՛ծն է՝ տիեզերքի Գերիշխանը։ Անոնք կը յայտնեն, թէ Աստուած կ’ուզէ որ մարդիկ իրեն մօտենան։

Աստուածաշունչը հասկնալու համար ուրիշ կարեւոր կէտ մըն ալ կայ։ Ամբողջ գիրքը մէկ բնաբան ունի,– ջատագովել մարդոց վրայ իշխելու Աստուծոյ իրաւունքը իր երկնային Թագաւորութեան միջոցով։ Յաջորդ էջերուն մէջ, պիտի տեսնես թէ այս բնաբանը ինչպէ՛ս կ’երեւնայ Աստուածաշունչի բոլոր գիրքերուն մէջ, Ծննդոցէն մինչեւ Յայտնութիւն։

Այս բոլոր տեղեկութիւնները ի մտի ունենալով, այժմ նկատի առ այն պատգամը, որ կը գտնուի աշխարհի ամենահռչակաւոր գիրքին՝ Աստուածաշունչին մէջ։

^ պարբ. 4 Տե՛ս էջ 4–ի շրջանակը՝ «Աստուծոյ անձնական անունը»։