Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի վկաները ամերիկեան աղա՞նդ են

Եհովայի վկաները ամերիկեան աղա՞նդ են

 Մեր գլխաւոր կեդրոնատեղին կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ։ Բայց եւ այնպէս, մենք ամերիկեան աղանդ չենք հետեւեալ պատճառներով.

  •   Ոմանք «աղանդ» բառը կը սահմանեն որպէս խումբ մը, որ ընդունուած կրօնքէ մը կ’անջատուի կամ կը շեղի։ Եհովայի վկաները կրօնքէ մը չեն շեղած։ Ընդհակառակը, մենք կը զգանք թէ առաջին դարու քրիստոնէութիւնը վերահաստատած ենք։

  •   Եհովայի վկաները ժրաջանօրէն կը քարոզեն աւելի քան 230 երկիրներու մէջ։ Ո՛ւր որ ալ ապրինք, մենք հաւատարմօրէն կը ծառայենք Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի, եւ ոչ թէ ամերիկեան կամ ուրիշ մարդկային կառավարութեան (Յովհաննէս 15։19. 17։15, 16

  •   Մեր բոլոր ուսուցումները հիմնուած են Աստուածաշունչին վրայ, եւ ոչ թէ ամերիկացի կրօնական առաջնորդի մը գրութիւններուն վրայ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13

  •   Մենք կը հետեւինք Յիսուս Քրիստոսի, եւ ոչ թէ ոեւէ մարդկային առաջնորդի (Մատթէոս 23։8-10