Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հոգեղէն արարածները ինչպէ՞ս մեզի կ’ազդեն

Հոգեղէն արարածները ինչպէ՞ս մեզի կ’ազդեն

Աստուծոյ Խօսքէն սորվէ՛

Հոգեղէն արարածները ինչպէ՞ս մեզի կ’ազդեն

Այս յօդուածը կ’ուղղէ հարցումներ, որոնք թերեւս միտքէդ անցած են, եւ ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչիդ մէջ ո՛ւր կրնաս պատասխանները կարդալ։ Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան այս պատասխանները քեզի հետ քննարկելու։

1. Հրեշտակները ո՞վ են։

Հրեշտակները հոգեղէն արարածներ են, որոնք երկնքի մէջ կ’ապրին։ Անոնք աւելի բարձր կեանքի ձեւ են, քան՝ մարդկային կեանքը։ Ճշմարիտ Աստուածը, որ ինքնին Հոգի է, ստեղծեց հրեշտակները երկրագունդը ստեղծելէն առաջ (Յոբ 38։4, 7. Մատթէոս 18։10)։ Եհովան ինքզինք շրջապատած է միլիոնաւոր հաւատարիմ հրեշտակներով (կարդա՛ Սաղմոս 103։20, 21. Դանիէլ 7։9, 10

2. Հրեշտակները մարդոց կ’օգնե՞ն։

Հրեշտակները Ղովտ անունով արդար մարդու մը օգնեցին։ Ան կ’ապրէր քաղաքի մը մէջ, որ Աստուած որոշած էր կործանել բնակչութեան չարութեան պատճառաւ։ Երկու հրեշտակներ զգուշացուցին Ղովտն ու իր ընտանիքը, որպէսզի փախչին։ Ոմանք ազդարարութիւնը կատակ նկատեցին եւ զայն անտեսեցին։ Բայց Ղովտն ու իր աղջիկները վերապրեցան, քանի որ անսացին Աստուծոյ ազդարարութեան, որ հաղորդեց հրեշտակներուն միջոցաւ (կարդա՛ Ծննդոց 19։1, 13-17, 26

Ըստ Աստուածաշունչին, հրեշտակները ներկայիս մարդոց կ’օգնեն, առաջնորդելով այն անհատներուն աշխատանքը, որոնք հաւատարմօրէն Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզեն (Մատթէոս 24։14)։ Բարի լուրը ազդարարութիւն կը պարփակէ։ Ղովտին հաղորդուած ազդարարութեան նման, ասիկա ալ կատակ չէ։ Անիկա հրեշտակներուն միջոցաւ Աստուծմէ կու գայ (կարդա՛ Յայտնութիւն 1։1. 14։6, 7

Աստուած կրնայ գործածել հրեշտակներ, որպէսզի մեզ զօրացնէ երբ փորձութիւններ կը դիմագրաւենք։ Ան հրեշտակ մը գործածեց Յիսուսը զօրացնելու համար (կարդա՛ Ղուկաս 22։41-43

Շուտով Աստուած հրեշտակները պիտի գործածէ ուրիշ կերպով,– տառապանք պատճառող ամբարիշտ մարդիկը բնաջնջելու համար։ Ասիկա ի՜նչ հանգստութիւն պիտի բերէ մարդկութեան (կարդա՛ Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-8

3. Դեւերը ինչպէ՞ս մեզի կ’ազդեն։

Ճիշդ ինչպէս որ երկրագունդի վրայ բազմաթիւ մարդիկ Աստուծոյ անհնազանդ գտնուելով գէշ վարք ունեցած են, նոյնպէս երկնքի մէջ բազմաթիւ հրեշտակներ Աստուծոյ դէմ ըմբոստացած են (Բ. Պետրոս 2։4)։ Անհնազանդ հրեշտակները դեւեր կը կոչուին։ Անոնց գլխաւորը՝ Բանսարկու Սատանան է։ Սատանան եւ իր դեւերը մարդկութիւնը կը մոլորեցնեն (կարդա՛ Յայտնութիւն 12։9

Սատանան փտած առեւտրական հաստատութիւններ, մարդկային կառավարութիւններ եւ սուտ կրօնքներ գործածած է, մարդոց վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու եւ զանոնք Աստուծմէ հեռացնելու համար։ Հետեւաբար, մարդկութիւնը հարուածող անարդարութեան, բռնութեան եւ տառապանքին համար պատասխանատուն Սատանա՛ն է (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 5։19

4. Դեւերը ինչպէ՞ս մարդիկը կը մոլորեցնեն։

Սատանան բազմաթիւ անհատներ խաբած է, սորվեցնելով թէ մեռելները հոգիներ կը դառնան եւ կրնան իրենց հետ հաղորդակցիլ։ Սակայն, Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ մեռելները ոչինչ կրնան ընել (Ժողովող 9։5)։ Դեւերը յաճախ մարդիկը կը խաբեն, սիրելի ննջեցեալներու ձայնը կեղծելով (Եսայի 8։19)։ Անոնք ուրիշներ ալ կը խաբեն ոգեհարցներու, բախտագուշակներու, հմայողներու եւ աստղաբաշխներու միջոցաւ։ Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը զգուշացնէ որ այսպիսի սովորութիւններէ խուսափինք։ Ուստի, պէտք է ձերբազատուինք որեւէ բանէ, որ կապ ունի դեւերու եւ խորհրդապաշտութեան հետ (կարդա՛ Բ. Օրինաց 18։10, 11. Գործք 19։19

Եթէ Եհովան կը սիրենք, հարկ չունինք դեւերէն վախնալու։ Երբ Աստուծոյ Խօսքը կը սերտենք եւ անոր ըսածը կը կատարենք, Բանսարկուին կը հակառակինք եւ Աստուծոյ կը մօտենանք։ Եհովան դեւերէն աւելի զօրաւոր է։ Իր հաւատարիմ հրեշտակները կրնան նեղութեան ժամանակ մեզ զօրացնել (կարդա՛ Սաղմոս 34։7. Յակոբոս 4։7, 8

Յաւելեալ տեղեկութեան համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 10–րդ գլուխը։