Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կրնաք իսկական հաւատք ունենալ

Կրնաք իսկական հաւատք ունենալ

Կրնաք իսկական հաւատք ունենալ

Երբ 19 տարեկան էր, Սառա Ճէյն տեղեկացաւ թէ ձուարանային խլիրդ ունէր։ Վիրաբուժութենէ մը ետք, ան լաւ կը զգար եւ ապագայի նկատմամբ լաւատես էր։ Իրականութեան մէջ, ա՛յնքան լաւատես, որ երբ 20 տարեկան էր, ան նշանուեցաւ եւ սկսաւ իր հարսնիքին համար ծրագիրներ ընել։ Նոյն տարին խլիրդը վերադարձաւ, եւ ան տեղեկացաւ թէ միայն քանի մը շաբթուան կեանք ունէր։ Սառա Ճէյն մահացաւ 2000–ի Յունիսին, 21–ը չթեւակոխած։

ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻՆ մէջ Սառա Ճէյնին այցելուները տպաւորող բանը, ապագայի նկատմամբ անոր հաստատ վստահութիւնն էր, նաեւ՝ Աստուծոյ ու իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին հանդէպ անոր խոր հաւատքը։ Հակառակ իր դիմագրաւած ահաւոր ողբերգութեան, ան յարութեան յոյսին վրայ շատ վստահութիւն ունէր, թէ՝ անգամ մը եւս պիտի տեսնէր իր բարեկամները։ (Յովհաննու 5։28, 29) Ան ըսաւ. «Ձեր բոլորն ալ պիտի տեսնեմ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ»։

Ոմանք այսպիսի հաւատք մը կը մերժեն որպէս պատրանք։ «Ի՞նչ է անդէնականը եթէ ոչ անապահով մարդոց համոզումը», կը հարցնէ Լուտովիք Քենետին, «թէ վերջին փողին հնչած ատենը կարկանդակ ու գարեջուր պիտի ըլլան, նոյնիսկ՝ խաւիար, եւ իրենց համար փողեր պիտի հնչուին. թէ տերեւազարդ Եդեմի մը մէջ անոնք ուրախ պահեր պիտի բաժնեն իրենցմէ առաջ գացողներուն եւ իրենցմէ ետք եկողներուն հետ»։ Այս հարցումին դիմաց ուրիշ հարցում մը պէտք է հարցնենք. Ո՞ր մէկը աւելի տրամաբանական է՝ հաւատալ թէ «կեանքը միայն այս է, եւ հետեւաբար լաւ կ’ըլլայ անկէ լաւագոյնս օգտուիլ», ինչպէս Քենետին կը թելադրէ, թէ ոչ Աստուծոյ եւ իր խոստացած յարութեան հաւատք ընծայել։ Սառա Ճէյնը այս վերջինը ընտրեց։ Ան ի՞նչպէս այսպիսի հաւատք մը մշակեց։

‘Աստուած Փնտռեցէք եւ Զինք Գտէք’

Մէկու մը հանդէպ հաւատք մշակելու եւ անոր վստահելու համար, պէտք է զինք ճանչնաք եւ գիտնաք թէ ի՛նչպէս կը մտածէ ու կը գործէ։ Այս գործընթացը կը պարփակէ սիրտը, ինչպէս նաեւ՝ միտքը։ Նոյնն է պարագան երբ Աստուծոյ հանդէպ իսկական հաւատք պիտի մշակուի։ Պէտք է զինք ճանչնաք, իր յատկութիւններուն ու անձնաւորութեան մասին սորվիք, գիտնաք թէ ան իր բոլոր ըսածներուն եւ ըրածներուն մէջ որքա՜ն վստահելի ըլլալը փաստած է։—Սաղմոս 9։10. 145։1-21

Ոմանք կը խորհին թէ ասիկա անկարելի է։ Անոնք կ’ըսեն թէ Աստուած շատ հեռու, շատ խորհրդաւոր է, եթէ երբեք գոյութիւն ունի։ «Եթէ Աստուած Սառա Ճէյնի նման Քրիստոնեաներու համար այսքան իսկական կը թուի», կը հարցնէ սկեպտիկը, «ան ինչո՞ւ ինքզինք մեզի ալ չի ճանչցներ»։ Սակայն, Աստուած իրապէ՞ս շատ հեռու եւ անորոնելի է։ Աթէնքի մէջ գտնուած իմաստասէրներուն եւ մտաւորականներուն ուղղած իր ճառին մէջ, Պօղոս առաքեալ ըսաւ թէ «այն Աստուածը՝ որ ստեղծեց աշխարհը եւ ինչ որ կայ անոր մէջ», նաեւ տուաւ այն բոլոր բաները որոնց կարիքը կայ, ‘զինք փնտռելու եւ գտնելու համար’։ Իրականութեան մէջ, Պօղոս ըսաւ. «Արդարեւ հեռու ալ չէ մեզմէ իւրաքանչիւրէն»։—Գործք 17։24-27, Անթիլիաս

Հետեւաբար, ի՞նչպէս կրնանք ‘Աստուած փնտռել եւ զինք գտնել’։ Ոմանք ասիկա ըրած են պարզապէս իրենց շուրջ գտնուող տիեզերքը զննելով։ Ոմանց համար, անիկա ինքնին բաւարար ապացոյց կու տայ զիրենք համոզելու թէ Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի։ * (Սաղմոս 19։1. Եսայեայ 40։26. Գործք 14։16, 17) Անոնք Պօղոս առաքեալի նման կը խորհին, թէ «[«Աստուծոյ աներեւոյթ յատկանիշները», Անթիլիաս] աշխարհի սկիզբէն ստեղծուածներովը կ’իմացուին, կը տեսնուին, այսինքն իր մշտնջենաւոր զօրութիւնը ու աստուածութիւնը»։—Հռովմայեցիս 1։20. Սաղմոս 104։24

Աստուածաշունչին Կարիքը Ունիք

Սակայն, Ստեղծիչին հանդէպ իսկական հաւատք կերտելու համար, պէտք ունիք ուրիշ բանի մըն ալ որ ան հայթայթած է։ Ի՞նչ է անիկա։ Աստուածաշունչը՝ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը, որուն մէջ ան իր կամքն ու նպատակը կը յայտնէ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Սակայն անհատ մը կրնայ ըսել՝ «Պահ մը կանգ առէք։ Ի՞նչպէս կարելի է Աստուածաշունչին ըսածներուն հաւատալ, երբ կը տեսնես այն ահռելի բաները, զորս կ’ընեն Աստուածաշունչին հետեւիլ դաւանողները»։ Ճիշդ է որ Քրիստոնեայ Աշխարհը կեղծաւորութեան, վայրագութեան եւ անբարոյութեան ահռելի արձանագրութիւն մը ունի։ Սակայն, ոեւէ տրամաբանող անհատ կրնայ տեսնել թէ Քրիստոնեայ Աշխարհը միայն կը դաւանի Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հետեւիլ։—Մատթէոս 15։8

Աստուածաշունչը կ’ազդարարէ թէ շատեր պիտի դաւանին Աստուած պաշտել, սակայն, իրականութեան մէջ ‘զիրենք ծախու առնող Տէրը պիտի ուրանան’։ «Որոնց համար», ըսաւ Պետրոս առաքեալ, «ճշմարտութեան ճամբուն պիտի հայհոյեն»։ (Բ. Պետրոս 2։1, 2) Յիսուս Քրիստոս ըսաւ թէ ասոնք ‘անօրէնութիւն գործողներ’ են, որոնք իրենց չար արարքներուն պատճառաւ բացայայտօրէն պիտի բնորոշուին։ (Մատթէոս 7։15-23) Քրիստոնեայ Աշխարհի արձանագրութեան հիման վրայ Աստուծոյ Խօսքը մերժելը կը նմանի վստահելի բարեկամի մը ուղարկած նամակը մէկդի նետելուն, պարզ անոր համար որ զայն յանձնողը վատահամբաւ մէկն է։

Առանց Աստուծոյ Խօսքին, իսկական հաւատք կերտելը անկարելի է։ Միայն Աստուածաշունչի էջերուն ընդմէջէն է որ Եհովա, այլաբանօրէն խօսելով, իր դատը կը ներկայացնէ։ Ան պատասխաններ կը հայթայթէ այսպիսի մշտատեւ հարցումներու մասին, ինչպէս՝ ան ինչո՛ւ տառապանքը եւ ցաւը թոյլատրած է եւ այս կացութեան նկատմամբ ի՛նչ պիտի ընէ։ (Սաղմոս 119։105. Հռովմայեցիս 15։4) Սառա Ճէյն հաւատք ընծայեց թէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքն է։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13. Բ. Պետրոս 1։19-21) Ի՞նչպէս։ Ո՛չ թէ քանի որ իր ծնողքը իրեն այդպէս ըսած էին, այլ՝ քանի որ ժամանակ տրամադրեց պարկեշտօրէն արժեւորելու համար այն բոլոր փաստերը, որոնք ցոյց կու տան թէ Աստուածաշունչը Աստուծմէ տրուած անզուգական յայտնութիւն մըն է։ (Հռովմայեցիս 12։2) Օրինակ, ան ուշադրութեամբ նկատեց Աստուածաշունչի սկզբունքներուն կառչող անհատներուն կեանքին մէջ, անոր ունեցած զօրաւոր ազդեցութիւնը։ Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց * գրքին ու անոր նման գրականութիւններու օգնութեամբ, ան ուշադրութեամբ քննեց այն առատ ներքին ապացոյցները, որոնք կը փաստեն թէ Աստուածաշունչը Աստուծմէ ներշնչուած է։

«Հաւա՛տքը Լսելէն Է»

Սակայն, բաւարար չէ պարզապէս Աստուածաշունչ մը ունենալ կամ նոյնիսկ հաւատալ թէ անիկա ներշնչուած է։ Պօղոս առաքեալ կը գրէ. «Հաւա՛տքը լսելէն է»։ (Հռովմայեցիս 10։17) Աստուածաշունչը լսելը եւ ո՛չ թէ միայն ունենալն է որ հաւատք կը կերտէ։ Կը ‘լսէք’ ի՛նչ որ Աստուած ունի ըսելիք, իր Խօսքը կարդալով եւ ուսումնասիրելով։ Նոյնիսկ փոքրերը կրնան ասիկա ընել։ Պօղոս կ’ըսէ թէ Տիմոթէոս ‘մանկութենէն’ սորված էր «սուրբ գրքերը», իր մօր եւ մեծ մօր միջոցաւ։ Ասիկա կը թելադրէ՞ թէ անոնք ձեւով մը իր ուղեղը լուացած էին։ Ո՛չ։ Տիմոթէոս ո՛չ մէկ կերպով խաբուած էր։ Ան իր լսածին եւ կարդացածին ‘համոզումով հաւատացած’ էր։—Բ. Տիմոթէոս 1։5. 3։14, 15, ՆԱ

Սառա Ճէյնն ալ միեւնոյն կերպով համոզուեցաւ։ Առաջին դարու Բերիացիներուն նման, ան «խօսքը կատարեալ յօժարութեամբ ընդունեց» իր ծնողքէն ու այլ ուսուցիչներէ։ Երբ փոքր էր, անկասկած ան իր ծնողքին ըսած բաներուն հանդէպ բնազդաբար վստահութիւն կերտեց։ Հետագային, երբ մեծցաւ, ան կուրօրէն կամ հլու հնազանդ իրեն ուսուցուած ամէն բաները չընդունեց։ Ան ‘ամէն օր գրքերը կը քննէր թէ այս բաները ճի՞շդ էին’։—Գործք 17։11

Կրնաք Իսկական Հաւատք Կերտել

Դուք ալ կրնաք իսկական հաւատք կերտել, զոր Պօղոս առաքեալ Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն գրած իր նամակին մէջ նկարագրեց։ Ան ըսաւ թէ այս հաւատքը «յուսացուած բաներուն երաշխաւորուած ակնկալութիւնը ու չերեւցած իրողութիւններուն բացայայտ ապացոյցն է»։ (Եբրայեցիս 11։1, ՆԱ) Այսպիսի հաւատք ունենալով, բացարձակապէս վստահ պիտի ըլլաք թէ ձեր յոյսերն ու ակնկալութիւնները, ի ներառեալ յարութեան նկատմամբ Աստուծոյ խոստումը, պիտի իրականանան։ Պիտի համոզուիք թէ այսպիսի յոյսեր հիմնուած են հաստատ երաշխիքներու, եւ ոչ թէ՝ բարեբաղձիկ մտածումի վրայ։ Պիտի գիտնաք թէ Եհովա երբեք իր խոստումները չէ դրժած։ (Յեսուայ 21։45. 23։14. Եսայեայ 55։10, 11. Եբրայեցիս 6։18) Աստուծոյ խոստացեալ նոր աշխարհը ձեզի համար ա՛յնքան իրական պիտի ըլլայ, որպէս թէ անիկա արդէն իսկ հոս է։ (Բ. Պետրոս 3։13) Եւ հաւատքի աչքերով պիտի տեսնէք թէ Եհովա Աստուած, Յիսուս Քրիստոս եւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իրականութիւններ են, եւ ոչ թէ՝ պատրանքներ։

Իսկական հաւատք կերտելու համար առանձին ձգուած չէք։ Իր Խօսքը դիւրամատչելի ընելէ զատ, Եհովա նաեւ համաշխարհային քրիստոնէական ժողովք մը հայթայթած է, որու նպատակն է ուղղամիտ անհատներուն օգնել որ Աստուծոյ վրայ հաւատք կերտեն։ (Յովհաննու 17։20. Հռովմայեցիս 10։14, 15) Այդ կազմակերպութեան միջոցաւ Եհովայի հայթայթած օգնութիւնները ընդունեցէք։ (Գործք 8։30, 31) Եւ քանի որ հաւատքը Աստուծոյ սուրբ հոգիին մէկ պտուղն է, յարատեւ աղօթեցէք որ այդ հոգին ձեզի օգնէ իսկական հաւատք մշակելու։—Գաղատացիս 5։22, Երուսաղէմ

Մի՛ վհատիք սկեպտիկներու պատճառով, որոնք կը ծիծաղին ոեւէ անձի վրայ, որ Աստուծոյ ու իր Խօսքին հանդէպ հաւատք կ’ընծայէ։ (Ա. Կորնթացիս 1։18-21. Բ. Պետրոս 3։3, 4) Իրականութեան մէջ, իսկական հաւատքը մեծ արժէք ունի այսպիսի յարձակումներու դէմ ձեր վճռակամութիւնը զօրացնելու մէջ։ (Եփեսացիս 6։16) Սառա Ճէյն ասոր ճշմարիտ ըլլալը ստուգեց, եւ հիւանդանոցին մէջ իրեն այցելողները միշտ կը քաջալերէր որ իրենց հաւատքը կերտեն։ Ան կ’ըսէր. «Ճշմարտութիւնը ձեր սեփականը դարձուցէ՛ք։ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրեցէ՛ք։ Աստուծոյ կազմակերպութեան մօտիկ մնացէ՛ք։ Յարատեւ աղօթեցէ՛ք։ Եհովայի ծառայութեան մէջ գործունեայ մնացէ՛ք»։—Յակոբու 2։17, 26

Աստուծոյ եւ յարութեան հանդէպ իր հաւատքը տեսնելով, իր հիւանդապահուհիներէն մէկը ըսաւ. «Իրապէս կը հաւատաս ասոր, այդպէս չէ՞»։ Երբ իրեն հարցուեցաւ թէ ի՛նչ բան զինք լաւատես կը դարձնէր, հակառակ իր դժուարութիւններուն, Սառան պատասխանեց. «Եհովայի վրայ հաւատք ունենալս։ Ան ինծի համար իսկական բարեկամ մըն է, եւ զինք շատ կը սիրեմ»։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 8 Տես՝ Մեզի Հոգ Տանող Ստեղծիչ մը Կա՞յ գիրքը, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 12 Հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

[Նկար՝ էջ 6]

Տիմոթէոս ‘մանկութենէն’ սորված էր «սուրբ գրքերը», իր մօր եւ մեծ մօր միջոցաւ

[Նկար՝ էջ 6]

Բերիացիները գովասանքի արժանացան, քանի որ ամէն օր Սուրբ Գրութիւնները կը քննէին

[Նկարին աղբիւրը]

«Ստեղծագործութեան Պատկերատրամ»–էն առնուած, 1914

[Նկարներ՝ էջ 7]

Աստուածաշունչը լսելը ու անոր հնազանդիլը, եւ ո՛չ թէ միայն զայն ունենալն է որ հաւատք կը կերտէ

[Նկար՝ էջ 7]

«Ձեր բոլորն ալ պիտի տեսնեմ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ»