Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աշխարհը չարչարանքով ու տառապանքով լեցուն է, բայց պատճառը Աստուա՞ծն է

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ

Աստուած չարչարանք կը պատճառէ՞։

Ի՞նչ կ’ըսես

  • Այո

  • Ոչ

  • Թերեւս

Աստուածաշունչը կ’ըսէ

«Քա՜ւ լիցի որ Աստուծոյ քով՝ չարութիւն ու Ամենակարողին քով անօրէնութիւն ըլլայ» (Յոբ 34։10)։ Աստուած բնա՛ւ չի պատճառեր գէշութիւններն ու չարչարանքները։

Աստուածաշունչէն այլ կէտեր

  • Բանսարկու Սատանան՝ «այս աշխարհին իշխանը», չարչարանքին ու տառապանքին բուն պատճառն է (Յովհաննէս 14։30

  • Նաեւ մարդոց սխալ ընտրութիւնները կրնան նեղութիւն ու չարիք պատճառել (Յակոբոս 1։14, 15

Պիտի գա՞յ օր մը որ չարչարանք չըլլայ։

Ոմանք կը հաւատան թէ մարդիկ ձեռք ձեռքի տալով կրնան չարչարանքին վերջ դնել, իսկ ուրիշներ յոյս չունին որ աշխարհին վիճակը մեծապէս լաւանայ։ Դո՛ւն ի՞նչ կը կարծես։

Աստուածաշունչը կ’ըսէ

Աստուած չարչարանքն ու տառապանքը մէջտեղէն պիտի վերցնէ։ «Ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ» (Յայտնութիւն 21։3, 4

Աստուածաշունչէն այլ կէտեր

  • Աստուած Սատանային պատճառած չարչարանքին վերջ պիտի դնէ Յիսուսին միջոցաւ (Ա. Յովհաննէս 3։8

  • Բարի մարդիկը երկրի վրայ խաղաղութեամբ պիտի ապրին յաւիտեան (Սաղմոս 37։9-11, 29