Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Պարզապէս պզտիկ սխալ հասկացողութի՞ւն մըն է

Պարզապէս պզտիկ սխալ հասկացողութի՞ւն մըն է

Պզտիկ աղջիկ մը տեսաւ թէ գործարանի ծխահանէն ծուխ կ’ելլէ եւ աստիճանաբար ամպի ձեւ կ’առնէ։ Ան կարծեց թէ գործարանին նպատակն է՝ ամպեր շինել։ Երեխայի մը կողմէ այսպիսի պզտիկ սխալ հասկացողութիւն մը կրնայ խնդուք պատճառել։ Բայց մեծ սխալ հասկացողութիւն մը կրնայ մեր կեանքին ազդել։ Օրինակ՝ դեղին վրայ գրուածը սխալ կարդալը կրնայ լուրջ խնդիրներու դուռ բանալ։

Հոգեւոր բաներու մասին սխալ հասկացողութիւնները ա՛լ աւելի լուրջ կրնան ըլլալ։ Օրինակ՝ կարգ մը մարդիկ սխալ հասկցան Յիսուսին որոշ մէկ ուսուցումը (Յովհաննէս 6։48-69)։ Փոխանակ ա՛լ աւելի սորվելու, անոնք Յիսուսին բոլոր սորվեցուցածները մերժեցին։ Անոնք որքա՜ն տուժեցին։

Ուղղութիւն առնելու համար Սուրբ Գիրքը կը կարդա՞ս։ Գովելի ես։ Բայց արդեօք վտանգ կա՞յ որ սխալ հասկնաս բան մը որ կարդացած ես։ Ասիկա շատերու հետ կը պատահի։ Նկատի առ երեք սխալ հասկացողութիւններ։

  • Ոմանք սխալ կը հասկնան Սուրբ Գիրքի սա պատուէրը. «Աստուծմէ վախցի՛ր»։ Անոնք կը կարծեն որ պէտք է Աստուծմէ դողդողան (Ժողովող 12։13)։ Բայց Աստուած չ’ուզեր որ զինք պաշտողները այդպէս զգան։ Ան կ’ըսէ. «Մի՛ վախնար, քանզի ես հիմա քեզի հետ եմ. մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ. քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ» (Եսայի 41։10)։ Աստուծմէ վախնալ պարզապէս կը նշանակէ՝ զինք խորապէս յարգել։

  • Երկիրը կրակով պիտի այրի՞

    Կարգ մը մարդիկ սխալ կը հասկնան հետեւեալ խօսքը. «Ամէն բանի ատենը կայ. . . Ծնանելու ժամանակ եւ մեռնելու ժամանակ»։ Անոնք կ’եզրակացնեն թէ Աստուած որոշած է իւրաքանչիւր մարդու մահուան ճիշդ ժամանակը (Ժողովող 3։1, 2)։ Բայց այս խօսքը պարզապէս կեանքի շրջանին մասին կը խօսի եւ կը նշէ թէ բոլորս ի վերջոյ պիտի մեռնինք։ Աստուծոյ Խօսքը նաեւ կը սորվեցնէ, թէ մեր որոշումները կրնան ազդել մեր կեանքի տեւողութեան։ Օրինակ, Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Տէրոջը վախը օրեր կ’աւելցնէ» (Առակաց 10։27. Սաղմոս 90։10. Եսայի 55։3)։ Ինչպէ՞ս։ Օրինակ, Աստուծոյ Խօսքը յարգելով հեռու կը մնանք առողջութեան վնասող սովորութիւններէ, ինչպէս՝ գինովնալ եւ անբարոյութիւն (Ա. Կորնթացիս 6։9, 10

  • Ոմանք բառացի կը հասկնան Սուրբ Գիրքին ըսածը, որ ‘երկինք ու երկիր պահուած են կրակի համար’, եւ կը կարծեն թէ Աստուած այս մոլորակը պիտի կործանէ (Բ. Պետրոս 3։7)։ Բայց Աստուած կը խոստանայ որ բնա՛ւ պիտի չձգէ որ երկրագունդը կործանի։ Ան «հաստատեց երկիրը իր հիմերուն վրայ, որպէս զի յաւիտեանս յաւիտենից չխախտի» (Սաղմոս 104։5. Եսայի 45։18)։ Ոչ թէ բառացի մոլորակը, այլ այս չար աշխարհն է որ վերջնականապէս վերջ պիտի գտնէ, կարծես թէ կրակով կործանուելով։ Իսկ երբ երկինք բառը բառացի է, ատիկա կրնայ ակնարկել օդին, աստղազարդ տիեզերքին կամ Աստուծոյ բնակութեան տեղին։ Ասոնցմէ ո՛չ մէկը պիտի կործանի։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՏԵՆՆԵՐ ՍԽԱԼ ԿԸ ՀԱՍԿՑՈՒԻ

Ինչպէս որ այս օրինակներուն մէջ կը տեսնես, շատ անգամ մարդիկ Սուրբ Գիրքին մէջ իրենց կարդացածը սխալ կը հասկնան։ Բայց Աստուած ինչո՞ւ թոյլ կու տայ որ ասիկա պատահի։ Ոմանք թերեւս մտածեն. ‘Եթէ Աստուած ամէնէն իմաստունը եւ ամէնէն գիտունն է, ինչո՞ւ մեզի չտուաւ գիրք մը որ այնքա՛ն յստակ է, որ բոլորը կրնան դիւրութեամբ հասկնալ’։ Նկատի առ Սուրբ Գիրքը սխալ հասկնալու երեք պատճառներ։

  1. Սուրբ Գիրքը այնպէս մը գրուած է, որ միայն խոնարհները եւ սորվելու պատրաստ եղողները հասկնան զայն։ Յիսուս իր Հօր ըսաւ. «Շնորհակալ եմ քեզմէ, ո՛վ Հայր, Տէր երկնի եւ երկրի, որ այս բաները ծածուկ պահեցիր իմաստուններէն եւ գիտուններէն ու տղոց յայտնեցիր» (Ղուկաս 10։21)։ Սուրբ Գիրքը այնպէս մը գրուած է, որ միայն ճիշդ կեցուածք ունեցողները կրնան անոր պատգամը ըմբռնել։ Անոնք որոնք հպարտ են,– ինչ որ ընդհանրապէս կը զատորոշէ ‘իմաստուններն ու գիտունները’,– յաճախ սխալ կը հասկնան Սուրբ Գիրքը։ Բայց անոնք որոնք Սուրբ Գիրքը կը կարդան «տղոց» պէս, այսինքն՝ հեզ ըլլալով եւ սորվելու ախորժակ ունենալով, աւելի կը հասկնան Աստուծոյ ըսածը։ Աստուած ի՜նչ վարպետութեամբ ծրագրած է իր Խօսքը՝ Սուրբ Գիրքը։

  2. Սուրբ Գիրքը ուղղուած է այն անհատներուն, որոնք անկեղծօրէն Աստուծոյ օգնութիւնը կը խնդրեն որ զայն հասկնան։ Յիսուս ցուցուց թէ մարդիկ օգնութեան պէտք պիտի ունենային որ լման հասկնային իր սորվեցուցածները։ Լաւ, օգնութիւնը ուրկէ՞ պիտի գար։ Յիսուս բացատրեց. «Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին՝ որ Հայրս իմ անունովս պիտի ղրկէ, անիկա ձեզի բոլորը պիտի սորվեցնէ» (Յովհաննէս 14։26)։ Ուրեմն, Աստուած իր սուրբ հոգին կու տայ, որ իր գործօն ուժն է, որպէսզի մարդոց օգնէ Սուրբ Գիրքը հասկնալու։ Սակայն ան սուրբ հոգին չի տար անոնց որ իր օգնութիւնը չեն փնտռեր, եւ այս պատճառով անոնք յաճախ անհասկնալի կը գտնեն Սուրբ Գիրքը։ Սուրբ հոգին նաեւ աւելի գիտութիւն ունեցող քրիստոնեաները կը մղէ, որ օգնեն անոնց որ կ’ուզեն աւելի հասկնալ (Գործք 8։26-35

  3. Մարդիկ Սուրբ Գիրքին կարգ մը հատուածները կրնան հասկնալ միայն պատմութեան որոշ մէկ հանգրուանին։ Օրինակ, Դանիէլ մարգարէէն խնդրուեցաւ որ ապագային մասին պատգամ մը գրէ։ Հրեշտակը իրեն ըսաւ. «Ո՛վ Դանիէլ, այս խօսքերը գոցէ ու գիրքը կնքէ մինչեւ վերջին ժամանակը»։ Դարերու ընթացքին, շատեր Դանիէլ գիրքը կարդացին առանց զայն իսկապէս հասկնալու։ Իրականութեան մէջ, նոյնիսկ Դանիէլ չհասկցաւ իր գրածներուն մէկ մասը։ Ան խոնարհաբար խոստովանեցաւ. «Ես լսեցի, բայց չհասկցայ»։ Ի վերջոյ, մարդիկ ճշգրտութեամբ պիտի հասկնային Դանիէլի գրած մարգարէութիւնը, բայց միայն Աստուծոյ որոշած ժամանակին։ Հրեշտակը բացատրեց. «Գնա՛, ո՛վ Դանիէլ, քանզի այս խօսքերը մինչեւ վերջին ժամանակը գոցուած ու կնքուած են»։ Ո՞վ պիտի հասկնայ Աստուծոյ ըսածները։ «Բնաւ ամբարիշտ մը պիտի չհասկնայ, հապա իմաստունները պիտի հասկնան» (Դանիէլ 12։4, 8-10)։ Ուրեմն, Աստուած Սուրբ Գիրքի կարգ մը հատուածներու իմաստը չի յայտներ մինչեւ որ յարմար ժամանակը գայ։

Եհովայի վկաներն ալ ժամանակի պատճառով սխալ հասկցա՞ծ են Սուրբ Գիրքը։ Այո՛։ Բայց երբ Աստուծոյ որոշած ժամանակը հասաւ որ հարցերը յստակացնէ, Վկաները իսկոյն ճշդեցին իրենց հասկացողութիւնը։ Անոնք համոզուած են որ այսպիսով կը նմանին Քրիստոսի առաքեալներուն, որոնք խոնարհաբար կը ճշդէին իրենց մտածելակերպը երբոր Յիսուս զիրենք սրբագրէր (Գործք 1։6, 7

Երբ պզտիկ աղջիկը երեւակայական գաղափարներ ունեցաւ, թէ ամպերը ինչպէ՛ս կը շինուին, ասիկա պարզապէս պզտիկ սխալ հասկացողութիւն մըն էր։ Սակայն Սուրբ Գիրքին սորվեցուցածները շատ կարեւոր են քեզի համար։ Անոր պատգամը այնքան կարեւոր է, որ մէկը պէտք չէ փորձէ իր անձնական ջանքով հասկնալ զայն։ Ասոր համար, օգնութիւն խնդրէ որ կարդացածդ հասկնաս։ Գտիր այն անձերը որոնք խոնարհաբար կը սերտեն Սուրբ Գիրքը, սուրբ հոգին կը խնդրեն որ հասկնան զայն, եւ համոզուած են թէ կ’ապրինք ժամանակի մը մէջ, երբ Աստուած որեւէ ժամանակէ աւելի կ’ուզէ որ Սուրբ Գիրքը հասկնանք։ Մի՛ քաշուիր Եհովայի վկաներուն հետ խօսելէ կամ www.ps8318.com/hy-latn կայքին մէջ անոնց բծախնդիր պրպտումները կարդալէ։ Սուրբ Գիրքը կը խոստանայ. «Եթէ դուն իմաստութիւնը քեզի կանչես. . . Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի գտնես» (Առակաց 2։3-5