Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԱՍ 8

Իսրայէլացիները Քանան կը մտնեն

Իսրայէլացիները Քանան կը մտնեն

Յեսուի առաջնորդութեամբ, իսրայէլ Քանանը կը գրաւէ։ Եհովան դատաւորներ կը կարգէ իր ժողովուրդը կեղեքումէ ազատելու համար։

ԻՍՐԱՅԷԼ ազգը Քանանի երկիրը մտնելէն դարե՜ր առաջ, Եհովան խոստացած էր այդ երկիրը Աբրահամի սերունդին տալ։ Իսկ այժմ Յեսուի առաջնորդութեան ներքեւ, իսրայէլացիները պատրաստ էին Խոստացեալ երկրին տիրանալու։

Աստուած քանանացիները մահապատիժի դատապարտած էր, քանի որ անոնք երկիրը լեցուցած էին ծայրաստիճան նուաստացուցիչ սեռային արարքներով եւ վայրագ արիւնահեղութեամբ։ Անոր համար, իսրայէլացիներուն գրաւած Քանանի քաղաքները պէտք էր ամբողջովին բնաջնջուէին։

Սակայն Յեսու երկիրը ներխուժելէն առաջ երկու լրտեսներ ղրկեց, որոնք Երիքովի մէջ Ռախաբ անունով կնոջ մը քով կեցան։ Կինը լրտեսները իր տունը ընդունեց եւ պաշտպանեց զանոնք, թէեւ գիտէր թէ անոնք իսրայէլացիներ էին։ Ռախաբ իսրայէլացիներուն Աստուծոյն կը հաւատար, որովհետեւ լսած էր թէ Եհովան ինչպէ՛ս բազմիցս ազատագրած էր իր ժողովուրդը։ Ան լրտեսներուն երդում ընել տուաւ, թէ զինք ու իր տունը պիտի խնայէին երբ երկիրը գրաւուէր։

Երբ իսրայէլացիները Քանան մտնելով Երիքով հասան, Եհովան հրաշքով մը տապալեց այդ քաղաքին պարիսպները։ Յեսուի զօրագունդերը ներխուժեցին քաղաքը եւ կործանեցին զայն, բայց Ռախաբն ու անոր ընտանիքը խնայեցին։ Յետոյ, վեց տարի շարունակ Յեսու արագընթաց արշաւներ կատարեց, որոնց ընթացքին ան Խոստացեալ երկրէն մեծ տարածքներ գրաւեց։ Անկէ ետք, երկիրը բաժնուեցաւ իսրայէլի ցեղերուն։

Իր երկարատեւ ծառայութեան վերջաւորութեան, Յեսուն ժողովուրդը իր քով հաւաքեց։ Ան անոնց վերյիշեցուց Եհովային գործառնութիւնները իրենց նախահայրերուն հետ, ինչպէս նաեւ քաջալերեց որ Եհովային ծառայեն։ Սակայն Յեսուի եւ իրեն հետ ծառայող ծերերուն մահէն ետք, իսրայէլացիները Եհովան լքեցին եւ չաստուածներու ծառայեցին։ Շուրջ 300 տարի շարունակ, ժողովուրդը միշտ հնազանդ չէր Եհովայի օրէնքներուն։ Այդ ժամանակաշրջանին, Եհովան թոյլ տուաւ որ իսրայէլի թշնամիները, ինչպէս՝ փղշտացիները, կեղեքեն զանոնք։ Բայց երբ իսրայէլացիները օգնութեան համար Եհովային կը դիմէին, Աստուած դատաւորներ կը նշանակէր զիրենք փրկելու համար։ Այդ ժամանակաշրջանը ընդամէնը 12 դատաւոր ունեցաւ։

Դատաւորաց գրքին դատաւորներուն ժամանակաշրջանը սկսաւ Գոթոնիէլով եւ վերջ գտաւ Սամփսոնով, որ ցարդ ապրած ամէնէն ուժեղ մարդն է։ Դատաւորաց գրքին այս հետաքրքրաշարժ արձանագրութեան մէջ, կրկին անգամ երեւան կ’ելլէ այս հիմնական ճշմարտութիւնը. Եհովային հնազանդիլը օրհնութիւններ կը բերէ, իսկ չհնազանդիլը՝ չարիքներ։

Աղբիւրը՝ Յեսու. Դատաւորաց. Ղեւտացւոց 18։24, 25։