Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 6

ԵՐԳ 9 Փառաբանե՛նք Եհովան՝ մեր Աստուածը

«Օրհնեցէ՛ք Տէրոջը անունը»

«Օրհնեցէ՛ք Տէրոջը անունը»

«Օրհնեցէ՛ք, ո՛վ Տէրոջը ծառաներ, օրհնեցէ՛ք Տէրոջը անունը» (ՍԱՂ. 113։1

ՆԻՒԹ

Ցոյց տալ՝ թէ ի՛նչ պատճառներ կը ձգեն, որ Եհովային սուրբ անունը փառաբանենք ամէն առիթով։

1-2. Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել որ հասկնանք, թէ Եհովան ի՛նչ զգաց երբ իր մասին սուտեր ըսուեցան։

 ԱՍԻԿԱ երեւակայէ. քեզի մօտիկ եղող մէկը քու մասիդ գէշ բան մը կը խօսի։ Գիտես որ ըսածը սուտ է, բայց կարգ մը մարդիկ ատոր կը հաւատան։ Ասիկա չի բաւեր, անոնք կը սկսին այս սուտը տարածել եւ ուրիշներն ալ կը հաւատան ատոր։ Ի՞նչ կը զգաս։ Եթէ մարդոց կարծիքը եւ քու լաւ համբաւդ քեզի համար կարեւոր են, չե՞ս նեղանար երբ այս սուտը լսես (Առ. 22։1

2 Այս օրինակը կրնայ մեզի օգնել, որ հասկնանք թէ Եհովան ինչպէ՛ս զգաց, երբ իր մասին սուտեր խօսուեցան։ Իր հրեշտակներէն մէկը իր մասին սուտ խօսեցաւ առաջին կնոջ՝ Եւային, եւ ան հաւատաց այդ սուտին։ Եւ այդ սուտը պատճառ եղաւ, որ մեր առաջին ծնողքը Եհովային դէմ ըմբոստանայ։ Որուն հետեւանքով, մարդիկ մեղաւոր դարձան եւ սկսան մեռնիլ (Ծն. 3։1-6. Հռով. 5։12)։ Աշխարհի մէջ գտնուող բոլոր խնդիրները՝ մահերը, պատերազմներն ու չարչարանքները գոյութիւն ունին, քանի որ Սատանան Աստուծոյ մասին սուտեր սկսաւ տարածել Եդեմի պարտէզին մէջ։ Այս սուտերը եւ անոնց պատճառած խնդիրները վստահաբար Եհովային գէշ ազդեցին։ Բայց եւ այնպէս, Եհովան նեղացած եւ բարկացած չմնաց։ Ընդհակառակը, ան կը շարունակէ «ուրախ Աստուածը» մնալ (Ա. Տիմ. 1։11, ՆԱ

3. Մենք ի՞նչ առանձնաշնորհում ունինք։

3 Մենք առանձնաշնորհումը ունինք փաստելու, թէ ինչ որ Սատանան մեր Աստուծոյն մասին խօսած է, սուտ է։ Եւ ասիկա կ’ընենք հնազանդելով հետեւեալ պատուէրին. «Օրհնեցէ՛ք Տէրոջը անունը» (Սաղ. 113։1)։ Բայց ինչպէ՞ս կրնանք օրհնել Եհովային անունը։ Ասիկա կ’ընենք երբ իր մասին ճշմարտութիւնը կը խօսինք ուրիշներուն։ Դո՛ւն ալ պիտի օրհնե՞ս Եհովային անունը։ Նկատի առնենք թէ ի՛նչ երեք պատճառներ ունինք սրտանց օրհնելու մեր Աստուծոյն անունը։

ԵՐԲ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԱՆՈՒՆԸ ՕՐՀՆԵՆՔ, ԱՆ Կ’ՈՒՐԱԽԱՆԱՅ

4. Ինչո՞ւ համար Եհովան կ’ուրախանայ, երբ զինք օրհնենք. բացատրէ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

4 Երբ մեր երկնաւոր Հօր անունը օրհնենք, ան կ’ուրախանայ (Սաղ. 119։108)։ Բայց ասիկա կը նշանակէ՞, որ Ամենակալ Աստուածը անկատար մարդոց պէս կ’ուզէ, որ մարդիկ զինք օրհնեն կամ փառաբանեն քանի որ քաջալերութեան պէտք ունի։ Ո՛չ։ Նկատի առ օրինակ մը։ Պզտիկ աղջիկ մը իր հօրը քով կը վազէ եւ անոր վիզին փաթթուելով, կ’ըսէ. «Դուն աշխարհին մէջ ամէնէն աղուոր պապան ես»։ Հայրը կ’ուրախանայ եւ նոյնիսկ կը զգացուի իր աղջկան այս ըրածով։ Ինչո՞ւ։ Մեր մտքէն պէ՞տք է անցնի, թէ այս հայրը շատ պէտք ունէր որ իր աղջիկը զինք գովէր, կամ թէ նոյնիսկ ինք այդ գովասանքէն կախեալ էր։ Ո՛չ։ Հապա՝ մենք շատ լաւ գիտենք որ ինքնավստահ հայր մը կ’ուրախանայ, երբ կը տեսնէ իր աղջիկը սէր եւ գնահատութիւն ցոյց կու տայ, քանի որ գիտէ թէ այսպիսի յատկութիւններ իր աղջկան օգտակար պիտի ըլլան եւ զինք պիտի ուրախացնեն, երբ ան մեծնայ։ Նոյն պատճառներով ալ Եհովան, որ մեծագոյն Հայրն է, կ’ուրախանայ երբ զինք փառաբանենք։

Ճիշդ ինչպէս որ մարդկային հայր մը կ’ուրախանայ, երբ իր զաւակը իր սէրն ու գնահատանքը կ’արտայայտէ, Եհովան ալ կ’ուրախանայ, երբ իր անունը կ’օրհնենք (տե՛ս պարբերութիւն 4)


5. Երբ Աստուծոյ անունը օրհնենք, ի՞նչ բան կը փաստենք։

5 Երբ մեր երկնաւոր Հայրը կը փառաբանենք, կը փաստենք որ ամէն մէկուս մասին Սատանային ըսածները սուտ են։ Սատանան կ’ըսէ որ չկայ մարդ արարած մը, որ Աստուծոյ հաւատարիմ պիտի մնայ երբ փորձուի, հապա՝ Աստուծոյ դէմ պիտի ելլէ, եթէ ատոր մէջ շահ կայ իրեն (Յոբ 1։9-11. 2։4)։ Բայց հաւատարիմ Յոբը փաստեց, որ Սատանային ըսածը սուտ էր։ Դո՛ւն ալ հաւատարիմ պիտի մնա՞ս։ Մեզմէ ամէն մէկը կրնայ իր հաւատարմութեամբ մեր Հօր համբաւը պաշտպանել եւ զինք ուրախացնել (Առ. 27։11)։ Ասիկա մեզի համար մեծ պատիւ մըն է։

6. Ինչպէ՞ս կրնանք Դաւիթ թագաւորը եւ ղեւտացիները ընդօրինակել (Նէեմիա 9։5

6 Անոնք որոնք Եհովան կը սիրեն, կ’ուզեն իր անունը փառաբանել իրենց ամբողջ սրտով։ Դաւիթ թագաւոր գրեց. «Ո՛վ իմ անձս, օրհնէ՛ Տէրը ու այն ամէնը, որ իմ ներսիդիս է՝ անոր սուրբ անունը» (Սաղ. 103։1)։ Դաւիթ գիտէր, որ երբ Եհովային անունը օրհնենք, ասիկա հաւասար է՝ Եհովան օրհնելուն։ Եհովային անունը կապ ունի իր համբաւին հետ, այսինքն՝ այդ անունը մեր միտքը կը բերէ իր բոլոր գեղեցիկ յատկութիւնները եւ հոյակապ գործերը։ Դաւիթ ուզեց իր Հօր անունը սուրբ նկատել եւ զայն փառաբանել։ Ան կ’ուզէր ասիկա ընել ‘այն ամէնով որ իր ներսիդին է’, այսինքն՝ ամբողջ սրտով։ Նոյնն էր պարագան ղեւտացիներուն, որոնք Եհովան օրհնելուն մէջ առաջնորդութիւնը առին։ Անոնք խոնարհաբար ընդունեցին, որ իրենց խօսքերը բաւարար չէին օրհնելու համար Աստուծոյ սուրբ անունը (կարդա՛ Նէեմիա 9։5)։ Անկասկած այս խոնարհ եւ սրտանց ներկայացուած օրհնութեան խօսքերը Եհովային սիրտը ուրախացուցին։

7. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովան փառաբանել ծառայութեան մէջ եւ մեր առօրեայ կեանքին մէջ։

7 Մեր օրերուն, Եհովան կ’ուրախացնենք՝ իր մասին խօսելով ջերմութեամբ, գնահատանքով եւ սիրով։ Երբ ծառայութեան մէջ ենք, մեր միտքը կը պահենք, որ մեր բուն նպատակն է մարդիկը Եհովային մօտեցնել եւ անոնց օգնել, որ մեզի պէս իրենք ալ Եհովան սիրալիր հայր մը նկատեն (Յակ. 4։8)։ Մենք մարդոց հաճոյքով Սուրբ Գիրքէն ցոյց կու տանք որ Եհովան ունի գեղեցիկ յատկութիւններ։ Օրինակ՝ սէր, արդարութիւն, իմաստութիւն ու զօրութիւն։ Ասկէ զատ, մենք Եհովան կը փառաբանենք եւ կ’ուրախացնենք, երբ մեր լաւագոյնը կ’ընենք որ իրեն նմանինք (Եփ. 5։1)։ Ասանկով, մարդիկ կը տեսնեն որ մենք շատ տարբեր ենք այս աշխարհին մէջ եղող միւս մարդոցմէն եւ թերեւս հարց կու տան թէ ինչո՛ւ (Մատ. 5։14-16)։ Իսկ երբ մեր առօրեայ կեանքին մէջ անոնց հետ գործ ունենանք, թերեւս առիթը ըլլայ որ անոնց բացատրենք, թէ մենք ինչո՛ւ տարբեր ենք։ Ասիկա անկեղծ մարդիկը մեր Աստուծոյն կը մօտեցնէ։ Երբ այս կերպերով Եհովան փառաբանենք, իր սիրտը կ’ուրախացնենք (Ա. Տիմ. 2։3, 4

ԵՐԲ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԱՆՈՒՆԸ ՕՐՀՆԵՆՔ, ՅԻՍՈՒՍ Կ’ՈՒՐԱԽԱՆԱՅ

8. Ինչո՞ւ համար Յիսուս Եհովային անունը օրհնելու մէջ լաւագոյն օրինակն է։

8 Չկայ մէկը երկնքի մէջ կամ երկրի վրայ, որ Եհովան կը ճանչնայ Յիսուսէն աւելի (Մատ. 11։27)։ Յիսուս կը սիրէ իր Հայրը եւ Եհովային անունը օրհնելու մէջ լաւագոյն օրինակն է (Յովհ. 14։31)։ Իր մահուան նախորդող գիշերը, Յիսուս աղօթքի մը մէջ նկարագրեց, թէ ի՛նչն էր ամէնէն կարեւոր բանը, որ իր ծառայութեան ընթացքին ըրած էր։ Ան ըսաւ. ‘Քու անունդ ճանչցուցի’ (Յովհ. 17։26)։ Ան ի՞նչ ըսել ուզեց։

9. Յիսուս ո՞ր առակով յստակօրէն բացատրեց, որ Եհովան ինչպիսի՞ Հայր մըն է։

9 Յիսուս պարզապէս մարդոց չըսաւ, որ Աստուծոյ անունը Եհովա է։ Հրեաները արդէն գիտէի՛ն Աստուծոյ անունը։ Յիսուս աւելի՛ն ըրաւ։ Ան «բացատրեց անոր [Աստուծոյ] մասին» (Յովհ. 1։17, 18, ՆԱ)։ Օրինակ, հրեաները Եբրայերէն Գրութիւններէն գիտէին, որ Եհովան ողորմութիւն ու կարեկցութիւն ունի (Ել. 34։5-7)։ Բայց Յիսուս այս յատկութիւնները անոնց շատ յստակ դարձուց անառակ որդիին առակով։ Երբ առակին մէջ կը կարդանք, որ հայրը իր զղջացած տղան կը տեսնէ ‘մինչ ան շատ հեռու էր’, անոր քով կը վազէ, անոր կը փաթթուի եւ սրտանց կը ներէ, այն ատեն շատ աւելի լաւ կը հասկնանք որ Եհովան որքա՜ն ողորմած ու կարեկից է (Ղուկ. 15։11-32)։ Այս կերպերով Յիսուս ուրիշներուն օգնեց, որ հասկնան, թէ Եհովան ինչպիսի՛ Աստուած մըն է։

10. ա) Ինչպէ՞ս գիտենք որ Յիսուս իր Հօր անձնական անունը գործածեց (Մարկոս 5։19) (տե՛ս նաեւ նկարը)։ բ) Յիսուս ի՞նչ կ’ուզէ որ ընենք։

10 Արդեօք Յիսուս կ’ուզէ՞ր որ ուրիշներ ալ իր Հօր անձնական անունը գործածեն։ Վստահաբար։ Կարգ մը ծայրայեղ կրօնական առաջնորդներ, այդ ատեն կը հաւատային թէ Աստուծոյ անունը գործածելը յարգանք ցոյց չէր տար։ Բայց Յիսուս չձգեց որ սուրբգրային չեղող այս աւանդութիւնները պատճառ ըլլան, որ իր Հօր անունը չօրհնէ։ Նկատի առ այն դէպքը, որ տեղի ունեցաւ գերասացիներու շրջանին մէջ, ուր Յիսուս դիւահար մարդ մը բուժեց։ Սկիզբը մարդիկ վախցան եւ Յիսուսէն խնդրեցին որ շրջանէն հեռանայ, եւ ան ալ հեռացաւ (Մար. 5։16, 17)։ Բայց Յիսուս ուզեց որ այդ շրջանին մէջ Եհովային անունը ճանչցուի։ Ատոր համար, իր բուժած մարդուն ըսաւ, որ երթայ մարդոց պատմէ ոչ թէ ի՛նք ինչ ըրաւ, հապա Եհովա՛ն ինչ ըրաւ իրեն (կարդա՛ Մարկոս 5։19) a։ Յիսուս կ’ուզէ որ մենք ալ նոյնը ընենք. ամբողջ աշխարհի մէջ իր Հօր անունը ճանչցնենք (Մատ. 24։14. 28։19, 20)։ Երբ ասիկա ընենք, մեր Թագաւոր Յիսուսը պիտի ուրախացնենք։

Յիսուս մարդու մը մէջէն դեւեր հանելէ ետք, իրեն ըսաւ որ ուրիշներուն պատմէ որ Եհովա՛ն իրեն ինչպէս օրհնեց (տե՛ս պարբերութիւն 10)


11. Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ ի՞նչ բանի մասին աղօթեն, եւ ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր է (Եզեկիէլ 36։23

11 Յիսուս գիտէր որ Եհովային նպատակն է իր անունը սրբացնել, այսինքն՝ Աստուծոյ մասին Սատանային ըսածները սուտ հանել։ Ասոր համար, Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ աղօթեն. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ» (Մատ. 6։9)։ Յիսուս գիտէր որ տիեզերքին մէջ ամէն մէկ արարած դեր ունի Եհովային անուան սրբացման մէջ (կարդա՛ Եզեկիէլ 36։23)։ Բայց չկայ արարած մը, որ Եհովային անունը սրբացուցած է ա՛յնքան, որքան Յիսուս ըրաւ։ Բայց ցաւօք սրտի, Յիսուսին թշնամիները զինք ամբաստանեցին, որ ինք Աստուծոյ հայհոյած էր։ Մինչ Յիսուսին համար, Աստուծոյ հայհոյելը, այսինքն՝ անոր անունը անարգելը ամէնէն գէշ մեղքն էր, եւ ասոր համար ալ, ան շատ նեղացաւ։ Եւ թերեւս ասիկա էր պատճառը, որ ան սաստիկ նեղութեան մէջ էր, իր ձերբակալութենէն քանի մը ժամ առաջ (Ղուկ. 22։41-44

12. Յիսուս իր Հօր անունը սրբացնելու համար ո՞ր աստիճան տոկաց։

12 Իր Հօր անունը սրբացնելու համար, Յիսուս ամէն տեսակ չարչարանքի, նախատինքի եւ զրպարտութեան տոկաց։ Ան գիտէր որ ամէն բանի մէջ իր Հօր հնազանդած էր, եւ ճակատը բաց էր (Եբ. 12։2)։ Ան նաեւ գիտէր որ իր այս դժուար ժամանակներուն, Սատանան ուղղակիօրէն իր վրայ յարձակում կը գործէր (Ղուկ. 22։2-4. 23։33, 34)։ Վստահաբար, Սատանային նպատակն էր, որ Յիսուսը անհաւատարիմ դարձնէ, բայց ան մեծապէս ձախողեցաւ։ Յիսուս փաստեց թէ Սատանան մեծ ստախօս մըն է, եւ թէ Եհովան ունի հաւատարիմ ծառաներ, որոնք իրենց հաւատարմութիւնը կը պահեն ամենագէշ փորձութիւններուն ներքեւ։

13. Ինչպէ՞ս կրնաս Թագաւորդ ուրախացնել։

13 Դուն ալ կ’ուզե՞ս Թագաւորդ ուրախացնել։ Եթէ այո՛, ուրեմն շարունակէ Եհովային անունը օրհնել, ուրիշներուն օգնելով որ Աստուծոյ հիանալի յատկութիւնները գիտնան։ Այսպիսով, Յիսուսին քայլերուն հետեւած պիտի ըլլաս (Ա. Պետ. 2։21)։ Յիսուսին պէս, դուն ալ Եհովային սիրտը պիտի ուրախացնես եւ պիտի փաստես որ Իր թշնամին՝ Սատանան անամօթ ստախօս մըն է։

ԵՐԲ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԱՆՈՒՆԸ ՕՐՀՆԵՆՔ, ԿԵԱՆՔԵՐ ԿԸ ՓՐԿԵՆՔ

14-15. Երբ մարդոց Եհովային մասին սորվեցնենք, ի՞նչ հոյակապ արդիւնքներ կը տեսնենք։

14 Երբ Եհովային անունը օրհնենք, մարդոց կ’օգնենք որ փրկուին։ Ինչպէ՞ս։ Բ. Կորնթացիս 4։4–ը կ’ըսէ որ Սատանան «անհաւատներուն մտքերը կուրցուց», եւ այս պատճառաւ, անոնք հետեւեալին նման սատանայական սուտերու կը հաւատան. օրինակ՝ Աստուած գոյութիւն չունի, ան մեզմէ հեռու է, ան մարդոցմով հետաքրքրուած չէ, անգութ է, չարերը յաւիտեան կը չարչարէ։ Այսպիսի սուտեր միայն մէկ նպատակի կը ծառայեն. Եհովային անունը եւ համբաւը գետին զարնել, եւ պատճառ կ’ըլլան որ մարդիկ չուզեն Եհովային մօտենալ։ Բայց մեր քարոզչութիւնը կրնայ Սատանային նպատակը ձախողեցնել։ Քանի որ երբ մարդոց մեր Հօր մասին ճշմարտութիւնը կը սորվեցնենք, մեր Աստուծոյն սուրբ անունը կը փառաբանենք։ Ասոր արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։

15 Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնները շատ մեծ ազդեցութիւն կ’ունենան մարդոց վրայ։ Երբ մարդոց սորվեցնենք Եհովային եւ իր յատկութիւններուն մասին, շա՜տ հիանալի բան մը կը պատահի։ Անոնց աչքերը կը բացուին, այլեւս Սատանային սուտերուն չեն հաւատար եւ մեր սիրալիր Հօր գեղեցիկ յատկութիւնները կը տեսնեն։ Օրինակ՝ Աստուծոյ անսահման զօրութիւնը զանոնք շատ կը տպաւորէ (Եսա. 40։26)։ Աստուծոյ կատարեալ արդարութիւնը զանոնք կը հանգստացնէ (Բ. Օր. 32։4)։ Աստուծոյ խոր իմաստութիւնը զանոնք կը լուսաբանէ (Եսա. 55։9. Հռով. 11։33)։ Իսկ Աստուծոյ սէրը զանոնք շա՜տ կը մխիթարէ (Ա. Յովհ. 4։8)։ Մինչ անոնք Եհովային կը մօտենան, ա՛լ աւելի յոյս կ’ունենան որ յաւիտեան պիտի ապրին որպէս իր զաւակները։ Մեզի համար ի՜նչ մեծ պատիւ է մարդոց օգնել, որ իրենց Հօր մօտենան։ Երբ ասիկա ընենք, Եհովան մեզ իր «գործակից»ները կը նկատէ (Ա. Կոր. 3։5, 9

16. Ոմանք ինչպէ՞ս կ’ազդուին, երբ Աստուծոյ անունը գիտնան. օրինակներ տուր։

16 Սկիզբը թերեւս մարդոց միայն սորվեցնենք որ Աստուծոյ անունը Եհովա է։ Ասիկա ինքնին կրնայ պարկեշտ մարդոց կեանքը փոխել։ Օրինակի համար, Ալիա b անունով երիտասարդուհի մը մեծցած էր այլազգ ընտանիքի մը մէջ։ Բայց ան իր կրօնքէն դժգոհ էր եւ Աստուծոյ մօտիկ չէր զգար։ Ասիկա փոխուեցաւ, երբ ան սկսաւ Վկաներուն հետ Սուրբ Գիրքը սերտել։ Ալիան սկսաւ Աստուած նկատել որպէս իր Բարեկամը, եւ ան զարմացաւ գիտնալով որ Աստուած անուն մը ունի, որ շատ մը Աստուածաշունչերու մէջէն վերցուած էր եւ փոխարինուած՝ «Տէր» տիտղոսով։ Եհովային անունը գիտնալը Ալիային կեանքը փոխեց։ Ան կ’ըսէ. «Իմ լաւագոյն ընկերս, անուն մը ունի։ Հիմա շա՜տ աւելի խաղաղ կը զգամ։ Եւ ինծի համար պատիւ է Աստուծոյ անունը գիտնալը»։ Սթիւ անունով երաժիշտ մը, որուն ծնողքը հրեայ է, կազմակերպուած կրօնքներէն հեռացաւ, քանի որ կը զգար թէ հոն կեղծաւորութիւն կայ։ Բայց իր մօրը մահէն ետք, անգամ մը երբ Եհովայի վկաները մէկու մը հետ Սուրբ Գիրքը կը սերտէին, պատահեցաւ որ ինք ալ ներկայ էր, եւ հոն, երբ Եհովային անունը գիտցաւ, շատ ազդուեցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Բնա՛ւ չէի լսած որ Աստուած անուն մը ունի»։ Առաջին անգամ ըլլալով, հասկցայ որ Աստուած իրական անձ մըն է, եւ այդ վայրկեանին զգացի որ Բարեկամ մը գտած եմ»։

17. Ինչո՞ւ կ’ուզես անպայման շարունակել Եհովային անունը օրհնել (տե՛ս նաեւ նկարը)։

17 Երբ մարդոց կը քարոզես եւ Սուրբ Գիրքը կը սորվեցնես, անոնց կ’ըսե՞ս որ Աստուծոյ սուրբ անունը Եհովա է։ Անոնց կ’օգնե՞ս որ գիտնան թէ Եհովան ի՞նչ յատկութիւններ ունի։ Եթէ այո՛, ուրեմն դուն Աստուծոյ անունը կ’օրհնես։ Հետեւաբար, շարունակէ Եհովային սուրբ անունը օրհնել՝ մարդոց օգնելով որ գիտնան թէ Եհովան ինչպիսի՛ մէկն է։ Այս ընելով, մարդոց կեանքը պիտի փրկես, Թագաւորիդ՝ Յիսուս Քրիստոսին հետեւած պիտի ըլլաս եւ ամէնէն կարեւորը՝ քու սիրալիր Հայրդ Եհովան պիտի ուրախացնես։ Կը յուսանք, որ Եհովային ‘անունը յաւիտեանս յաւիտենից գովես’ (Սաղ. 145։2

Մենք Եհովային անունը կ’օրհնենք՝ մարդոց սորվեցնելով իր անունը եւ յատկութիւնները (տե՛ս պարբերութիւն 17)

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՆՈՒՆԸ ՕՐՀՆԵԼԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս՝

  • Եհովան կ’ուրախացնէ։

  • Յիսուս Քրիստոսը կ’ուրախացնէ։

  • մարդոց կեանքը կը փրկէ։

ԵՐԳ 138 Անունդ Եհովա է

a Կարգ մը համոզիչ պատճառներով կրնանք ըսել, որ Մարկոս այս համարին մէջ Աստուծոյ անունը գործածեց։ Ասոր համար, Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութեան մէջ, հոս Աստուծոյ անունը կը գործածուի։

b Անունները փոխուած են։