Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ով որ պէտք է պատուես՝ պատուէ՛

Ով որ պէտք է պատուես՝ պատուէ՛

«Աթոռին վրայ նստողին եւ Գառնուկին օրհնութիւն ու պատիւ եւ փառք ու զօրութիւն յաւիտեանս յաւիտենից» (ՅԱՅՏ. 5։13

ԵՐԳԵՐ. 9, 108

1. Ոմանք ինչո՞ւ արժանի են պատուուելու, եւ այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի տեսնենք։

ՄԷԿԸ պատուել կը նշանակէ՝ յատուկ կերպով վարուիլ իրեն հետ եւ զինք յարգել։ Ընդհանրապէս, կը պատուենք անոնք որոնք պատուուելու արժանի բան մը ըրած են, կամ ալ յատուկ նշանակում մը կամ դիրք մը ունին։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք թէ ո՛վ պէտք է պատուենք եւ ինչո՛ւ։

2, 3. ա) Ինչո՞ւ Եհովան մասնաւորապէս արժանի է պատուուելու (տե՛ս բացման նկարը)։ բ) Ո՞վ է Յայտնութիւն 5։13–ի «Գառնուկը», եւ ան ինչո՞ւ արժանի է պատուուելու։

2 Յայտնութիւն 5։13–ը կ’ըսէ թէ «աթոռին վրայ նստողը» եւ «Գառնուկը» արժանի են պատուուելու։ «Աթոռին վրայ նստողը» Եհովան է։ Յայտնութիւն 4–րդ գլուխին մէջ կը գտնենք պատճառ մը, թէ Եհովան՝ «որ կենդանի է յաւիտեանս յաւիտենից», ինչո՛ւ արժանի է պատուուելու։ Հոն կ’ըսուի. «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան» (Յայտ. 4։9-10բ

3 «Գառնուկը»՝ Յիսուս Քրիստոսն է։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Երբ երկրի վրայ էր, ան կոչուած էր՝ «Աստուծոյ Գառը, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ» (Յովհ. 1։29)։ Ասիկա վստահաբար լաւ պատճառ մըն է որ զինք պատուենք։ Ուրիշ ո՞ր թագաւորը յօժարակամ մեռած է իբրեւ փրկանք։ Ան պատուուելու արժանի է, քանի որ «թագաւորներուն Թագաւորը ու տէրերուն Տէրն» է (Ա. Տիմ. 6։14-16)։ Թերեւս կը զգաս այդ հրեշտակներուն պէս, որոնք կ’երգեն. «Այդ մորթուած Գառնուկը արժանի է զօրութիւն ու հարստութիւն եւ իմաստութիւն ու կարողութիւն եւ պատիւ ու փառք եւ օրհնութիւն առնելու» (Յայտ. 5։12

4. Ինչո՞ւ իմաստութիւն է որ պատուենք Եհովան եւ Քրիստոսը։

4 Յովհաննէս 5։22, 23–ը կ’ըսէ թէ Եհովան Քրիստոսը նշանակած է բոլոր մարդոց դատաւորը։ Ասիկա գլխաւոր պատճառներէն է, թէ ինչու պէ՛տք է պատուենք Յիսուսը։ Իսկ երբ զինք պատուենք, Եհովան պատուած կ’ըլլանք։ Մեր յաւիտենական կեանքը ասկէ կախեալ է (կարդա՛ Սաղմոս 2։11, 12

5. Ինչո՞ւ պէտք է որոշ չափով պատուենք ու յարգենք մարդիկը։

5 Մարդիկ ստեղծուած են Աստուծոյ պատկերով (Ծն. 1։27)։ Ասիկա կը նշանակէ թէ մարդոց մեծամասնութեան մէջ կրնանք գտնել Աստուծոյ յատկութիւններէն ոմանք, ինչպէս՝ սիրալիր, ազնիւ եւ կարեկից ըլլալ։ Մարդ արարածը նաեւ ստեղծուած է խղճմտանքով, ինչ որ ներքին զգացում մըն է զանազանելու ճիշդը սխալէն, պարկեշտը՝ անպարկեշտէն եւ պատշաճը՝ պատշաճ չեղողէն (Հռով. 2։14, 15)։ Մարդիկ ընդհանրապէս կը սիրեն մաքուր եւ գեղեցիկ բաները, եւ կ’ուզեն ուրիշներու հետ խաղաղութիւն ունենալ։ Ասիկա զարմանալի չէ, քանի որ Եհովան կը սիրէ կարգուկանոնը եւ խաղաղութիւնը։ Յստակօրէն, բոլոր մարդիկը ստեղծուած են այն կարողութեամբ որ ձեւով մը Եհովային նմանին։ Այս պատճառով, անոնք որոշ չափով արժանի են պատիւի եւ յարգանքի (Սաղ. 8։5

ՃԻՇԴ ԿԵՐՊՈՎ ՊԱՏՈՒԵԼ

6, 7. Եհովայի վկաները ինչպէ՞ս կը տարբերին շատերէ։

6 Ուրիշները պատուելու մէջ պէտք է հաւասարակշռուած ըլլանք, գիտնալով թէ ի՛նչ տեսակ պատիւ տանք եւ ո՛ր աստիճան։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մարդիկ ընդհանրապէս շատ ազդուած են Սատանայի աշխարհին հոգիէն։ Շատեր կ’աստուածացնեն որոշ տղամարդիկ կամ կիներ, փոխանակ պատշաճ կերպով զանոնք պատուելու եւ յարգելու։ Անոնք չափէ դուրս կը պատուեն եւ աստուածներու տեղ կը դնեն կրօնական եւ քաղաքական առաջնորդները, մարզիկները, դերասանները եւ ուրիշ հռչակաւոր մարդիկ։ Անոնք թերեւս անոնց շարժուձեւերը կ’ընեն եւ անոնց պէս կը հագուին ու կը վարուին։ Այսպիսով, թէ՛ մեծերը եւ թէ պզտիկները որպէս օրինակ կ’առնեն զանոնք։

7 Ճշմարիտ քրիստոնեաները գիտեն թէ մէկը այս աստիճան պատուելը սխալ է։ Մարդկային պատմութեան մէջ, Յիսուս միակ անձն է որ կրնանք որպէս կատարեալ օրինակ առնել (Ա. Պետ. 2։21)։ Աստուած չ’ուզեր որ պէտք եղածէն աւելի պատուենք մարդիկը։ Պէտք է մտքերնիս պահենք, թէ «ամէնքը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեցան» (Հռով. 3։23)։ Ո՛չ մէկ մարդ պաշտուելու արժանի է։

8, 9. ա) Եհովայի վկաները ի՞նչ աչքով կը նային կառավարական պաշտօնեաներուն։ բ) Ե՞րբ չենք հնազանդիր պաշտօնեաներուն։

8 Ոմանք արժանի են պատուուելու, քանի որ հեղինակութիւն ունին։ Օրինակ՝ կառավարական պաշտօնեաները կ’օգնեն որ ապահովութիւն ըլլայ եւ ժողովուրդին պէտքերը կը հոգան։ Ասիկա բոլորին օգտին համար է։ Պօղոս առաքեալ նշելէ ետք որ մեր վրայ եղող իշխանութիւններուն հնազանդինք, ըսաւ. «Հատուցանեցէ՛ք պէտք եղածը անոնց։ Որո՛ւ որ տուրք տրուելու է՝ տուրքը. . . որո՛ւ որ պատիւ՝ պատիւը» (Հռով. 13։1, 7

9 Որպէս Եհովայի վկաներ, մեր ամէն կարելին կ’ընենք որ կառավարական պաշտօնեաները պատուենք, նոյնիսկ երկրին սովորութիւններուն համաձայն։ Անոնց հետ կը համագործակցինք մինչ իրենց պարտականութիւնները կ’ընեն։ Բայց եթէ անոնք մեզմէ խնդրեն բան մը որ պիտի ձգէ որ Եհովային անհնազանդ գտնուինք, իրենց ուզածը չենք ըներ։ Այսպիսի պարագաներու, Եհովան կը պատուենք փոխանակ զիրենք պատուելու (կարդա՛ Ա. Պետրոս 2։13-17

10. Եհովայի անցեալի ծառաները ինչպէ՞ս լաւ օրինակ մը ձգեցին մեզի։

10 Կրնանք Եհովայի անցեալի ծառաներէն սորվիլ կառավարութիւնները եւ իրենց պաշտօնեաները յարգել։ Օրինակ, երբ հռոմայեցիները ուզեցին գիտնալ թէ քանի հոգի կայ երկրին մէջ, Յովսէփն ու Մարիամը Բեթլեհէմ գացին որպէսզի արձանագրուին, հակառակ որ Մարիամ ուր է–ուր չէ պիտի ծննդաբերէր (Ղուկ. 2։1-5)։ Յետագային, երբ Պօղոսին մասին սուտեր խօսուեցան, ան յարգանքով ինքզինք պաշտպանեց եւ պատշաճ կերպով պատուեց Հերովդէս Ագրիպպաս թագաւորը եւ Փեստոսը, որ Հրէաստանի հռոմայեցի կառավարիչն էր (Գործք 25։1-12. 26։1-3

11, 12. ա) Ինչո՞ւ համար յատուկ կերպով չենք պատուեր կրօնական առաջնորդները։ բ) Ի՞նչ պատահեցաւ երբ աւստրիացի Վկայ մը պատուեց քաղաքական մը։

11 Սակայն Եհովայի վկաները յատուկ կերպով չեն պատուեր կրօնական առաջնորդները, հակառակ որ անոնք կ’ակնկալեն մեծապէս պատուուիլ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ սուտ կրօնքը ճիշդը չի սորվեցներ Աստուծոյ եւ Սուրբ Գիրքին մասին։ Ուրեմն, կրօնական առաջնորդները ոեւէ անձի պէս կը յարգենք, բայց յատուկ կերպով չենք պատուեր զանոնք։ Յիսուս իր ժամանակուան կրօնական ուսուցիչները կոչեց կեղծաւորներ եւ կոյր առաջնորդներ (Մատ. 23։23, 24)։ Անդին, սխալ չէ յատուկ կերպով յարգել եւ պատուել կառավարական պաշտօնեաները։ Ատեններ կրնայ ըլլալ որ ասոր պատճառաւ անոնք օգնեն մեզի։

12 Աւստրիայէն եղող Լէոփոլտ Էնկլայթնըր նախանձախնդիր Վկայ մըն էր, որ նացիներուն կողմէ ձերբակալուեցաւ եւ շոգեկառքով ղրկուեցաւ Պուքընուոլտ համակեդրոնացման ճամբարը։ Նոյն շոգեկառքին մէջ կար բանտարկեալ մը՝ դոկտ. Հայնրիխ Կլայսնըր, որ աւստրիացի քաղաքական մըն էր։ Ճամբորդութեան ընթացքին, եղբայր Էնկլայթնըր յարգանքով բացատրեց իր հաւատալիքները Կլայսնըրին, եւ ան ուշի ուշով մտիկ ըրաւ։ Երբ պատերազմը վերջացաւ, Կլայսնըր շատ անգամներ իր դիրքը գործածեց Վկաներուն օգնելու Աւստրիոյ մէջ։ Թերեւս միտքէդ կ’անցնին ուրիշ օրինակներ, թէ ինչ լաւ բաներ պատահած են երբ Վկաները պատշաճօրէն յարգած են կառավարական պաշտօնեաները։

ՈՒՐԻՇՆԵՐ ՈՐՈՆՔ ԱՐԺԱՆԻ ԵՆ ՊԱՏԻՒԻ

13. Որո՞նք մասնաւորաբար արժանի են յարգուելու ու պատուուելու, եւ ինչո՞ւ։

13 Մեր եղբայրներն ու քոյրերը վստահաբար արժանի են պատիւի ու յարգանքի, մանաւանդ առաջնորդութիւն առնողները, ինչպէս՝ երէցները, շրջանային տեսուչները, Մասնաճիւղի յանձնախումբի անդամները եւ Կառավարիչ մարմինի անդամները (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 5։17)։ Մենք այս եղբայրները կը պատուենք, չնայած թէ ո՛ր երկրէն են, ի՛նչ ուսում առած են, ի՛նչ դիրք ունին կամ որքա՛ն դրամ ունին։ Անոնք բոլորն ալ Աստուծոյ ժողովուրդին կարիքները կը հոգան, եւ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ ‘որպէս պարգեւներ տրուած տղամարդիկ’ են (Եփ. 4։8, ՆԱ)։ Առաջին դարու մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը պատուէին առաջնորդութիւն առնողները, եւ մենք ալ նոյնը կ’ընենք։ Զանոնք չենք աստուածացներ, ոչ ալ անանկ մէկ կը վարուինք որ հրեշտակներ կամ գերմարդկային են։ Բայց այսպիսի եղբայրներ կը յարգենք ու կը պատուենք իրենց թափած ջանքերուն եւ խոնարհութեան համար (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 1։23. Յայտնութիւն 19։10

14, 15. Քրիստոնեայ երէցները ինչպէ՞ս կը տարբերին շատ մը կրօնական առաջնորդներէ։

14 Այսպիսի երէցներ կը նմանին խոնարհ հովիւներու։ Անոնք չեն ուզեր նշանաւոր անձերու տեղ դրուիլ։ Այսպիսով, անոնք տարբեր են այս դարու շատ մը կրօնական առաջնորդներէ եւ Յիսուսի ժամանակուան կրօնական առաջնորդներէն, որոնց մասին ան ըսաւ. «Ընթրիքներու մէջ առաջին բազմոցները կը սիրեն եւ ժողովարաններուն մէջ առաջին աթոռները ու շուկաներուն մէջ բարեւները» (Մատ. 23։6, 7

15 Քրիստոնեայ երէցները խոնարհութեամբ կը հնազանդին Յիսուսի ըսածին. «Դուք ոեւէ մէկը ‘վարդապետ’ մի՛ կոչէք, որովհետեւ դուք բոլորդ եղբայրներ էք եւ մէկ ուսուցիչ ունիք։ Երկրի վրայ ոեւէ մէկը ‘հայր’ մի՛ կոչէք, որովհետեւ դուք մէկ Հայր ունիք, որ երկինքի մէջ է։ ‘Առաջնորդ’ մի՛ կոչուիք, որովհետեւ ձեր միակ առաջնորդը Քրիստոսն է։ Ձեր մէջէն մեծը թող ձեր սպասաւորը ըլլայ։ Ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ» (Մատ. 23։8-12, ՆԹ)։ Ուրեմն կը հասկնաս թէ եղբայրներն ու քոյրերը ինչո՛ւ կը սիրեն, կը յարգեն եւ կը պատուեն ժողովքի երէցները։

Երէցները կը սիրուին, կը յարգուին եւ կը պատուուին, երբ խոնարհութեամբ կը ծառայեն (տե՛ս պարբերութիւն 13-15)

16. Ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք ջանք թափել որ ուրիշները պատուենք։

16 Թերեւս մեզի հետ ժամանակ առնէ որ պատուելու մէջ հաւասարակշռուած ըլլանք, գիտնալով ո՛վ պատուել եւ ինչպէ՛ս պատուել։ Առաջին քրիստոնեաներուն պարագան ալ նոյնն էր (Գործք 10։22-26. Գ. Յովհ. 9, 10)։ Բայց կ’արժէ ջանք թափել։ Երբ ուրիշները պատուենք Եհովային ուզած կերպով, շատ մը օրհնութիւններ պիտի վայելենք։

ՊԱՏՈՒԵԼՈՒՆ ՕԳՈՒՏՆԵՐԸ

17. Ինչպիսի՞ օգուտներ կը վայելենք, երբ հեղինակութիւն ունեցողները կը պատուենք։

17 Երբ կը յարգենք ու կը պատուենք անոնք որ հեղինակութիւն ունին, աւելի հաւանական կ’ըլլայ որ անոնք պաշտպանեն մեր քարոզելու իրաւունքը։ Անոնք նոյնիսկ կրնան սկսիլ դրական կերպով նայիլ մեր քարոզչութեան։ Ասիկա տարիներ առաջ պատահեցաւ Գերմանիոյ մէջ, երբ Պիրկիթ անունով ռահվիրայ քոյր մը ներկայ եղաւ իր աղջկան դպրոցի շրջանաւարտութեան։ Ուսուցիչները իրեն ըսին որ ուրախ են որ Վկայ աշակերտներ ունեցած են տարիներու ընթացքին։ Անոնք ըսին որ մեղքնալիք կ’ըլլան եթէ Վկայ աշակերտներ չըլլան դպրոցին մէջ։ Պիրկիթ բացատրեց. «Մեր զաւակներուն կը սորվեցնենք որ Աստուծոյ ուզած կերպով վարուին ուրիշին հետ, եւ ասոր մէջ կայ՝ ուսուցիչները յարգել ու պատուել»։ Ուսուցչուհի մը ըսաւ. «Եթէ բոլոր պզտիկները ձեր զաւակներուն պէս ըլլային, սորվեցնելը հաճելի եւ դիւրին կ’ըլլար»։ Քանի մը շաբաթ ետք, ուսուցչուհիներէն մէկը Լայփցիկի մէջ համաժողովի մը ներկայ գտնուեցաւ։

18, 19. Ի՞նչ պէտք է յիշենք երբ երէցները կը պատուենք։

18 Աստուծոյ Խօսքին սկզբունքները մեզի կ’օգնեն, որ հասկնանք թէ ինչպէ՛ս պէտք է պատուենք ժողովքի երէցները (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։7, 17)։ Կրնանք զիրենք գովել իրենց թափած ջանքերուն համար, եւ ասիկա պէ՛տք է ընենք։ Երբ իրենց ուղղութիւններուն կը հնազանդինք, ասիկա կ’օգնէ որ շարունակեն ուրախութեամբ ծառայել։ Բայց ասիկա ըսել չէ որ պէտք է «նշանաւոր» երէցի մը պէս հագուինք, խօսինք եւ սորվեցնենք։ Եթէ այսպէս ընենք, կրնանք սխալ տպաւորութիւն ձգել։ Պէտք չէ մոռնանք որ երէցները մեզի պէս անկատար են։ Պէտք է միայն Քրիստոսին հետեւինք։

19 Եթէ երէցները յարգենք ու պատուենք, առանց «նշանաւոր» անձերու տեղ դնելու, ասիկա իրենց պիտի օգնէ որ խոնարհ մնան, ինքզինքնին չտեսնեն կամ չկարծեն որ իրենց ըրածը մի՛շտ ճիշդ է։

20. Ուրիշները պատուելը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի։

20 Գալով մեզի, ուրիշները պատուելը մեզի կ’օգնէ որ անձնասէր չըլլանք, եւ չուռինք երբ մէկը մասնաւոր ուշադրութիւն հրաւիրէ մեր վրայ։ Ատիկա նաեւ կ’օգնէ որ միացած մնանք Եհովայի կազմակերպութեան հետ, որ չափէ դուրս չի պատուեր մարդիկը, ըլլան հաւատացեալներ թէ անհաւատներ։ Ասկէ զատ, ատիկա մեզի կ’օգնէ որ չգայթակղինք երբ մեր պատուած անհատը մեզ յուսախաբ ընէ։

21. Ուրիշները պատուելուն ամէնէն կարեւոր օգուտը ի՞նչ է։

21 Ուրիշը պատուելուն ամէնէն կարեւոր օգուտն է՝ Աստուած հաճեցնել։ Ան կ’ուզէ՛ որ ուրիշը պատուենք, եւ այսպէս իրեն հաւատարիմ կը մնանք։ Այսպիսով, Եհովան կրնայ պատասխան տալ Սատանային, որ ըսած է թէ ո՛չ մէկը հաւատարիմ կրնայ մնալ (Առ. 27։11)։ Աշխարհին մէջ մարդոց մեծամասնութիւնը չի գիտեր թէ պատուելուն պատշաճ կերպը ի՛նչ է, բայց մենք իրապէս երախտապարտ ենք որ գիտենք Եհովային կերպով պատուել։