Անցնիլ բովանդակութեան

Կ’ուզեմ մեռնիլ. Սուրբ Գիրքը ինծի կրնա՞յ օգնել երբ կ’ուզեմ անձնասպան ըլլալ

Կ’ուզեմ մեռնիլ. Սուրբ Գիրքը ինծի կրնա՞յ օգնել երբ կ’ուզեմ անձնասպան ըլլալ

Աստուածաշունչին պատասխանը

 Այո՛, Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ կողմէ է, որ «խոնարհները [կամ՝ յուսահատածները] կը մխիթարէ» (Բ. Կորնթացիս 7։6)։ Հակառակ որ Սուրբ Գիրքը չէ գրուած զգացական խնդիրներ բացատրելու համար, բայց ատիկա քաջալերած է շատերը, որոնք կ’ուզէին մեռնիլ, եւ անոնց օգնած է որ իրենց մտածելակերպը փոխեն։ Ատոր գործնական խրատները քեզի ալ կրնան օգնել։

 Սուրբ Գիրքը ի՞նչ գործնական խրատներ կու տայ

  • Զգացումներդ արտայայտէ

     Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ ու եղբայրը նեղութեան ատենուան համար ծնած է» (Առակաց 17։17

     Իմաստը ի՞նչ է. Ուրիշներուն օգնութեան պէտք ունինք, երբ նեղացուցիչ գաղափարներ ունենանք։

     Եթէ զգացումներդ ուրիշին չպատմես, բեռդ անտանելի կը դառնայ։ Բայց երբ զգացումներդ ուրիշին պատմես, բեռդ կրնայ թեթեւնալ եւ նոյնիսկ կրնաս հարցերը աւելի դրական կերպով տեսնել։

     Փորձէ ասիկա. Այսօր մէկու մը խօսէ. թերեւս ընտանիքի անդամի մը կամ վստահելի բարեկամի մը a։ Կրնաս նաեւ զգացումներդ արտայայտել՝ ատոնք գրի առնելով։

  • Մասնագէտի մը դիմէ

     Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Առողջներուն բժիշկ պէտք չէ, հապա հիւանդներուն» (Մատթէոս 9։12

     Իմաստը ի՞նչ է. Երբ հիւանդ ըլլանք, պէտք է բժշկական օգնութիւն խնդրենք։

     Երբեմն, պատճառը որուն համար մարդիկ կ’ուզեն մեռնիլ, այն է որ մտային հիւանդութիւն մը ունին, որ կը ձգէ որ ժխտական բաներ մտածեն։ Ֆիզիքական հիւանդութեան պէս, ասիկա բան մը չէ, որմէ պէտք է ամչնանք։ Անհատ մը կրնա՛յ բուժուիլ մտային եւ զգացական հիւանդութիւններէ։

     Փորձէ ասիկա. Շուտով լաւ բժիշկի մը օգնութիւնը խնդրէ։

  • Մի՛ մոռնար որ Աստուած քեզմով հետաքրքրուած է

     Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Հինգ ճնճղուկ երկու դանկի կը ծախուի եւ անոնցմէ մէ՛կը մոռցուած չէ Աստուծոյ առջեւ։ ...Ուրեմն մի՛ վախնաք, վասն զի դուք շատ ճնճղուկներէ աւելի աղէկ էք» (Ղուկաս 12։6, 7

     Իմաստը ի՞նչ է. Դուն Աստուծոյ աչքին արժէքաւոր ես։

     Թերեւս կը զգաս որ մէկու մը հոգը չէ, թէ քեզի հետ ի՛նչ կ’ըլլայ, բայց Աստուած կը տեսնէ ի՛նչ կ’ըլլայ քեզի հետ։ Ան հետաքրքրուած է քեզմով, նոյնիսկ եթէ դուն ապրելու ախորժակ չունիս։ Սաղմոս 51։17–ն կ’ըսէ. «Կոտրած ու խոնարհ սիրտը, ո՛վ Աստուած, դուն չես անարգեր»։ Աստուած կ’ուզէ որ ապրիս քանի որ քեզ կը սիրէ։

     Փորձէ ասիկա. Տես Սուրբ Գիրքէն փաստեր, որ Աստուած քեզ կը սիրէ։ Օրինակի համար տես՝ «Եհովան ‘քեզի համար կը հոգայ’» յօդուածը՝ Դիտարան–ի յունիս 2016 թիւին մէջ, էջ 3-5։

  • Աստուծոյ աղօթէ

     Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ձեր ամէն հոգը [Աստուծոյ] վրայ ձգեցէ՛ք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ» (Ա. Պետրոս 5։7

     Իմաստը ի՞նչ է. Աստուած կ’ուզէ որ իրեն բացէ ի բաց խօսիս այն բաներուն մասին, որ միտքէդ կ’անցնին եւ քեզ կը մտահոգեն։

     Աստուած կրնայ քեզի տալ թէ՛ ներքին խաղաղութիւն եւ թէ ներքին ոյժ, որպէսզի շարունակես կեանքդ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7, 13)։ Այս կերպով ան կ’օգնէ անոնց, որոնք իրմէ օգնութիւն կը խնդրեն աղօթքով (Սաղմոս 55։22

     Փորձէ ասիկա. Այսօր Աստուծոյ աղօթէ։ Իր Եհովա անունը գործածէ եւ իրեն ըսէ ի՛նչ կը զգաս (Սաղմոս 83։18)։ Իրմէ խնդրէ որ քեզի օգնէ որ կեանքդ շարունակես։

  • Ապագային նկատմամբ Սուրբ Գիրքին տուած յոյսին մասին մտածէ

     Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «[Այս յոյսը] ունինք իբրեւ հաստատ ու անշարժ խարիսխ մը մեր անձին» (Եբրայեցիս 6։19

     Իմաստը ի՞նչ է. Ինչպէս որ նաւակ մը փոթորիկի ատեն ծովուն վրայ աջ–ձախ կ’օրօրուի, քու զգացումներդ ալ կրնան ատոր պէս անկայուն ըլլալ։ Բայց Սուրբ Գիրքին տուած յոյսը կրնայ քեզի օգնել, որ զգացումներդ կայուն վիճակ մը ունենան։

     Այդ յոյսը երազային բան մը չէ, հապա՝ հիմնուած է Աստուծոյ այն խոստումին վրայ, որ մեզի ցաւ պատճառող բաները մէջտեղէն պիտի վերցնէ (Յայտնութիւն 21։4

     Փորձէ ասիկա. Աստուածաշունչին տուած յոյսին մասին աւելին սորվէ, կարդալով Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր գրքոյկին 5–րդ գլուխը։

  • Ըրէ բան մը որմէ հաճոյք կ’առնես

     Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ուրախ սիրտը դեղի պէս օգտակար է» (Առակաց 17։22

     Իմաստը ի՞նչ է. Երբ ընենք բաներ, որոնք մեզի ուրախութիւն կու տան, մեր մտային եւ զգացական առողջութիւնը կրնայ բարելաւուիլ։

     Փորձէ ասիկա. Ըրէ բան մը, որ սովորաբար անկէ կ’ախորժիս։ Օրինակ՝ ուրախ երաժշտութիւն մտիկ ըրէ, տրամադրութիւնդ բարձրացնող բան մը կարդա՛ կամ նախասիրած որեւէ մէկ զբաղումդ ըրէ։ Ուրախութիւնդ նաեւ պիտի աւելնայ, եթէ ուրիշներուն համար լաւ բան մը ընես, նոյնիսկ եթէ այդ ըրածդ պզտիկ բան մըն է (Գործք 20։35

  • Առողջութեանդ լաւ հոգ տար

     Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մարմնին վարժութիւնը... օգտակար է» (Ա. Տիմոթէոս 4։8

     Իմաստը ի՞նչ է. Կ’օգտուինք երբ մարզանք կ’ընենք, բաւարար կը քնանանք եւ սննդարար կերակուր կ’ուտենք։

     Փորձէ ասիկա. Դուրս ելիր եւ արագ–արագ քալէ, նոյնիսկ եթէ ատիկա միայն 15 վայրկեան ըլլայ։

  • Մի՛ մոռնար որ ժամանակի ընթացքին թէ՛ մեր զգացումները եւ թէ ուրիշ բաներ կը փոխուին

     Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Դուք ոչինչ գիտէք վաղուան մասին» (Յակոբոս 4։14

     Իմաստը ի՞նչ է. Նոյնիսկ այն խնդիրները, որոնք մեր կարծիքով լուծում չունին, վերջ պիտի գտնեն։

     Պարագադ որքա՛ն ալ գէշ ըլլայ այսօր, վաղը կրնայ փոխուիլ։ Ատոր համար տոկալու կերպեր փնտռէ (Բ. Կորնթացիս 4։8)։ Ի վերջոյ խնդիրդ կրնայ վերջ գտնել, ուրեմն կեանքիդ վերջ մի՛ դներ։

     Փորձէ ասիկա. Կարդա՛ Սուրբ Գիրքէն դէպքեր, մարդոց մասին որոնք այնքան յուսահատ էին, որ ուզեցին մեռնիլ, եւ տես թէ ինչպէ՛ս վերջաւորութեան իրենց կեանքը բարելաւուեցաւ, յաճախ այնպիսի կերպերով որ չէին ակնկալեր։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ։

 Սուրբ Գիրքը կը խօսի՞ մարդոց մասին, որոնք ուզեցին մեռնիլ

 Այո՛, Սուրբ Գիրքը մեզի կը պատմէ ոմանց մասին, որոնք ձեւով մը ըսին. «Կ’ուզեմ մեռնիլ»։ Աստուած զանոնք չյանդիմանեց, հապա անոնց օգնեց։ Ան կրնայ քեզի՛ ալ օգնել։

Եղիա

  •  Ո՞վ էր ան։ Եղիան զօրաւոր մարգարէ մըն էր, բայց ինքն ալ ատեններ յուսահատեցաւ։ Յակոբոս 5։17–ն կ’ըսէ. «Եղիան մեզի պէս կրքերու ենթակայ [այսինքն՝ զգացումներ ունեցող] մարդ մըն էր»։

  •  Ինչո՞ւ ուզեց մեռնիլ։ Անգամ մը Եղիան վախցաւ եւ զգաց որ մինակ եւ անարժէք է։ Ան աղաչեց. «Ո՛վ Տէր, ա՛ռ իմ հոգիս» (Գ. Թագաւորաց 19։4

  •  Ի՞նչ բան իրեն օգնեց։ Եղիան Աստուծոյ ըսաւ ճիշդ ինչ որ կը զգար։ Աստուած ինչպէ՞ս քաջալերեց Եղիան։ Աստուած իրմով հետաքրքրուեցաւ եւ իր զօրութիւնը ցոյց տուաւ իրեն։ Ան նաեւ Եղիան վստահեցուց, ըսելով թէ ան տակաւին գործի կը ծառայէր, եւ իրեն տուաւ հոգածու եւ կարող օգնական մը։

  •  Կարդա՛ Եղիային մասին։ Գ. Թագաւորաց 19։2-18։

Յոբ

  •  Ո՞վ էր ան։ Յոբ ընտանիքի տէր հարուստ մարդ մըն էր, որ հաւատարմօրէն ճշմարիտ Աստուածը կը պաշտէր։

  •  Ինչո՞ւ ուզեց մեռնիլ։ Յոբին կեանքը յանկարծ տակնուվրայ եղաւ։ Ան իր բոլոր ունեցածները կորսնցուց։ Մէկ օրուան մէջ իր բոլոր զաւակները մեռան։ Շատ գէշ հիւանդութեամբ մը բռնուեցաւ։ Եւ ասիկա չի բաւեր, այս բոլորին համար իր բարեկամները զինք յանցաւոր գտան։ Յոբ ըսաւ. «Ես ձանձրացած եմ ու չեմ ուզեր յաւիտեան ապրիլ» (Յոբ 7։16

  •  Ի՞նչ բան իրեն օգնեց։ Յոբ Աստուծոյ աղօթեց եւ ուրիշներու հետ խօսեցաւ (Յոբ 10։1-3)։ Իր կարեկից ընկերը՝ Եղիուսը, զինք քաջալերեց եւ իրեն օգնեց, որ իր վիճակը ուրիշ անկիւնէ դիտէ։ Ասկէ զատ, Յոբ ընդունեց Աստուծոյ խրատը եւ օգնութիւնը։

  •  Կարդա՛ Յոբին մասին։ Յոբ 1։1-3, 13-22. 2։7. 3։1-13. 36։1-7. 38։1-3. 42։1, 2, 10-13։

Մովսէս

  •  Ո՞վ էր ան։ Մովսէս անցեալի իսրայէլ ազգին առաջնորդն էր եւ հաւատարիմ մարգարէ մը։

  •  Ինչո՞ւ ուզեց մեռնիլ։ Մովսէս շատ պատասխանատուութիւններ շալկած էր, միշտ կը քննադատուէր եւ շատ յոգնած կը զգար։ Անոր համար, ան Աստուծոյ ըսաւ. «Մէկէն մեռցո՛ւր զիս» (Թուոց 11։11, 15

  •  Ի՞նչ բան իրեն օգնեց։ Մովսէս Աստուծոյ յայտնեց իր զգացումները։ Աստուած Մովսէսին տուաւ օգնականներ, որպէսզի իր սթրեսը թեթեւցնէ։

  •  Կարդա՛ Մովսէսին մասին։ Թուոց 11։4-6, 10-17։

a Եթէ անձնասպան ըլլալու զօրաւոր գաղափարներ գան միտքդ եւ քովդ վստահելի անհատներ չըլլան, հեռաձայնէ անմիջական օգնութիւն տուող կառավարական թիւի մը։