Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ԱՒԵԼԻ ՕԳՏՈՒԻԼ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԷՆ

Ինչպէ՞ս կրնամ սկսիլ

Ինչպէ՞ս կրնամ սկսիլ

Ի՞նչը քեզի պիտի օգնէ որ Սուրբ Գիրքը կարդալէն հաճոյք առնես եւ լաւագոյն կերպով օգտուիս։ Նկատի առ այս հինգ քայլերը, որ շատերու օգնած են։

Լաւ միջավայր մը ստեղծէ։ Փորձէ հանդարտ տեղ մը գտնել։ Խանգարող բաները հեռու պահէ որպէսզի կարենաս կեդրոնանալ։ Եթէ բաւարար լոյս եւ մաքուր օդ կայ, ասիկա քեզի կ’օգնէ որ լաւագոյն կերպով օգտուիս կարդացածէդ։

Ճիշդ կեցուածքով կարդա՛։ Սուրբ Գիրքը մեր երկնաւոր Հօր կողմէն է։ Ուրեմն, եթէ կարդաս այն կեցուածքով որ պզտիկ մը կ’ունենայ երբ պատրաստ կ’ըլլայ իր սիրալիր հօրմէն սորվելու, այն ատեն ամէնէն շատ պիտի օգտուիս։ Եթէ որեւէ գէշ կարծիք կազմած ես Սուրբ Գիրքին մասին առաջ որ զայն կարդաս, փորձէ զայն մէկ կողմ դնել, որպէսզի Աստուած կարենայ քեզի սորվեցնել (Սաղմոս 25։4

Առաջ որ կարդաս, աղօթէ՛։ Սուրբ Գիրքին մէջ գրուած են Աստուծոյ խօսքերը։ Ուրեմն, հասկնալու համար իր օգնութեան պէտք ունինք։ Ան կը խոստանայ որ «Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն» (Ղուկաս 11։13)։ Սուրբ հոգին քեզի կ’օգնէ որ Աստուծոյ մտածելակերպը հասկնաս։ Ժամանակի ընթացքին, ատիկա քեզի պիտի օգնէ որ նոյնիսկ «Աստուծոյ խորունկ բաները» հասկնաս (Ա. Կորնթացիս 2։10

Հասկնալու նպատակով կարդա՛։ Կարդալու սիրոյն մի՛ կարդար։ Կարդացածիդ մասին մտածէ։ Դուն քեզի այսպիսի հարցումներ հարցուր. ‘Այս անձը որուն մասին կը կարդամ, ի՞նչ յատկութիւններ ունի։ Ինչպէ՞ս կրնամ ասիկա գործադրել կեանքիս մէջ’։

Մասնայատուկ նպատակակէտեր դի՛ր։ Որպէսզի օգտուիս կարդալէն, նպատակդ թող ըլլայ՝ բան մը սորվիլ որ կեանքդ աւելի լաւ պիտի դարձնէ։ Կրնաս այսպիսի նպատակակէտեր դնել. ‘Կ’ուզեմ Աստուծոյ մասին աւելին գիտնալ’, ‘Կ’ուզեմ աւելի լաւ անձ մը, ամուսին մը կամ կին մը ըլլալ’։ Ետքը կարդա՛ Սուրբ Գիրքին այն մասերը որ քեզի պիտի օգնեն նպատակակէտերուդ հասնելու *։

Այս հինգ քայլերը քեզի պիտի օգնեն որ սկսիս կարդալ։ Բայց ինչպէ՞ս կրնաս կարդալդ աւելի հետաքրքրական դարձնել։ Յաջորդ յօդուածը պիտի խօսի ասոր մասին։

^ պարբ. 8 Եթէ չես գիտեր թէ Սուրբ Գիրքին ո՛ր մասերը ամէնէն յարմարն են որ դրած նպատակակէտերուդ հասնիս, Եհովայի վկաները ամենայն ուրախութեամբ քեզի կրնան օգնել։