Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հին կուժի մը վրայ Սուրբ Գիրքէն անուն մը

Հին կուժի մը վրայ Սուրբ Գիրքէն անուն մը

2012–ին, 3000 տարուան խեցեգործական կուժի մը պզտիկ կտորները գտնուեցան։ Հնագէտներուն հետաքրքրութիւնը շարժեցաւ։ Ատիկա շատ յատուկ բան մըն էր։ Ինչո՞ւ։ Ո՛չ թէ ատոր կտորներուն պատճառաւ, հապա՝ ատոնց վրայի գրութեան պատճառաւ։

Երբ հնագէտները վերջապէս կտորները իրարու միացուցին, կրցան կուժին վրայի քանանական գրութիւնը կարդալ։ Գրուած էր՝ «Եսբաաղ Պըն Պէտա», որ կը նշանակէ «Եսբաաղ՝ որդին Պէտայի»։ Ասիկա առաջին անգամն է որ հնագէտները այս անունը կը գտնեն հին քանդակագրութեան մը մէջ։

Եսբաաղ անունով ուրիշ անձ մը նշուած է Սուրբ Գիրքին մէջ։ Ան Սաւուղ թագաւորին տղաներէն մէկն էր (Ա. Մն. 8։33. 9։39)։ Փրոֆէսոր Եոսեֆ Կարֆինքըլ, որ կուժը գտնողներէն մէկն էր, կ’ըսէ. «Հետաքրքրական է որ միայն Դաւիթ թագաւորին իշխանութեան ժամանակն է, որ Եսբաաղ անունը կը նշուի Սուրբ Գիրքին մէջ, ինչպէս նաեւ հիմա հնագիտական արձանագրութեան մէջ»։ Ոմանք կը կարծեն որ այս անունը միայն այդ ժամանակաշրջանին գործածուած անուն մըն էր։ Ահա ասիկա ուրիշ օրինակ մըն է, թէ ինչպէ՛ս հնագիտութիւնը կը փաստէ Սուրբ Գիրքին նշած մէկ մանրամասնութիւնը։

Սաւուղին տղան Եսբաաղը նաեւ Յեբուսթէ կը կոչուի Սուրբ Գիրքին մէջ (Բ. Թագ. 2։10)։ Լաւ, «բաաղ»ին տեղ ինչո՞ւ «բուսթէ» դրուած է։ Հետազօտիչները կը բացատրեն որ հաւանաբար Երկրորդ Թագաւորաց գիրքը գրողը չէ ուզած Եսբաաղ անունը գործածել, քանի որ ատիկա իսրայէլացիներուն կը յիշեցնէր քանանացիներուն անձրեւի չաստուածը՝ Բահաղը։ Իսկ Առաջին Մնացորդաց գիրքը պահած է բուն անունը՝ Եսբաաղ։