Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Ինչո՞ւ Սուրբ Գիրքին մէջ կարգ մը խօսքեր կը կրկնուին

ՆԿԱՏԻ առ երեք պատճառներ, թէ ինչո՛ւ հաւանական է որ Աստուածաշունչը գրողները երբեմն նոյն խօսքերը կրկնեցին։

Անոր գրուած ժամանակին պատճառաւ։ Անցեալի իսրայէլին մէջ, մարդոց մեծամասնութիւնը Օրէնքէն անձնական օրինակ մը չունէր։ Անոնք Օրէնքը կը լսէին, երբ ժողովուրդը խորանին առջեւ կը հաւաքուէր Օրէնքը կարդացուելու ժամանակ (Բ. Օր. 31։10-12)։ Եւ քանի որ հոն շատ մարդ կ’ըլլար եւ ժամերով ոտքի կը կենային, հաւանաբար մտիկ ըրած ատեննին մտքերնին ցրուէր (Նէ. 8։2, 3, 7)։ Այս առիթներով, կարեւոր բառերը կրկնելը կը դիւրացնէր, որ մարդիկ համարները յիշէին եւ կիրարկէին, եւ յատկապէս կ’օգնէր, որ իրենց տրուած Աստուծոյ օրէնքներուն կարեւոր մանրամասնութիւնները յիշէին (Ղեւ. 18։4-22. Բ. Օր. 5։1

Գրուած ոճին պատճառաւ։ Սուրբ Գիրքին 10 առ հարիւրը երգ է։ Օրինակ՝ Սաղմոսաց, Երգ Երգոց եւ Ողբք գիրքերը։ Ատեններ երգերը կրկներգ կ’ունենային, եւ ատիկա երգին նիւթը կը շեշտէր եւ մտիկ ընողներուն կ’օգնէր որ բառերը մտքերնին պահեն։ Օրինակ, նկատէ Սաղմոս 115։9-11–ին խօսքերը. «Ո՛վ Իսրայէլ, Տէրո՛ջը յուսա. ան է անոնց օգնութիւնը ու ասպարը։ Ո՛վ Ահարոնի տուն, Տէրո՛ջը յուսացէք։ Ան է անոնց օգնութիւնը ու ասպարը։ Ո՛վ Տէրոջմէն վախցողներ, Տէրո՛ջը յուսացէք։ Ան է անոնց օգնութիւնը ու ասպարը»։ Այդ բառերը կրկնելը երգողներուն կ’օգնէր, որ այդ արժէքաւոր խօսքերը իրենց միտքը պահէին։

Կարեւոր բաներ շեշտելու պատճառաւ։ Աստուածաշունչը գրողները երբեմն որոշ կարեւոր արտայայտութիւններ կրկնեցին։ Օրինակի համար, երբ Եհովան իսրայէլացիներուն պատուիրեց որ արիւն չուտեն, ան Մովսէսին ըսաւ որ ատոր պատճառը քանի մը անգամ կրկնէ։ Աստուած ուզեց շեշտել, թէ մարմինին կեանքը արիւնին մէջն է, այսինքն՝ արիւնը կը ներկայացնէ կեանքը (Ղեւ. 17։11, 14)։ Ետքը, երբ առաքեալները եւ Երուսաղէմի երէցները նշեցին, թէ ի՛նչ կարեւոր բաներ Եհովան կը նեղացնեն, անոնք դարձեալ շեշտեցին արիւնէն ետ կենալու պատուէրը (Գործք 15։20, 29

Ճիշդ է որ Սուրբ Գիրքին մէջ կարգ մը արտայայտութիւններ կը կրկնուին, բայց ասիկա չի նշանակեր, որ Եհովան կ’ուզէ որ ատոնք կրկնելը սովորութիւն դարձնենք։ Օրինակ, Յիսուս ըսաւ. «Երբ աղօթք կ’ընէք, հեթանոսներուն պէս նոյն խօսքերը նորէն ու նորէն մի՛ կրկնէք» (Մատ. 6։7, ՆԱ)։ Յետոյ, Յիսուս նշեց կարգ մը նիւթեր, որոնց մասին կրնանք աղօթել եւ որոնք Աստուծոյ կամքին համաձայն են (Մատ. 6։9-13)։ Ուրեմն, հակառակ անոր որ մեր աղօթքներուն մէջ նոյն բառերը չենք կրկներ, բայց կրնանք նոյն նիւթերուն մասին կրկին անգամ աղօթել (Մատ. 7։7-11

Ուրեմն յստակ պատճառներ կան, որ ինչո՛ւ Աստուծոյ Խօսքին մէջ կարգ մը արտայայտութիւններ կը կրկնուին։ Ասիկա կերպերէն միայն մէկն է, որով մեր Մեծ Ուսուցիչը մեզի օգտակար բաներ կը սորվեցնէ (Եսա. 48։17, 18