Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 8

ԵՐԳ 125 Աստուածպետական կարգուկանոնին ենթարկուինք

Շարունակէ Եհովային առաջնորդութեան հետեւիլ

Շարունակէ Եհովային առաջնորդութեան հետեւիլ

«Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ. . . քեզի կ’առաջնորդեմ» (ԵՍԱ. 48։17

ՆԻՒԹ

Այս յօդուածը մեզի պիտի օգնէ, որ տեսնենք թէ Եհովան այսօր իր ժողովուրդը ինչպէ՛ս կ’առաջնորդէ, եւ երբ իր առաջնորդութեան հետեւինք ի՛նչ օրհնութիւններ կը վայելենք։

1. Բացատրէ թէ ինչո՞ւ մեր առաջնորդին՝ Եհովային պէտք է հետեւինք

 ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ որ անտառի մը մէջ կորսուած ես։ Վտանգաւոր պարագայի մէջ ես, քանի որ չորս կողմդ վայրի անասուններ եւ թունաւոր բոյսեր ու միջատներ կան։ Որքա՜ն հանգիստ պիտի զգաս եթէ հետդ ունիս փորձառու առաջնորդ մը, որ գիտէ թէ ո՛ւր վտանգներ կան եւ քեզ ատոնցմէ հեռու կը պահէ։ Այս աշխարհը այդ անտառին պէս է։ Ատիկա վտանգներով լեցուն է, որոնք մասնաւորաբար կ’ազդեն Եհովային հետ մեր բարեկամութեան։ Բայց մենք ունինք կատարեալ առաջնորդ մը՝ Եհովան։ Ան մեզ կ’առաջնորդէ վտանգներէն հեռու եւ կ’ուղղէ դէպի յաւիտենական կեանք՝ նոր աշխարհին մէջ։

2. Եհովան մեզ ինչպէ՞ս կ’առաջնորդէ։

2 Եհովան մեզ ինչպէ՞ս կ’առաջնորդէ։ Նախ եւ առաջ, իր գրաւոր խօսքին՝ Աստուածաշունչին միջոցաւ։ Բայց ան նաեւ մարդիկ կը գործածէ մեզ առաջնորդելու համար։ Օրինակ, ան կը գործածէ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան», որպէսզի հոգեւոր սնունդ տայ, ինչ որ մեզի կ’օգնէ իմաստուն որոշումներ առնելու (Մատ. 24։45)։ Եհովան նաեւ կը գործածէ կարող մարդիկ, որ մեզ առաջնորդէ։ Օրինակ, շրջանային տեսուչները եւ ժողովքի երէցները մեզ կը քաջալերեն եւ մեզի ուղղութիւններ կու տան, որոնք մեզի կ’օգնեն դժուար ժամանակներուն ընթացքին։ Շատ շնորհակալ ենք Եհովային, որ մեզ շատ աղուոր կերպով կ’առաջնորդէ այս դժուար վերջին օրերուն։ Այս առաջնորդութիւնը մեզի կ’օգնէ, որ Եհովային բարեկամները մնանք, որպէսզի կեանքը վայելենք հիմա՛ եւ յաւիտեան։

3. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

3 Հակառակ ասոր, թերեւս ատեններ մեզի համար դժուար ըլլայ Եհովային առաջնորդութեան հետեւիլ, մանաւանդ երբ ան մեզ կ’առաջնորդէ անկատար մարդոց միջոցաւ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ թերեւս չախորժինք անոնց տուած ուղղութիւններէն։ Կամ թերեւս զգանք որ ատոնք տրամաբանական չեն, եւ չի կրնար ըլլալ որ Եհովայէն ըլլան։ Մանաւանդ այսպիսի պարագաներուն, պէտք է համոզուած ըլլանք որ Եհովա՛ն է իր ժողովուրդը առաջնորդողը, եւ եթէ իր առաջնորդութեան հետեւինք պիտի օրհնուինք։ Մեր այս համոզումը զօրացնելու համար, այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք 1) թէ Եհովան իր ժողովուրդը ինչպէ՛ս առաջնորդեց Սուրբ Գիրքի ժամանակներուն, 2) թէ ան ինչպէ՛ս այսօր մեզ կ’առաջնորդէ եւ 3) թէ մենք ինչպէ՛ս կ’օգտուինք եթէ շարունակենք իր առաջնորդութեան հետեւիլ։

Հին օրերէն մինչեւ մեր օրերը, Եհովան մարդկային ներկայացուցիչներ գործածած է իր ժողովուրդը առաջնորդելու համար (տե՛ս պարբերութիւն 3)


ԵՀՈՎԱՆ ԻՍՐԱՅԷԼ ԱԶԳԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԱՌԱՋՆՈՐԴԵՑ

4-5. Եհովան ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, որ Մովսէսին միջոցաւ իսրայէլ ազգը կ’առաջնորդէ (տե՛ս նկարը)։

4 Եհովան Մովսէսը նշանակեց, որ Իսրայէլացիները Եգիպտոսէն դուրս առաջնորդէ։ Եւ ան իսրայէլացիներուն տուաւ տեսանելի փաստ մը, թէ ինք Մովսէսի՛ն միջոցաւ կ’առաջնորդէ զիրենք։ Օրինակ, ցերեկը ամպի սիւնով առաջնորդեց, իսկ գիշերը՝ կրակի սիւնով (Ել. 13։21)։ Մովսէս հետեւեցաւ այս սիւնին, որ թէ զինք եւ թէ իսրայէլացիները առաջնորդեց դէպի Կարմիր ծով։ Երբ ժողովուրդը հոն հասաւ, անոնք իրար անցան, երբ տեսան որ ծովուն եւ Եգիպտական բանակին միջեւ կախուած են։ Անոնք եզրակացուցին որ Մովսէսը սխալած էր իսրայէլացիները դէպի Կարմիր ծով առաջնորդելով։ Բայց իրականութեան մէջ, ան չէր սխալած։ Եհովան դիտմամբ իր ժողովուրդը հոն առաջնորդած էր Մովսէսին միջոցաւ (Ել. 14։2)։ Անկէ ետք, Աստուած շատ զարմանալի կերպ մը գործածեց, որ իսրայէլացիները ազատէ (Ել. 14։26-28

Մովսէս ամպի սիւնին հետեւեցաւ, որպէսզի Աստուծոյ ժողովուրդը առաջնորդէ անապատին մէջ (տե՛ս պարբերութիւններ 4-5)


5 Յաջորդ 40 տարիներուն, Մովսէս շարունակեց ամպի սիւնին հետեւիլ, որպէսզի Աստուծոյ ժողովուրդը առաջնորդէ անապատին մէջ a։ Ժամանակ մը, Եհովան ամպի սիւնը կեցուց Մովսէսին վրանին վրայ, ուր բոլոր Իսրայէլացիները կրնային զայն տեսնել (Ել. 33։7, 9, 10)։ Եհովան սիւնին մէջէն կը խօսէր Մովսէսին հետ, եւ Մովսէս ալ իր կարգին Եհովային ըսածները կը փոխանցէր ժողովուրդին (Սաղ. 99։7)։ Իսրայէլացիները շատ յստակ կերպով կրնային տեսնել, որ Եհովան Մովսէսին միջոցաւ կ’առաջնորդէր զիրենք։

Մովսէս եւ իր յաջորդը՝ Յեսուն (տե՛ս պարբերութիւններ 5, 7)


6. Իսրայէլացիները Եհովային առաջնորդութիւնը ընդունեցի՞ն (Թուոց 14։2, 10, 11

6 Ցաւօք սրտի, իսրայէլացիներուն մեծ մասը մերժեց այդ յստակ փաստը, որ Եհովան Մովսէսը կը գործածէր որպէս իր ներկայացուցիչը (կարդա՛ Թուոց 14։2, 10, 11)։ Կրկին անգամներ, անոնք մերժեցին ընդունիլ որ Եհովան Մովսէսը կը գործածէր զիրենք առաջնորդելու համար։ Ասոր պատճառաւ, Եհովան չարտօնեց որ իսրայէլացիներու այդ ամբողջ սերունդը Աւետեաց երկիրը մտնեն (Թւ. 14։30

7. Օրինակներ տո՛ւր, թէ որոնք հետեւեցան Եհովային առաջնորդութեան (Թուոց 14։24) (տե՛ս նաեւ նկարը)։

7 Բայց կային իսրայէլացիներ, որոնք հետեւեցան Եհովային առաջնորդութեան։ Օրինակ, նկատէ Եհովան ինչ ըսաւ. «Քաղէբ. . . ինծի բոլոր սրտով հնազանդեցաւ» (կարդա՛ Թուոց 14։24)։ Աստուած օրհնեց Քաղէբը եւ նոյնիսկ ձգեց որ ան զատէ թէ ո՛ւր կ’ուզէ բնակիլ Աւետեաց երկրին մէջ (Յես. 14։12-14)։ Ասկէ զատ, իսրայէլացիներուն յաջորդ սերունդն ալ հետեւեցաւ Եհովային առաջնորդութեան։ Եւ երբ Մովսէսէն ետք Յեսուն նշանակուեցաւ որպէս իսրայէլացիներուն առաջնորդը, անոնք շատ յարգեցին զինք իր «կեանքին բոլոր օրերուն» (Յես. 4։14)։ Ասոր համար, Եհովան զանոնք օրհնեց եւ բերաւ Աւետեաց երկիր (Յես. 21։43, 44

8. Բացատրէ՛ թէ Եհովան ինչպէ՛ս առաջնորդեց իր ժողովուրդը թագաւորներուն ժամանակ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

8 Տարիներ ետք, Եհովան դատաւորներ հանեց իր ժողովուրդը առաջնորդելու համար։ Անկէ ետք, թագաւորներուն ժամանակ, Եհովան մարգարէներ նշանակեց իր ժողովուրդը առաջնորդելու համար։ Հաւատարիմ թագաւորները մարգարէներուն առաջնորդութեան հետեւեցան։ Օրինակի համար, Դաւիթ թագաւոր խոնարհաբար ընդունեց Նաթան մարգարէին տուած սրբագրութիւնը (Բ. Թագ. 12։7, 13. Ա. Մն. 17։3, 4)։ Յովսափատ թագաւորը Յազիէլ մարգարէին տուած ուղղութեան հետեւեցաւ, եւ Յուդայի ժողովուրդը քաջալերեց որ ‘Աստուծոյ մարգարէներուն հաւատան’ (Բ. Մն. 20։14, 15, 20)։ Երբ Եզեկիա թագաւորը նեղութեան մէջ էր, Եսայի մարգարէին օգնութեան դիմեց (Եսա. 37։1-6)։ Ամէն անգամին որ թագաւորները Եհովային առաջնորդութեան կը հետեւէին, Եհովան զիրենք կ’օրհնէր եւ ազգը կը պաշտպանէր (Բ. Մն. 20։29, 30. 32։22)։ Բոլորին համար շատ յստակ ըլլալու էր, որ Եհովան իր մարգարէները կը գործածէր իր ժողովուրդը առաջնորդելու համար։ Բայց եւ այնպէս, թագաւորներուն եւ իսրայէլացիներուն մեծամասնութիւնը Եհովային մարգարէներուն մտիկ չըրին (Եր. 35։12-15

Եզեկիա թագաւորը եւ Եսայի մարգարէն (տե՛ս պարբերութիւն 8)


ԵՀՈՎԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԱՌԱՋՆՈՐԴԵՑ

9. Եհովան որո՞ւն միջոցաւ առաջին քրիստոնեաները առաջնորդեց (տե՛ս նաեւ նկարը)։

9 Յիսուսի յարութենէն ետք, Եհովան հաստատեց քրիստոնէական ժողովքը։ Ան ինչպէ՞ս առաջնորդեց այդ առաջին քրիստոնեաները։ Ան Յիսուսը նշանակեց որ ժողովքին գլուխը ըլլայ (Եփ. 5։23)։ Բայց Յիսուս զատ–զատ չառաջնորդեց ամէն մէկ քրիստոնեայ։ Ան առաքեալներն ու Երուսաղէմի երէցները գործածեց, որ առաջնորդութիւնը առնեն (Գործք 15։1, 2)։ Ասկէ զատ, Երուսաղէմէն դուրս գտնուող ժողովքներուն մէջ ալ երէցներ նշանակուեցան, որ ժողովքները առաջնորդեն (Ա. Թես. 5։12. Տիտ. 1։5

Առաքեալները եւ Երուսաղէմի երէցները (տե՛ս պարբերութիւն 9)


10. (ա) Առաջին դարու քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը առաքեալներուն առաջնորդութիւնը ընդունե՞ց (Գործք 15։30, 31)։ (բ) Ինչո՞ւ ոմանք Եհովային ներկայացուցիչները մերժեցին (Տե՛ս « Ոմանք ինչո՞ւ մերժեցին յստակ ապացոյցները» տուփը)։

10 Առաջին դարու քրիստոնեաները առաքեալներուն առաջնորդութիւնը ընդունեցի՞ն։ Մեծամասնութիւնը ուրախութեամբ հետեւեցաւ տրուած ուղղութիւններուն։ Իրականութեան մէջ, անոնք «ուրախացան տրուած մխիթարութեան համար» (կարդա՛ Գործք 15։30, 31)։ Լաւ, մեր ժամանակներուն, Եհովան ինչպէ՞ս կ’առաջնորդէ իր ժողովուրդը։

ԵՀՈՎԱՆ ՆԵՐԿԱՅԻՍ ՄԵԶ ԻՆՉՊԷ՞Ս Կ’ԱՌԱՋՆՈՐԴԷ

11. Օրինակ մը տուր թէ մեր օրերուն Եհովան ինչպէ՛ս առաջնորդութիւն առնողները ուղղած է։

11 Եհովան կը շարունակէ մեր օրերուն ալ իր ժողովուրդը առաջնորդել։ Եւ ան ասիկա կ’ընէ իր Խօսքին եւ իր Որդիին միջոցաւ՝ որ ժողովքին գլուխն է։ Փաստեր կը տեսնե՞նք որ Եհովան մեր օրերուն ալ մարդիկ գործածած է, որ մեզ առաջնորդէ։ Այո՛։ Օրինակ, նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ 1870–էն վերջ։ Չարլզ Թէյզ Ռասըլը եւ իր ընկերակիցները, սկսան հասկնալ թէ 1914 թուականը կարեւոր տարի մը պիտի ըլլար։ Այդ տարին, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի հաստատուէր (Դան. 4։25, 26)։ Այս տեղեկութիւնը գիտնալու համար, անոնք Սուրբ Գիրքի մարգարէութիւնները պրպտեցին։ Արդեօք Եհովան կ’առաջնորդէ՞ր անոնց այս պրպտումը։ Վստահաբար այո՛։ Ինչ որ 1914–ին աշխարհի մէջ պատահեցաւ, կը փաստէ որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը սկսաւ իշխել։ Այդ տարին, Համաշխարհային Ա. պատերազմը սկսաւ եւ ատոր յաջորդեցին համաճարակներ, երկրաշարժներ եւ սովեր (Ղուկ. 21։10, 11)։ Ուրեմն, յստակ է որ Եհովան այդ անկեղծ քրիստոնեայ տղամարդիկը կը գործածէր իր ժողովուրդին օգնելու համար։

12-13. Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին, աւելի քարոզելու եւ սորվեցնելու համար ի՞նչ կարգադրութիւններ եղան։

12 Նկատի առ նաեւ թէ ի՛նչ պատահեցաւ Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին։ Յայտնութիւն 17։8–ն սերտելէ ետք, կեդրոնատեղիին մէջ ծառայող եղբայրները հասկցան որ այս պատերազմը Արմագեդոնին պիտի չառաջնորդէ, հապա պատերազմէն ետք, որոշ խաղաղութիւն պիտի տիրէ եւ ասիկա առիթ պիտի բանայ որ քարոզչութեան գործը աւելնայ։ Պատասխանատու եղբայրները այն ժամանակ բան մը ըրին, որ կրնայ տրամաբանական չերեւիլ։ Անոնք Դիտարանի՝ Գաղաադի աստուածաշնչական քոլէճը (դպրոց) հիմնեցին, միսիոնարներ մարզելու համար, որպէսզի քարոզեն եւ սորվեցնեն աշխարհի չորս կողմը։ Անոնք ղրկուեցան նոյնիսկ երբ տակաւին պատերազմը կը շարունակուէր։ Ասկէ զատ, հաւատարիմ ծառան Աստուածպետական ծառայութեան դասընթացքը b հիմնեց, ժողովքի բոլոր անդամները մարզելու համար, որպէսզի աւելի լաւ քարոզիչներ եւ ուսուցիչներ ըլլան։ Այսպիսով, Աստուծոյ ժողովուրդը պատրաստուեցաւ ապագային տեղի ունենալիք քարոզչութեան համար։

13 Երբ ետեւ նայինք, յստակօրէն կրնանք տեսնել որ Եհովան իր ժողովուրդը այդ դժուար ժամանակներուն կ’առաջնորդէր։ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր, Եհովային ժողովուրդը որոշ չափով խաղաղ պայմաններու մէջ եւ ազատօրէն քարոզած է շատ մը երկիրներու մէջ, եւ ասոր համար, քարոզչութիւնը շատ լաւ արդիւնքներ տուած է։

14. Ինչո՞ւ կրնանք Եհովայի կազմակերպութենէն եւ նշանակուած երէցներէն եկած ուղղութեան վստահիլ (Յայտնութիւն 2։1) (տե՛ս նաեւ նկարը)։

14 Ներկայիս, Կառավարիչ մարմինի անդամները կը շարունակեն Քրիստոսի առաջնորդութիւնը փնտռել, քանի որ անոնք կ’ուզեն որ եղբայրներուն տրուած ուղղութիւնները Եհովային կամքին համաձայն ըլլան։ Անոնք շրջանային տեսուչներն ու երէցները կը գործածեն այս ուղղութիւնները ժողովքներուն հասցնելու համար c։ Օծեալ երէցները Քրիստոսի «աջ ձեռքին մէջ»ն են (կարդա՛ Յայտնութիւն 2։1)։ Անշուշտ, այս երէցները անկատար են եւ սխալներ կ’ընեն, ինչպէ՛ս որ Մովսէսը, Յեսուն եւ առաքեալները ատեններ սխալներ ըրին (Թւ. 20։12. Յես. 9։14, 15. Հռով. 3։23)։ Բայց եւ այնպէս, յստակօրէն կը տեսնենք որ Քրիստոս ուշադրութեամբ կ’առաջնորդէ հաւատարիմ ծառան եւ նշանակուած երէցները, եւ ան պիտի շարունակէ ասիկա ընել «ամէն օր. . . մինչեւ աշխարհիս վերջը» (Մատ. 28։20)։ Հետեւաբար, շատ պատճառներ ունինք վստահ ըլլալու համար, որ Եհովան առաջնորդութիւն առնող այս տղամարդիկը կը գործածէ մեզ առաջնորդելու համար։

Կառավարիչ մարմինը այսօր (տե՛ս պարբերութիւն 14)


ՄԵՆՔ Կ’ՕԳՏՈՒԻՆՔ ԵՐԲ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻՆՔ

15-16. Ի՞նչ կը սորվիս անոնցմէ, որոնք Եհովային առաջնորդութեան հետեւեցան։

15 Երբ միշտ Եհովային առաջնորդութեան կը հետեւինք, նոյնիսկ հիմա օրհնութիւններ կը վայելենք։ Օրինակ Էնտին եւ իր կինը Ռապընը, գործադրեցին հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային խրատը, որ իրենց կեանքը պարզացնեն։ Այսպիսով, անոնք կրցան կամաւորաբար օգնել աստուածպետական շինարարական ծրագիրներու մէջ։ Ռապընը կ’ըսէ. «Ատեններ կ’ապրէինք շատ պզտիկ սենեակի մը մէջ, ուր խոհանոց իսկ չկար։ Ես նոյնիսկ ստիպուեցայ նկարչութեան գործիքներս ծախել։ Ես նկարչութիւնը շատ կը սիրէի, եւ լացի, երբ ատոնք ծախեցի։ Բայց Աբրահամին կնոջ՝ Սառային պէս, միտքս դրած էի որ ետեւ պիտի չնայիմ, հապա՝ դէպի առջեւ» (Եբ. 11։15)։ Այս զոյգին որոշումները ի՞նչ օգուտներ բերին իրենց։ Ռապընը կ’ըսէ. «Մենք շատ ուրախ ենք, քանի որ գիտենք թէ մեր ամէն ունեցածը կու տանք Եհովային։ Երբ Եհովային տուած նշանակումներուն մէջ կը ծառայենք, գաղափար մը կը կազմենք, որ կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ նոր աշխարհին մէջ։ Էնտին կ’երկրորդէ. «Մենք ուրախ կը զգանք, քանի որ գիտենք թէ մեր ամբողջ ժամանակը եւ ուժը կու տանք Թագաւորութեան շահերուն համար»։

16 Ուրիշ ի՞նչ օգուտներ կը քաղենք, երբ միշտ Եհովային առաջնորդութեան կը հետեւինք։ Մարսիա անունով քրոջ մը օրինակը նկատի առ։ Երբ ան բարձրագոյն վարժարանը աւարտեց, շատ ուզեց գործադրել իրեն տրուած խրատը, որ է՝ ռահվիրայ ըլլալ (Մատ. 6։33. Հռով. 12։11)։ Ան կ’ըսէ. «Ես առիթը ունէի որ չորս տարի ձրի ուսանիմ համալսարանը։ Բայց ես ուզեցի լաւագոյնս տալ Եհովային։ Ասոր համար, արհեստ մը սորվեցայ, որպէսզի երբ ռահվիրայ ըլլամ, կարենամ ծախսերս հոգալ։ Ատիկա առած լաւագոյն որոշումներէս մէկն էր։ Հիմա ես շատ ուրախ եմ որ կանոնաւոր ռահվիրայ եմ, եւ քանի որ գործի ժամերս ես կը որոշեմ, ասիկա առիթ կու տայ որ Բեթէլին մէջ մասնակի ժամանակով օգնեմ, եւ ուրիշ յատուկ առանձնաշնորհումներ վայելեմ»։

17. Երբ շարունակենք Եհովային առաջնորդութեան հետեւիլ, ուրիշ ի՞նչ օրհնութիւններ կը վայելենք (Եսայի 48։17, 18

17 Երբեմն կազմակերպութենէն խրատներ կը ստանանք, որոնք մեզ կը պաշտպանեն։ Օրինակի համար, մեզի զգուշութիւն կը տրուի որ դրամասէր չըլլանք եւ չընենք բաներ, որոնք կ’առաջնորդեն որ Աստուծոյ օրէնքը կտրենք։ Այս մարզերուն մէջ շատ կ’օգտուինք, եթէ Եհովային առաջնորդութեան հետեւինք։ Մաքուր խիղճ կ’ունենանք եւ շատ մը խնդիրներէ հեռու կը մնանք (Ա. Տիմ. 6։9, 10)։ Այսպիսով, կրնանք ամբողջ սրտով Եհովային ծառայել։ Եւ չկայ բան մը, որ այսքան շատ ուրախութիւն, խաղաղութիւն եւ գոհունակութիւն կու տայ (կարդա՛ Եսայի 48։17, 18

18. Ինչո՞ւ վճռած ենք շարունակել Եհովային առաջնորդութեան հետեւիլ։

18 Անկասկած Եհովան պիտի շարունակէ մարդկային ներկայացուցիչներ գործածել մեզի ուղղութիւն տալու համար մեծ նեղութեան ընթացքին եւ մինչեւ Հազարամեայ իշխանութիւնը (Սաղ. 45։16)։ Արդեօք, հիմակուընէ մինչեւ այդ ատեն պիտի շարունակե՞նք ուղղութեան հետեւիլ, նոյնիսկ եթէ ուրիշ նախընտրութիւն մը ունինք։ Ասիկա դիւրին պիտի ըլլայ, եթէ հիմա իսկ Եհովային առաջնորդութեան հետեւինք։ Հետեւաբար, շարունակենք մի՛շտ Եհովային առաջնորդութեան հետեւիլ, մէջը ըլլալով՝ մեր վրայ նշանակուած տղամարդոց կողմէ տրուած ուղղութիւններուն (Եսա. 32։1, 2. Եբ. 13։17)։ Եւ մինչ ասիկա կ’ընենք, շատ պատճառներ ունինք մեր առաջնորդին՝ Եհովային վստահելու, որ մեզ հոգեւոր վտանգներէն կը պաշտպանէ եւ մեզ կը հասցնէ հո՛ն ուր կ’ուզենք հասնիլ, որ է՝ նոր աշխարհին մէջ յաւիտեան ապրիլ։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

  • Եհովան ինչպէ՞ս իսրայէլ ազգը առաջնորդեց։

  • Եհովան ինչպէ՞ս առաջին քրիստոնեաները առաջնորդեց։

  • Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք եթէ այսօր Եհովային առաջնորդութեան հետեւինք։

ԵՐԳ 48 Ամէն օր Եհովայի հետ քալենք

a Եհովան նաեւ հրեշտակ մը նշանակեց, որ ‘իսրայէլի բանակին առջեւէն գնաց’ եւ իսրայէլացիները առաջնորդեց դէպի Աւետեաց երկիր։ Յստակ է որ այդ հրեշտակը Միքայէլն է։ Միքայէլը Յիսուսին անունն է, երբ ան կը ծառայէ որպէս հրեշտակապետ (Ել. 14։19. 32։34

b Ատեն մը ետք, ատիկա կոչուեցաւ՝ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց։ Մեր օրերուն, ատիկա մաս կը կազմէ միջշաբաթային ժողովին։

c Տե՛ս «Կառավարիչ մարմինին դերը» տուփը, Դիտարան–ի փետրուար 2021 թիւին մէջ, էջ 18։